ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունիս 21ին նամակ մը յղուած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առեւտրական հարցերու ներկայացուցիչ Ռան Քըրքին. նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Ուաշինկթընի իշխանութեանց, որ յարգեն Հայաստանի հետ առեւտրական կապերը սերտացնելու նպատակով նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած նախընտրական խոստումները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի հեղինակած նամակին մէջ կը շեշտուի յատկապէս Առեւտուրի եւ ներդրումի համակարգի համաձայնութիւն մը գոյացնելու կարեւորութիւնը, որ մեծապէս պիտի դիւրացնէ առեւտրական կապերը ընդարձակելու աշխատանքները:
Այս կապակցութեամբ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ քոնկրեսականներու յղած է նամակներ, ուր կը շեշտուի, թէ առեւտրական նման համաձայնագիրեր ստորագրուած են աւելի քան 50 երկիրներու հետ, ներառեալ՝ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հետ, եւ անոնցմով կը շեշտուի, թէ ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական կապերը սերտացնող այս քայլը եւս առնուի Ուաշինկթընի կողմէ:
«Արդէն իսկ մէկ ու կէս տարի է, որ նախագահը ստանձնած է իր պաշտօնը, սակայն ցարդ առեւտրական կապերը ընդարձակելու նպատակով տրուած խոստումը իրականացնելու գործնական քայլեր չենք տեսած, հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստան կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Ուաշինկթընի առաջադրանքներուն, ներառեալ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով որդեգրուած ոչ կատարեալ ծրագիրին», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան:
Այս նպատակով հեռապատճէններ կարելի է ղրկել ձեր քոնկրեսականներուն՝ այցելելով www.capwiz.com/anca/issues/alert/?alertid=15159376 համացանցային կայքէջը:
Խաչիկեանի նամակը կարելի է կարդալ մեր համացանցային կայքին՝ www.asbarez.com, վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.