ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 24ին հաղորդեց, թէ Յունիս 21-24ի միջեւ միացեալ ռազմափորձեր տեղի ունեցած են պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւններու հովանիին տակ գտնուող զինուորական ուժերուն ու սահմանապահ ուժերուն միջեւ, նպատակ ունենալով ուժերը լաւապէս պատրաստել՝ դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի վրայ յարձակումներուն:
Աւելի քան 4000 զինուորներ, 100 հրասայլեր, 77 զրահապատ ինքնաշարժներ, 125 հրետանիներ, 17 ռազմական օդանաւեր, 12 ռազմական ուղղաթիռներ եւ փոխադրական չորս ուղղաթիռներ մասնակցած են այս լայնածաւալ ռազմափորձերուն:
Ըստ նախարարութեան, ռազմափորձերուն ընթացքին կարելի եղած է բոլոր նպատակները իրագործել:
Ռազմափորձերուն հետեւած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.