ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտորդական յանձնախումբը (ԵԽԽՎ) Յունիս 24ին Հայաստանի հարցերով նոր զեկուցաբեր նշանակած է։ «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ պաշտօնին նշանակուած է շուէտացի երեսփոխան, ԵԽԽՎի քաղաքական հարցերով յանձնախումբի նախկին ղեկավար Կորան Լինտպլատ։ Ան պիտի փոխարինէ Ճորճ Քոլոմպիէն, որ Յունիս 22ին յայտարարած է, թէ զեկուցաբերի իր պարտականութիւններէն կը հրաժարի, լիազօրութիւններու ժամկէտը աւարտելուն պատճառով։ Լինտպլատ ԵԽԽՎի մէջ շուէտական պատուիրակութեան ղեկավարն է։
Միւս կողմէ, «Մետիամաքս»ի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԵԽԽՎի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան յայտնած է, թէ նոր զեկուցողը ծանօթ է իր հակահայ դիրքորոշումներով:
«Մենք լուրջ կասկածներ ունէինք անոր նշանակման նպատակայարմարութեան առումով: Մենք հասկանում ենք, որ ցանկացած քաղաքական գործիչ կարող է ունենալ իր քաղաքական հայեացքները, զորս նա իրաւունք ունի արտայայտել: Սակայն ցանկացած երկիր իրաւունք ունի յուսալ, որ կը նշանակուի այնպիսի զեկուցող, ով չունի կանխակալ վերաբերմունք եւ անաչառ է այդ երկրի նկատմամբ», ըսած է Յարութիւնեան:
«Մենք լուրջ կասկածներ ունենք յանձնախումբին հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակման հեռանկարների առումով, քանի որ այդ համագործակցութիւնը ենթադրում է փոխադարձ վստահութիւն, բարի կամք, առարկայական քննադատութիւն», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.