ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«…Բայց ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ոյժն է»։
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Վերջին օրերուն հայ քաղաքական միտքը դարձեալ ընդվզումի մէջ է ու բորբոքած – եւ արդարացիօրէ՛ն անշուշտ։
Ո՛չ մեծապետական ուժերու քաղաքական աշխարհը մեզ կը հասկնայ, ոչ ալ մեր անմիջական դրացիները՝ թուրքերը, ազերիները եւ, չմոռնանք, վրացիները տրամադիր են մեզ հասկնալու։
Մեծապետական աշխարհը շատ լաւ կը տեսնէ ու կը գիտակցի, թէ մեր տարածաշրջանէն ներս որո՛նք են այն կողմերը, որոնք կը սպառնան ընդհանուր խաղաղութեան ու առանց փակ սահմաններու, այլ բարի–դրացիական բնականոն յարաբերութիւններով բազմազգեան համակեցութեան հաստատումին։
Այդուհանդերձ՝ մեծերուն տնօրինած քաղաքական աշխարհը կը շարունակէ բաւարարուիլ խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով քալելու ընդհանուր յորդորներ ուղղելով ոչ թէ չանսացող ու կամակոր կողմերուն, այլ նաեւ նոյնինքն Հայաստանին։ Չ՛ուզեր հասկնալ, որ Հայաստանն ու հայութիւնը պէտք չունին խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով քալելու այդ յորդորներուն, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնները, փաստօրէն, ամէն առիթով կը վերահաստատեն տարածաշրջանէն ներս առանց նախապայմաններու խաղաղութիւն, մերձեցում եւ փոխադարձ հանդուրժողութիւն հաստատելու իրենց պատրաստակամութիւնը։
Մինչդեռ մեր դրացիները, երբեմն–երբեմն շրթունքի տուրք տալով հանդերձ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու կարգախօսին, ոչ միայն անդրդուելի կը մնան հակահայ իրենց քաղաքականութեանց մէջ, այլեւ չեն վարանիր բիրտ ուժի դիրքերէ խօսելու եւ գործելու մեր երկրին ու ժողովուրդին հետ։
Բայց քաղաքական աշխարհը, անտեսելով որ խաղաղ ու բանակցային ճանապարհին ամէն գնով կառչած մնալու իր յորդորներուն պէտք ունեցողները ճիշդ որո՛նք են, կը շարունակէ միաձայնութեամբ եւ յանկերգի պէս կրկնել, թէ տարածաշրջանի բոլոր պետութիւններն ալ պէտք է խուսափին բիրտ ուժի կիրարկումէն։ Ոչ միայն խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն նաեւ Հայաստանը, այլեւ՝ որեւէ կանխարգելիչ կամ պատժիչ քայլ չեն նախատեսեր անուղղաներուն հանդէպ…
Մեծապետական այդ վերաբերումը կը դրսեւորուի ինչպէս Արցախեան Հարցի խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով կարգաւորման ճիգերուն վերաբերեալ, նոյնպէս ալ հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման ընդգրկուն օրակարգին առընչութեամբ, առանց մոռնալու վրացական իշխանութեանց կողմէ æաւախքին դէմ գործադրուող հայաթափման քաղաքականութեան սաստկացումը։
Պարզապէս մեծապետական աշխարհը մեզ չի հասկնար, աւելի ճիշդ՝ չ՛ուզեր հասկնալ։
Հայաստանի հետ սահմանը փակողը Թուրքիան է։ Հայ ժողովուրդին դէմ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանութեան պատասխանատուն ալ Թուրքիան է։ Իսկ հակառակ այդ թշնամական քայլերուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նախաձեռնողը Հայաստանն է, որ հետեւողականօրէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, առանց նախապայմաններու, բարի–դրացիական նոր էջ բանալու հարեւան մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ։
Բայց եկուր տես, որ Հայաստանի հետ սահմանը վերաբանալու համար թրքական պետութիւնը պայման կը դնէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ի նպաստ Ատրպէյճանի որոշակի զիջումներ կատարեն Արցախեան հարցով՝ մեր բարեացակամութեան շօշափելի ապացոյցները ի յառաջագունէ տուած ըլլալու համար…. Աւելի՛ն. Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման ու, ընդհանրապէս, հայեւթուրք կնճռոտ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման համար, Անգարա դարձեալ պայման կը դնէ, որ նախ Հայասպանութեան փաստը քն-նարկման առարկայ դառնայ միջ–պետական պատմաբաններու խառն ենթայանձնաժողովի մը կողմէ, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի յառաջագունէ ձեւով մը ընդունի, թէ Թուրքիայէն… հողային պահանջներ չունի։
Թուրքիա չի հասկնար, աւելի ճիշդ՝ չ՛ուզեր լսել անգամ, ո՜ւր մնաց ըմբռնել մեզ, թէ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նման նախաձեռնութեան դիմելով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները շօշափելի ապացոյցը տուած են սեփական պատմութեան եւ գալիք սերունդներուն առջեւ ծանրագոյն պատասխանատուութեան պատրաստ գտնուելու իրենց պատրաստակամութեան։
Բայց ինչո՛ւ միայն Թուրքիան մեղադրենք, երբ մեծապետական աշխարհը իր կարգին չ՛ուզեր հասկնալ մեզ։
Տարբեր չէ վերաբերումը Ատրպէյճանի, որ չ՛ուզեր լսել, ո՜ւր մնաց մեզ հասկնալ, երբ Պաքուի բռնատէրը դէմ յանդիման կը դնենք 16 տարի առաջ իր հօր ստորագրած զինադուլի համաձայնութիւնը յարգելու պարտաւորութեան։ Հակառակ մեծապետական աշխարհի ճնշման տակ Հայաստանի հետ բանակցային գործընթացը շարունակելու իր առերես ու ձեւական պատրաստակամութեան, Ատրպէյճան ոչ միայն պատերազմի սպառնալիքով կը հակադարձէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ կարգաւորման ճիգերուն, այլեւ՝ չի վարանիր պարբերաբար, գործնապէս բիրտ քայլերու դիմելով, դրսեւորելու թշնամական իր դիրքորոշումը ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ։
Բայց, դարձեալ, ինչո՛ւ խօսինք մեզ չհասկնալու կամ հասկնալ չուզելու Ատրպէյճանի կամակորութեան մասին միայն։ Չէ՞ որ մեծապետական աշխարհը, կարծէք իբրեւ կանոն, Հայաստանը եւս խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ իր դիտողութիւններուն, ամէն անգամ որ Ատրպէյճան դիմէ ռազմապաշտ քայլերու եւ մեծերը գտնուին վտանգը սանձելու հարկադրանքին տակ։
Թէեւ թրքացեղ մեր հարեւաններէն եկող վտանգը ինքնին աւելի քան բաւարար է, որպէսզի մարտավարական լռութեամբ անցնինք վրացական իշխանութեանց կողմէ æաւախքին սպառնացող հայաթափման քաղաքականութեան վրայէն, բայց այդ ճակատին վրայ եւս ո՛չ վրացական կողմը կ՛ուզէ հասկնալ, ոչ ալ մեծապետական աշխարհը կը փորձէ հասկնալ, թէ առանց հայերու æաւախք մը ունենալու վրացական քաղաքականութիւնը ուղղակի սպառնալիք մըն է տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ համերաշխ համակեցութեան համար։
Անշո՛ւշտ, վրացական իշխանութիւնները կրնան մտահոգ չըլլալ տարածաշրջանի խաղաղութեան սպառնացող վտանգով, որպէսզի այդպէ՛ս, ամենայն կամակորութեամբ, յառաջ մղեն æաւախքի հայաթափման իրենց քաղաքականութիւնը։ Բայց ի՜նչ արդարացում կրնայ ունենալ մեծապետական աշխարհը, որուն աչքերուն առջեւ օր ցերեկով հարուածի տակ կ՛առնուի հայութիւնը տարածաշրջանի մը մէջ, ուր պաշտօնապէս ազգամիջեան կնճռոտ հարցերը խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով կարգաւորելու քաղաքականութիւնը պէտք է տիրական ըլլայ։
Ո՛չ, արդարացում չկա՛յ։
Կայ միայն ու պարզապէս հայ ժողովուրդը հասկնալու դժուարութիւն, աւելի ճիշդ՝ հասկնալ ուզելու դժկամակութիւն։
Եւ որքան ալ արդարացի ու հիմնաւոր ըլլայ հայ քաղաքական մտքի ընդվզումը, իրաւունք չունինք անտեսելու դաժան իմաստութիւնը Նիկոլ Դումանի, որ աւելի քան դար մը առաջ, աշխարհաքաղաքականօրէն հիմնովին տարբեր պայմաններու տակ միեւնոյն կացութեան մէջ յայտնուած հայ ժողովուրդին կը պատգամէր՝
«…Բայց ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ոյժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Այո՛, որպէսզի քաղաքական աշխարհին հետ հասկնալի լեզուով կարենանք խօսիլ եւ, յատկապէս, մեր հարեւաններուն համար հասկնալի ըլլայ մեր իրաւունքի ու արդար պահպանջատիրութեան լեզուն, համազգային պատասխանատուութեամբ եւ ուժերու լարումով պէտք է լծուինք ինքնապաշտպանութեան կազմ ու պատրաստ գտնուելու զօրաշարժին։
Ինքնապաշտպանութիւն՝ որ կրկին Դումանի պատգամով, ի հարկին յարձակողական պէտք է ըլլայ, որպէսզի լաւագոյնս ծառայէ պաշտպանունակութեան հզօրացումին եւ յաղթանակին։
Ինքնապաշտպանութիւն՝ որ կը հարկադրէ հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ ուժերուն ամբողջական լարումն ու արդիական արդիւնաւորումը ոչ միայն արտաքին ճակատի վրայ, Հայաստանի ազդեցութեան եւ հասողութեան լծակները ընդարձակելով, այլեւ ներազգային ու ներ–հայաստանեան ճակատի վրայ ամենայն հայոց կառավարութեան հիմերը ամրապնդելով։