ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Իր երկրին դիմագրաւած հարցերուն պատասխանատուութիւնը ուրիշներուն վրայ բեռցնելը արուեստի վերածած Թուրքիոյ իշխանութիւնները ծաղրանքի առարկայ դառնալէ իսկ չվախնալով՝ վերջին քանի մը տարիներուն բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի հարցի իւրաքանչիւր քննարկման ընթացքին կը պնդեն, թէ 1974ին թրքական ուժերու ներխուժումով, երկուքի բաժնուած կղզիին տագնապը անլոյծ կը մնայ, կիպրացի յոյներուն անզիջող կեցուածքին պատճառով:
Արդէն իսկ կղզիին մէկ երրորդը կիպրացի թուրքերուն «զիջած» Կիպրոսի իշխանութիւններէն ամէն առիթով յաւելեալ զիջումներ կը պահանջուի Անգարայի կողմէ, որ այսպիսով կը յուսայ սառած վիճակի մէջ պահել տագնապը, առանց հաշուի առնելու այն իրողութիւնը, որ այս սառոյցը նաեւ սառած պիտի պահէ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դառնալու Թուրքիոյ երազը:
Ձախողած այս վարկագիծը շարունակելով՝ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչեք Երեքշաբթի օր յայտնեց, որ Թուրքիա կիպրացի յոյներուն «փափաքներուն հիմամբ բանակցութեան հոլովոյթի մը համար համբերութիւն չունի»։ Գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ թրքական ընկերութեան մը կողմէ կառուցուող պանդոկի մը հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին, իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսած է. «Կը յուսամ, որ Կիպրոսի հարցը եւս լուծուի յառաջիկայ երեսուն ամիսներուն ընթացքին, երբ այս պանդոկին ծրագիրը ամբողջանայ»։ Չիչեք նաեւ նշած է, որ Թուրքիա կղզիի հարցին լուծում մը գտնելու համար ջանքեր գործադրած է, սակայն «ի գին ամէն ինչի լուծում գտնելու» փափաք չունի։
Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս վերջերս բացայայտեց, որ Կիպրոսի վերամիացման համար կիպրացի թուրքերուն ներկայացուցած է երեք կէտերէ բաղկացած իր առաջարկը։ Ան առաջարկած է կալուածներու, տարածքներու եւ Թուրքիայէն եկած կիպրացի թուրքերուն հարցերը միաժամանակ արծարծել: Ան պահանջած է Մարասի փակ շրջանը յանձնել կիպրացի յոյներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտուրին դիմաց բանալ Կազմակուսա նաւահանգիստը, Եւրոպական Միութեան վերահսկողութեան տակ։ Կիպրոսի նախագահը նաեւ երաշխիքներու, ապահովութեան եւ օտար ուժերու գոյութեան վերաբերեալ ՄԱԿի կողմէ միջազգային խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը առաջարկած է։
Ըստ երեւոյթին, Կազայի բռնագրաւումը դատապարտող Թուրքիան իր այս բռնագրաւման վերջ տալու նպատակով Նիկոսիոյ տրամաբանական առաջարկները քննելու համբերութիւնը չունի: