ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Մազիդ Թելը Հաւատքիդ Նաւը Կը Քաշէ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Յատկապէս կենդանական աշխարհին համար, անոնց առողջութեան հիմնական առանցքը կը հանդիսանայ մազը, բուրդը, ստեւը, փետուրը, բաշը կամ իւրաքանչիւրի պարագային նկատի առնելով իր ծածկոյթ մազին տրուած յատուկ անունը: Անոնք միայն մերկութեան ծածկոյթ չեն կենդանիներու պարագային, այլ նաեւ ցուրտէն, տօթէն, ջուրէն կամ անձրեւէն պաշտպանուելու միջոց, կարենալ շարունակելու համար իրենց գոյութիւնը այս մոլորակին վրայ: Կենդանական տարբեր տեսակի մազերուն խտութիւնը, հաստութիւնը, ցանցառութիւնը ու նուրբ բարակու-թիւնը, անոնց մարմնի տեսակին դիմացկունութեան համապատասխան ձեւով ստեղծուած ու բուսած են անոնց վրայ:
Մարդ էակին մազին կարեւորութիւնը իմանալու համար, պէտք է իգական սեռին կողմէ անոր տրուած ժամանակը հաշուել, թէեւ քիչ չեն այսօր նաեւ այնպիսի այր մարդիկ, որոնք նոյնքան կարեւորութիւն կու տան իրենց մազերուն, երբ մանաւանդ անոնք սկսին «օտարանալ», ու լքելով իրենց վաղեմի բարեկամը, թռչիլ ու հեռանալ անոնց գլուխէն: Ներկայ բժշկագիտութիւնը, հաւասարապէս կանանց ու այր մարդոց համար մազերու ցանքի միջոցներ ստեղծած է, կիներուն վերադարձնելու համար իգական հրապոյրը, իսկ տղամարդոց կնտացած գլուխները վերստին «թաւշապատելու», եւ անոնց հոգիին մէջ նախկին երիտասարդութեան պատրանքը վերապրեցնելու:
Մարդ էակի պարագային, մազը ֆիզիքականը պաշտպանելու կոչուած ըլլալէ տարբեր, անոր տրուած է գեղագիտական նկատումներով: Բնականաբար գլխու վրայ բուսած մազերը, յատկապէս ցուրտէն ու արեւէն մարդը պաշտպանելու նպատակը ունին, սակայն կամաւ թէ ակամայ զանոնք չունեցողները, միջոցը գտած են իրենց գլուխը պաշտպանելու:
Նորաձեւութեան ամէնէն տարօրինակ տեսակները շուտով ընդօրինակելու մարմաջ կը տեսնուի մարդկութեան մօտ: Հագուստի, կօշիկի, զարդեղէններու, մազի յարդարանքի, մօրուքի ձեւաւորման ու այլ նորաձեւութեանց հետամուտ է մարդ էակը, ու շուտով կ՛որդեգրէ տարբեր երկիրներու մէջ սկսուած այդ նորելուկ կերպերը: Սակայն վերջին ժամանակներուն, ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէր անցներ, թէ գլխուն մազերը ածիլելով գլուխը կնտացնելը կրնայ նորաձեւութիւն դառնալ: Հազուադէպօրէն այս երեւոյթը կը նշմարուի երիտասարդական որոշ խմբաւորումներու պատկանող աղջիկներու մօտ եւս: Մինչ Պօղոս առաքեալ կնոջ մազերը անոր ամուսնոյն փառքը իբրեւ կը ներկայացնէ, զոր պէտք է ծածկէ աղօթքի ժամանակ, որպէսզի իր ամուսինը անպատուած չըլլայ: (Հմմտ Ա.Կր 11.5): Հինտու կրօնքին մէջ ալ կայ սովորութիւն, երբ ընծայաբերուող աղջկան գլուխը կը կնտացնեն, անոր մազերը փոքր խուրձերով, արմատներէն բռնած փետտելով գլխուն վրայէն, մինչ տարէց կիները երգելով ու աղօթելով նորընծային շուրջը կը դառնան:
Գլուխ կնտացնելու սովորութիւնը հին քաղաքակրթութեան մէջ իբրեւ պատիժ կը տրուէր յանցագործներու, յատկապէս բանտարկեալներուն, իսկ կիներու պարագային՝ անբարոյ նկարագիր ունեցողներուն, հանրութեան դիմաց զանոնք խայտառակելու նպատակով: Կնտացած գլուխով կինը, մերկացուած կը նկատուէր իր կանացի փառքէն ու պատիւէն, եւ այդպիսով ալ՝ մարդոցմէ անարգուած (Հմմտ Ա.Կր 11.6):
Յիսուսի մտածողութեան մէջ եւս յիշուած կը տեսնենք մարդկային մազը, որուն համար կ՛ըսուի թէ, իւրաքանչիւր մարդու գլխուն վրայ եղած անոր թելերուն ընդհանուր գումարը ծանօթ է Արարիչին (Հմմտ Մտ 10.30, Ղկ 21.18): Այստեղ, անշուշտ, Աստուծոյ ամենագիտութեան ստորոգելին կը շեշտէ Յիսուս, ցոյց տալու համար թէ մարդը առանց Աստուծոյ գիտութեան չի կրնար իր կեանքը տնօրինել կամ ապրիլ: Նախախնամութեան անմիջական վերահսկողութեան գիտակցութիւնը կ՛ուզէ սերմանել Յիսուս մարդոց մտքին մէջ, թէ՛ ներքին ապահովութիւն ներշնչելու անոնց, եւ թէ զսպելու անոնց անսանձելի վարուելակերպը փոխ-յարաբերական կեանքի մէջ:
Մարդկային մազին նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերող մարդիկ ալ կան, որոնց համար մազը նոյնիսկ անպէտ ու աւելորդ երեւոյթ է: Աւելին, կան ոմանք, որոնք իրենց խօսակցութեան ընթացքին, մազը օրինակ կը բերեն իբրեւ շատ տկար եւ ամէնէն դիւրաւ կտրուող թելը:
Աստուծոյ ստեղծագործութեան կատարեալ ըլլալուն մէջ մեծ տեղ ունի նաեւ մազը, առանց որուն մարդկային թէ կենդանական աշխարհին արտաքին տեսքը ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլար: Բնութիւնը շատ աւելի կատարեալ է, քան մարդուն կողմէ ստեղծուած որեւէ առարկայ: Ամրան տօթին յայտնուող աննշան ու յաճախ մեզ տանջող մժեղի դնչիկին առջեւ հաստատուած արիւնածուծ սրածայր մասը եթէ մանրադէտին տակ դիտուի, շատ աւելի ողորկ պիտի տեսնուի, քան՝ նոյն մանրադէտին տակ դիտուած ամէնէն նուրբ ասեղը, որ մարդուն կողմէ շինուած է: Իսկ մարդկային մազը, որ այդքան տկար կը համարուի, կը բաւէ որ միայն մէկ թել մտնէ ժամացոյցի գործիքներուն մէջ, կրնայ կասեցնել անոր աշխատանքը…:
Եթէ մէկ թել մազը այսքան ոյժ ունի, հապա ինչքա՜ն աւելի զօրաւոր է զայն ստեղծողը՝ Աստուած: Յատկապէս գեղագիտական նպատակներով ինչքան կեղծամներ կը պատրաստուին մարդոց կողմէ, սակայն անոնցմէ մէկն իսկ մարդկային բնական մազին նման հարազատ զգացողութիւնը չի տար զայն իր գլխուն վրայ կրող կին թէ այր մարդուն: Գանկի մաշկին տակ, բարակ մազերակներէն հոսող արեան շրջագայութենէն առնելով իր աւիշը, մարդկային մազը կը մնայ առողջ ու փայլուն, եւ ինքնավստահութեան զգացումը կը ներշնչէ տուեալ անձին:
Աստուծոյ փառքը կազմող իր ստեղծագործութեան այս ամէնէն աննշան համարուող երեւոյթին՝ մազին զօրութիւնը, առիթ է մտածելու Աստուծոյ ամենակարողութեան մասին: Անկատար ստեղծուած մարդուն մարմնին վրայ իսկ կը գտնուի անհաւատներուն տրուելիք մեծագոյն օրինակը՝ մազը: Եթէ մէկ թել մազին զօրութիւնը չես կրնար չափել, ինչպէ՞ս պիտի կարենաս չափել Աստուծոյ զօրութիւնը, որ «աշխարհի ժամացոյց»ը դադրեցնելու՝ ժամանակը կասեցնելու կարողութիւնը ունի: Անոր համար մէկ օրը հազար տարուան պէս, եւ հազար տարին մէկ օրուան պէս է (Հմմտ Բ.Պտ 3.8): Իսկ Արեւուն կանգ առնելու մասին, դարձեալ կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ (Հմմտ Յս 10.13):
Մազիդ մէկ թելը, կրնայ հաւատքիդ նաւը քաշել դէպի Աստուծոյ նաւահանգիստը: Երբ հասնիս այնտեղ, այլեւս պէտք չունիս հաստ մալուխներով զայն կապելու, այլ մազի մէկ թելով կրնաս ապահով ամրացնել զանիկա ցամաքին: Մազին զօրութիւնը թող արթնութիւնը տայ մեր հոգիին, զգալու Աստուծոյ զօրութիւնը, առաջնորդուելու համար դէպի Նախախնամութեան գիրկը: