ՊՐԷԱ, Քալիֆորնիա.- Օրէնճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Օրենճ Քաունթիի հիւսիսային շրջանները ներկայացնող՝ քոնկրեսական Կերի Միլըրի հետ:
Հայ Դատի յանձնախումբին պատուիրակութեան մաս կազմած են Օրէնճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռազմիկ Խայալեան, ինչպէս նաեւ շրջանի յանձնախումբի անդամներ Սերուժ Աբրահամեան եւ Ճան Հաւունճեան: Անոնց միացած են նաեւ Ճենիֆըր Մովսէսեան եւ Հայկ Յովսէփեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակէն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննուած են Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց, Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութեանց ու ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար տարուող աշխատանքներուն առնչուող հարցեր:
Աբրահամեան յիշեցուցած է քոնկրեսական Միլըրին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները իրենց պայքարը կը շարունակեն, ապահովելու համար իրենց ինքնորոշման իրաւունքը, միաժամանակ, ժողովրդավարական սկզբունքներու ամուր հիմերու վրայ պետութիւն մը մէջտեղ բերելով: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, կը շարունակեն պատերազմի դիմելու սպառնալիքները եւ այդ սպառնալիքները գործնականացուցած էին վերջերս, յարձակելով հայկական դիրքի մը վրայ: Ան աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան հաստատ կը մնայ իր յարձակողապաշտ կեցուածքին վրայ, հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային համայնքը իր կարելին կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ եւ արդար լուծում մը գտնելու համար:
Կողմերը քննած են նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ æուղայի հայկական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարները քանդելու քայլը: 1980ականներու վերջին տարիներուն սկսած այս բռնարարքին մէկ մասը նկարահանուած էր եւ հակառակ այդ իրողութեան, Պաքու կը հերքէ, թէ նման գերեզմանատուն մը գոյութիւն ունեցած էր: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մինչեւ այսօր նաեւ կը մերժեն արտօնութիւն տալ Եւրոպական Խորհրդարանէն պատուիրակութեան մը, որ խնդրոյ առարկայ շրջանը այցելէ, հոն հետաքննութիւն կատարելու համար:
Հայ Դատի ներկայացուցիչները շեշտած են, թէ խաչքարներու բնաջնջումը միայն մէկ երեսն է Ատրպէյճանի մէջ հայ բնակչութիւնն ու մշակոյթը ոչնչացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան:
Յայտնենք, թէ Ատրպէյճանի Նախիջեւան ինքնավար մարզին մէջ գտնուող æուղայի խաչքարներուն հարցը օրակարգի նիւթ դարձած էր նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նաեւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայզայի հարցաքննութեան ընթացքին, Ծերակոյտին Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ:
Խայալեան նաեւ արտայայտուեցաւ Քոսովոյի, Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցող խաղաղապահ առաքելութեանց ցուցաբերող Հայաստանի օժանդակութեանց մասին ու Հաւունճեանին հետ միասին կոչ ըրին հանրապետական քոնկրեսականին, որ նեցուկ կանգնի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն ու այդ նպատակով ապահովէ իր կուսակից քոնկրեսականներուն եւ յատկապէս ղեկավարութեան աջակցութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.