ՍԱՀԱԿ ԹՈՒԹՃԵԱՆ
Ատենէ մը ի վեր, խլացուցիչ աղմկարարութեան մը ակամայ ունկնդիրներն ենք ամէնքս՝ ո՛ղջ հայութիւնը։ Հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, մեզմէ ոմանք նոյնիսկ տարբեր չափերով կը մասնակցին այս խժաձայնութեան։ Կան նաեւ մեղմ ժպիտով մը հանդուրժողներ կամ անտեսողներ։
Նախ՝ աղմուկը։
Իբրեւ ապացոյց հայոց հետ «հաշտութեան եւ խաղաղութեան» ձգտումներուն, Թուրքիոյ մերօրեայ «բարեմիտ» կառավարութիւնը ձանձրացուցիչ թամ-թամ մը կը թմբկահարէ համայն աշխարհին, թէ՝ իբրեւ «բարի կամեցողութեան քայլ մը», կ՛արտօնէ, տարին միայն մէկ օր, հայոց կողմէ Ս. Պատարագի մատուցումը՝ Վանայ լիճին վրայ գտնուող Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ, սկսելով 19 Սեպտեմբեր 2010ին։
Թրքական նենգ բայց նրբահիւս խորամանկութիւնը եւ արեւմտեան վաճառարուեստի ամենայետին մանրամասները արտակարգ վարպետութեամբ համաձուլուած են՝ գովազդներու այս արշաւին մէջ։ Նպատա՞կը։ Թուրքիոյ քաղաքական ու տնտեսական շահերու հետապնդումը։ Միջոցնե՞րը։ Աննշան նուազագոյնի յուսադրութեամբ մեզ խանդավառել մեղրածոր, բովանդակազուրկ խօսքերու շնորհիւ՝ սինիքօրէն շահագործելով նոյնինքն թուրք դահիճներու յառաջացուցած մեր եղերական անցեալը, Ցեղասպանութեան դեռ կոտտացող վէրքերը, հուրով ու սուրով մեզմէ խլուած հայրենիքի կսկիծն ու անշիջելի կարօտը։
Բազմաթիւ տասնամեակներ Ս. Խաչ եկեղեցիի պատկանելիութեան մասին զբօսաշրջիկները խաբելու ձախող փորձերէն ետք, Թուրքիոյ արդի «աչքը-բաց» քաղաքական աղուէսները դիմեցին նո՛ր մարտավարութեան մը։ Այս քայլով անոնք կը յուսային միաժամանակ բազմապատկել զբօսաշրջիկներու հոսքը եւ օժանդակել Եւրամիութիւն մուտքի իրենց անդուլ ճիգերուն։ Ուրեմն, թրքական իշխանութիւնները վերանորոգեցին Ս. Խաչ եկեղեցին, յայտարարելով թէ այդ նպատակով ծախսած են 1.5 միլիոն տոլար։ )Ի դէպ, անցողակի մանրամասնութիւն մը։ Ո՞ր հայը պիտի չնշմարէր «պատահական» զուգահեռը այս գումարի թուաքանակին եւ Թուրքիոյ կողմէ հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու թիւին միջեւ՝ թրքաբարոյ հաշուով, իւրաքանչիւր զոհի համար ծախսէ մէկ տոլար, եւ ահա ամբողջ հայութիւնը իր պետութեամբ ու սփիւռքով պատրաստ կ՛ըլլայ պարելու թրքական տաւուլ-զուռնայի կշռոյթով(։
Անգլիական «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յիշեցմամբ իսկ, համայն հայութիւնը բազմիցս աւերուած Ս. Խաչ եկեղեցին կը նկատէ թրքական բռնութիւններու, բռնագաղթի եւ զանգուածային կոտորածներու լուռ վկան։ Այս բարբարոսութիւններու եւ ոճիրներու պատմական իրողութիւնը անպատասխանատու կամայականութեամբ դեռ ժխտող թրքական իշխանութիւնները, իբրեւ զբօսաշրջական գործարք, վերանորոգած են եկեղեցին եւ անոր բացումը կատարած՝ 2007ին։ Բայց եկեղեցիի մը վերաբացումը չէր եղածը – որ բարի կամեցողութեան ճշմարիտ գոյութեան պարագային, աւերողին կողմէ նորոգութենէն ետք պէտք էր վերադարձուէր իր իսկական սեփականատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, ուշացման համար ներողամտութեան խնդրանքով միասին – այլ բռնազաւթուած եւ թրքական զբօսաշրջութեան սատարող «թանգարանի» մը հիմնարկէքը՝ Արեւմուտքը խաբելու համար թէ ինչպիսի՜ քաղաքակիրթ հոգածութեամբ կը պահպանեն պատմական յուշարձանները։
Դեռ, թրքական իշխանութիւններուն կողմէ բռնութեամբ գերեվարուած եկեղեցիին բուն իրաւատէրերը եղող հայ ժողովուրդի թրքահպատակ հոգեւոր ներկայացուցիչները պիտի աղաչէին ու պաղատէին թրքական կառավարութենէն՝ խնդրելով որ Ս. Խաչ եկեղեցիին վրայ խաչ մը տեղադրելու արտօնութեան շնորհն ընեն։ Նման գերագոյն նուաստացումէ ետք, կամայական չոր «ո»չ մըն էր Անգարայի պատասխանը։ Աւելի ուշ, Վանի նահանգապետը – անկասկած Անգարայի թոյլտուութեամբ _ յայտարարած է թէ խաչ մը պիտի տեղադրուի եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ։ Մանրամասնութիւններ չկան։
Կաթիլ առ կաթիլ, շթահամարով եղած այս քմահաճ թոյլտուութիւնները _ վերանորոգում, վերաբացում իբրեւ թանգարան, տարեկան միօրեայ պատարագ )«այս արարողութիւն ըսուածը», ինչպէս կը բանաձեւէ «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեան(, խաչադրում, եւայլն _ իր ծիծաղելի իրական համեմատութիւններուն կ՛իջեցնեն «ալաթուրքա» այս ֆարսը՝ երբ զանոնք բաղդատենք Թուրքիոյ ձեռք ձգած շահարկումներուն հետ։
Այսպէս, քաղաքական հարթութեան վրայ, կրօնական մոլեռանդութեամբ եւ համաթուրանական զաւթամոլութեամբ թրծուած Օսմանեան արիւնարբու կայսրութեան մերօրեայ փողկապաւոր ժառանգորդները աշխարհին կը ներկայանան հանդուրժողութեան շպարով։ Իսկ ծպտուած գորշ գայլերը, ձեռքի տակէ, կը դառնան տարածաշրջանի խաղաղապահները։
Կայ նաեւ օդէն ինկած տնտեսական յաւելեալ օգուտը։ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան հաղորդմամբ, Վանի բոլոր պանդոկներու սենեակները լրիւ ապահովուած են գալիք հայ ուխտաւորներու կողմէ։ Վանայ լիճին վրայ նոր զբօսանաւեր կը կառուցուին։ Արեւելեան Անատոլուի հեռակայ յետամնաց շրջաններու դանդաղկոտ շուկաներու աշխուժացման համար թուրք պատասխանատուները մեծ յոյսեր դրած են Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի զբօսաշրջիկներուն ու գործարարներուն վրայ։
Թրքական տեսանկիւնէն դիտած՝ վարպետորդի ու շահաւէտ քայլ մըն է եղածը։ Բոլո՛ր ճակատներու վրայ։ Մեր հայրենաբաղձութեան ե՛ւ միամտութեան ապաւինելով, անոնք այս «հաշտարար» քայլով զգալիօրէն կը բարելաւեն իրենց միջազգային դիմագիծը։ Կը նպաստեն արեւելեան իրենց կարգ մը շրջաններու տնտեսական բարելաւման։ Տակաւին, երկարժամկէտ առումով, փոքրիկ Հայաստանէն եկած զբօսաշրջիկներու հոսքը ատակ է մեղմացնելու հայոց կողմէ Թուրքիայէն եղած պահանջատիրութեան թափը։ Նոյն պատճառով, ժողովրդագրականօրէն, հայաթափմամբ արդէն իսկ լրջօրէն արիւնաքամուած Հայաստանը աւելի խոցելի կը դառնայ թրքական նախաթափանցումի յամառ ու նպատակասլաց ճնշումներուն։
Ասոնց անմիջական նպատակն է, Հայաստանը քաղաքականապէս ու տնտեսապէս առաւելագոյնս «ընտելացնելով», զայն վերածել թրքական քմայքներուն ենթակայ, սպառողական կրաւորական շուկայի մը։ Նման իրադրութիւն իրականացնելու համար, բաւարար է ժամանակաւորապէս որոշ գոհացում մը տալ՝ քթին ծայրէն սանթիմ մը անդին չտեսնող հայ ընչաքաղց հարստապետերու )ներածող օլիկարխներու( անկուշտ ախորժակներուն՝ Օսմանեան հին օրերու քչի՜կ մը բարեփոխուած դրութեամբ։
Ո՞ւր հասած ըլլալու է մեր ազգային արժանապատուութիւնը, առաջնահերթութիւններու ըմբռնումը, չափի ու կշիռի գիտակցութիւնը։
Թուրք դահիճներու անզիջող ժառանգորդները հազիւ «հօփա՜» կանչած՝ խելակորոյս կը փութանք թրքական «զէյպէք» պարել։
Իրենց իսկ նախնիներուն կողմէ բազմիցս աւերուած մեր եկեղեցին թուրքերը թանգարանի՞ վերածած են։ Հոգ չէ՜։ Փառք տանք Աստուծոյ որ, ուրիշ հարիւրներով եկեղեցիներու նման, մզկիթի կամ ախոռի չեն վերածած, տարին մէկ օր երթանք ու մեր պատարագի հոգեպարար արարողութիւնը մատուցենք այդ թանգարանին մէջ՝ վերջին պահուն գմբէթին վրայ Էրտողանի արտօնած խաչով կամ առանց խաչի։
Երեւանի իշխանութիւնները այս արարողութեան ներկայ ըլլալու հրաւէր չե՞ն ստացած տակաւին։ Ոչի՜նչ։ Հրաւիրուած կամ ոչ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հոգեւոր այրերը դեռ չսահմանուած այդ խորհրդաւոր արարողութիւնը կը նկատեն հաւատքի նկատմամբ յարգանքի արտայայտութիւն մը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ։ Ա՛ռ քեզ յարգանքի անտիպ մոտէլ մը՝ դարերով այդ եկեղեցին աւերողներու ժառանգորդներուն կողմէ, որոնք այսօր մեզ նուաստացնելու եւ մեր արժանապատուութեան վերջին մասունքները ոչնչացնելու թրքաբարոյ նորանոր եղանակներ կը յօրինեն։ Այսպէս, միայն ու միայն այս «արարողութեան» հասնելու նպատակով իսկ, անոնք կը մերժեն գէթ առժամապէս բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, որուն հետեւանքով մօտիկ հարեւան երկրի հայ ուխտաւորները պիտի ստիպուին Վրաստանի վրայով նախ ամբողջ Անատոլուն կտրել ու երթալ Պոլիս, ապա հակառակ ուղղութեամբ դարձեալ Անատոլուն կտրել՝ հասնելու համար Վան։ Քարտէսի վրայ մօտաւոր արագ չափում մը բաւարար է ցոյց տալու համար թէ Էրտողանի Մեքքա ուխտագնացութեան ճանապարհագիծը աւելի կարճ է քան մօտակայ Հայաստանէն Աղթամար եկողներունը։ Աշխարհագրականօրէն որքա՜ն մօտիկ, բայց թուրք «արդիական» իշխանութիւններու «բարի կամեցողութեամբ» որքա՜ն հեռացած արտասովոր ուխտավայր է սա։
Այս բոլոր խոչընդոտները՝ դարձեալ ոչի՜նչ։ Հայ ուխտագնացները դիւրաւ վհատողները չեն։ Անոնք ամենէն դժնդակ պայմաններուն յարմարելու երկա՜ր փորձ ունին։ Այդ փորձառութիւնը կը սկսի բիւզանդական բազմադարեան խաբեբայութիւններու աւանդութեամբ, կ՛անցնի թրքական հրոսակներու հուրով եւ Օսմանեան բռնակալներու թուրով՝ հասնելու համար 1915ի օրհասական ջարդերուն, ապա Սովետական «եղբայրական» բռնապետութեան, ու վերջապէս մերօրեայ անկախ եւ անազատ Հայաստանի հարստապետական-աւազակապետական նորատիպ ստրկատիրութեան։ Իսկ Հայաստանի աշխարհիկ ու հոգեւոր պաշտօնատարները, իրենց ճամպրուկներով, կազմ ու պատրաստ կը սպասեն՝ Էրտողանի առաջին ազդանշանին կայտառ ոստումով թռիչք առնելու՝ օդանաւային ի՛նչ երթուղի ալ տրամադրեն Աղթամարի նոր «թանգարանի» վերին վարիչները։
Վերջին պահուն կ՛իմանանք թէ Երեւանի մէջ Գրողներու համագումարի բոլոր առաջադրանքները յաջողութեա՜մբ իրագործելէ ետք, օրակարգէն դուրս քննարկուած է խիստ կարեւոր հարց մը։ Ըստ մամուլին, օգտուելով պոլսահայ վաստակաւոր խմբագրապետի մը ներկայութենէն, քանի մը նախկին քաղաքագէտներ կամ ազգային գործիչներ անոր հարց տուած են թէ Ս. Խաչի միօրեայ այս արարողութեան ընթացքին արդեօք կարելի կ՛ըլլա՞յ իրենց զաւակը կամ թոռնիկը Աղթամար բերել՝ զանոնք հոն մկրտելու համար։
Հարցը տակաւին իր վերջնական պատասխանը չէ գտած ու մնացած է օդէն առկախ։
Մաղթենք որ հայ ժողովուրդը ողջմտօրէն դիմագրաւէ այս ու նման փորձութիւնները եւ չիյնայ Էրտողաններու լարած խաբեբայական թակարդին մէջ: