
ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին որոշած է արտօնութիւն տալ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիին եւ անոր կուսակցութեան նահանգային 40 կառոյցներու ղեկավարներուն, որ Հոկտեմբերի 1ին, Անիի Մայր տաճարին մէջ (վերածուած մզկիթի) ուրբաթօրեայ նամազ կատարեն:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Կարսի նահանգային կառոյցի ղեկավար Օքթայ Աքթաշ յայտնած է, որ Անիի մէջ իրականացուելիք նամազի նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ աւարտած են:
«Նահանգապետարանէն ստացած ենք մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան թոյլտուութիւնը՝ ուրբաթօրեայ նամազը իրականացնելու համար: 1064ի Օգոստոսի 16ին, Ալփարսլանը գրաւեց Անին, ապա 4 օր ետք, տաճարին խաչը իջեցուց եւ ուրբաթօրեայ նամազ կատարեց: Մենք ալ, 946 տարի ետք, Անիի մէջ ուրբաթօրեայ նամազ պիտի ընենք», ըսած է ան:
Նամազը ուղղակի հակազդեցութիւն է Աղթամարի արարողութեան դէմ, եւ կ՛ակնկալուի, որ մերձակայ նահանգներէն ու Ատրպէյճանէն 5000 հոգի Անի այցելէ այս առիթով:
Նախքան Հինգշաբթի օրուան որոշումը, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ճիհան Փաչաճ քննադատած էր մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի նախորդ արտայայտութիւնը, որ զգուշութեան կը հրաւիրէր կուսակցութիւնը հաւաքական նամազ կատարելու հարցով։ Կիւնայ ըսած էր, որ ինք կը յարգէ մարդոց առանձինն պաշտամունք ընելու իրաւունքը, սակայն հաւաքական աղօթքի քաղաքական շահագործումը սահմանադրութեան դէմ կրնայ ըլլալ։
Նոյն ժամանակ, Փաչաճը ըսած է, որ մշակոյթի նախարարը, ըստ երեւոյթին, կրօնական սովորութիւններու ծանօթ չէ, որովհետեւ Ուրբաթ օրուան նամազը առանձինն չի մատուցուիր:
Իր կարգին, կուսակցութեան փոխնախագահներէն Սեմիհ Եալչըն պնդեց, թէ սահմանադրութեան տրամադրութիւնները յստակ են ու Անիի մէջ նամազ մատուցանելու համար արտօնութիւն ստանալու պէտք չկայ։ Ան աւելցուց, որ կրօնքի շահագործում տեղի պիտի չունենայ, եւ պնդեց, թէ կուսակցութեան դրօշակը պիտի չգործածուի, այլ պիտի գործածուի միայն Թուրքիոյ դրօշակը։
Ան աւելցուց, որ այս բոլորէն բացի, նամազի կազմակերպիչները, բողոքելու համար Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն գծով վերջերս արձանագրուած ժխտական զարգացումներուն դէմ, պիտի երթան մինչեւ Ալիճանի սահմանային դուռը։
Միւս կողմէ, թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Մահմուտ Էսատ Կիւեն յայտնած է, որ Անիի մէջ նամազ ընելու Պահչելիի ցանկութիւնը քաղաքական ցուցադրական արարք մըն է պարզապէս։
«Մինչ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործունէութեան շնորհիւ Թուրքիան նոր թափ կը ստանայ, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը տարուած է պատրանքներով, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ որքանո՛վ այդ կուսակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ Թուրքիոյ խնդիրները», յայտարարած է ան։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԿԱՍԵՑՆԵԼ ՆԱՄԱԶԸ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը չի կրնար արգելք հանդիսանալ Անիի Մայր տաճարին մէջ նամազի կայացման, քանի որ եկեղեցին Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ է, Հինգշաբթի օր «NEWS.am»ի թղթակիցին հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ըսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Ան նաեւ նշած է, որ թրքական պետութիւնը եւս չի կրնար արգելք հանդիսանալ, քանի որ կ՛ըսուի, թէ «Անհատական աղօթք պիտի ըլլայ եւ ազգայնականներն ամէն տեղ կրնան աղօթել, սակայն չեն կրնար աղօթքը այլ բանի վերածել»:
Այն հարցումին, թէ պատրիարքարանը երբեք դիմա՞ծ է թրքական իշխանութիւններուն Անիի Մայր տաճարին մէջ աղօթք կատարելու առաջարկով, սրբազանն ըսած է, որ նման դիմում չէ կատարուած, որովհետեւ անոր կարիքը չէ զգացուած: «Մենք 2200 հատ եկեղեցի ունինք Թուրքիոյ մէջ: Եթէ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն բացի Անիի մէջ եւս պատարագ կատարելու համար դիմում կատարեմ, այդ մէկը շատ սխալ քայլ կրնայ ըլլալ: Ի վերջոյ, մենք հոն փոքրամասնութիւն ենք, իսկ իրենք մեծամասնութիւն: Ես այստեղ պահպանելիք շատ իրաւունքներ ունիմ՝ հիւանդանոցներ ունիմ, դպրոցներ ունիմ, դեսպանատուներ ունիմ… ունիմ, ունիմ, ունիմ, եւ այդ հարցերուն համար թրքական իշխանութիւններուն հետ պէտք է աշխատիմ», եզրակացուցած է ան:
Նշենք, որ շատ մասնագէտներու կողմէ Կովկասի ճարտարապետութեան զարդը համարուող Անիի Մայր տաճարին կառուցումը սկսած է 989 թուականին, եւ աւարտած՝ 1001ին: Անիի Մայր տաճարին ճարտարապետն էր Տրդատը, որ նաեւ վերակառուցած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարին գմբէթը: