- ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Շիշլի թաղապետութեան կողմէ վերանորոգուած Ս. Յարութիւն հայ առաքելական եկեղեցին Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 7ին յատուկ արարողութեամբ մը վերաբացուած է։
Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Շիշլիի թաղապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ յայտնած է, որ իր թաղապետութեան նպատակն է բոլոր քաղաքացիներուն հաւատքի ազատութիւնը ապահովել, անկախ անոնց ծագումէն, կրօնքէն կամ մշակոյթէն։
Թաղապետը նաեւ նշած է, որ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ նորոգութիւնը արժած է 225,000 թրքական լիրա (շուրջ 158,450 տոլար)։
Եկեղեցւոյ բացման արարողութեան ներկայ գտնուած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղակալ Արամ արք. Աթեշեան։