ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան տուեալներուն, այս տարի կազմակերպութիւնը ստացած է շուրջ 170 դիմում՝ կանանց հանդէպ ընտանեկան եւ սեռական բռնութիւններու մասին:
Նոյն տուեալներուն համաձայն, այս տարուան դիմումներուն թիւը մօտ երեք անգամով կը գերազանցէ նախորդ երկու տարիներու տուեալները: Ըստ կազմակերպութեան, կանայք Հայաստանի մէջ սկսած են աւելի շատ բարձրաձայնելու իրենց հանդէպ կատարուող բռնութիւններուն մասին, ինչ որ արդիւնք է տարուան ընթացքին բազմիցս հեռարձակուող կազմակերպութեան թէժ-հեռաձայնային գիծին, որ բարձրացուցած է կանանց իրազեկութեան աստիճանը:
Նշենք, որ կեդրոնը սեռական, ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած կանանց կը տրամադրէ հոգեբանական խորհրդատուութիւն: Կան նաեւ որոշ դէպքեր, երբ կանայք կազմակերպութեան կը դիմեն ծայրայեղ վիճակի հասնելէ ետք, եւ ժամանակաւոր ապաստան կը խնդրեն անկէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.