ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ 2010ի առաջին ինը ամիսներուն ընթացքին կուսակրօն ձեռնադրուած է 10 հոգեւորական, որոնց մէկ մասը հոգեւոր ծառայութիւն ստանձնած է Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ու Հայաստանի տարբեր վանքերուն մէջ, իսկ մնացեալը՝ ուսում շարունակելու նպատակով մեկնած է արտերկիր:
Ըստ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Շահէ աբղ. Անանեանի, Մայր աթոռին եւ հայստանեան այլ վանքերու մէջ կը ծառայէ շուրջ 30 կուսակրօն քահանայ, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ աւելի քան 100:
«Չնայած անցած տարուայ նոյն ժամանակահատուածում կուսակրօն ձեռնադրուածների թիւը 15ից աւելի էր, այդուհանդերձ, այս պարագայում, էականը կուսակրօն կեանքով ապրել ցանկացողների գիտակցական մակարդակն է», նշած է հայր Շահէ, որուն խօսքով, Սփիւռքի մէջ կուսակրօն քահանաներու թիւի առատութեամբ յայտնի է Երուսաղէմի «Սրբոց Յակոբաց» միաբանութիւնը: «Ճեմարանական քննութիւնից յետոյ կուսակրօնութիւն ստանձնել ցանկացողները քննութիւն են անցնում յատուկ յանձնաժողովի մօտ, այնուհետեւ՝ կոչմանը հաւատարիմ մնալու երդում տալիս: Ես ուրախ եմ, որ մեր հոգեւորականները գիտակցում են անչափ պատասխանատու այս քայլի կարեւորութիւնը», ըսած է հայր սուրբը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.