ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 31ին, Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ անձնասպանական յարձակում մը, որուն ընթացքին վիրաւորուեցան 32 անձեր, որոնցմէ 17ն՝ ոստիկաններ։ Ահաբեկիչը փորձած է մտնել նոյն հրապարակին վրայ սպասող ոստիկանական հանրակառքէն ներս, բայց ոստիկանները կասեցուցած են զայն, ուստի ան պայթեցուցած է իր ռումբը։ Արդէն իսկ 16 անձ ձերբակալուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.