ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նոյեմբեր 2ի ընտրութիւնները հանրաքուէ մըն էին՝ ուղղուած նախագահ Օպամային: Ամերիկացիներուն մեծ մասին յուսախաբ ըրած էր ան տնտեսական ձախողած քաղաքականութեամբ, իսկ ամերիկահայերը հիասթափեցուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իր խոստումի դրժումով:
Հակառակ ընտրութիւններուն դեմոկրատներու արձանագրած ջախջախիչ պարտութեան, ամերիկահայերը յաջողեցան սատարել Քոնկրեսի իրենց աջակիցներուն՝ անկախ անոնց կուսակցական պատկանելիութենէն: Դեռ աւելին, կը սպասուի, որ պահպանողական նորընտիր Քոնկրեսը աւելի անհանդուրժողական գտնուի Թուրքիոյ հանդէպ, Իրանի հետ անոր սիրաբանութիւններուն եւ Իսրայէլի հետ վիճաբանութիւններուն պատճառով:
Իրապէս, ամերիկահայ ընտրողները մեծ դեր ունեցան որոշ մրցարշաւներու մէջ: Ներկայացուցիչներու տան 152 անդամներուն (զոյգ կուսակցութիւններէն) աւելի քան 95 տոկոսը, որուն կը սատարէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, վերընտրուեցաւ, անոնց կարգին՝ Քոնկրեսի ամերիկահայ երկու անդամներ՝ Քալիֆորնիայէն դեմոկրատներ Աննա Իշու եւ Ճաքի Սփիեր: Մինչ այդ, պարտուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի քանի մը գլխաւոր ընդդիմադիրներ, որոնց կարգին էր Նիւ Եորքէն դեմոկրատ քոնկրեսական Մայքըլ ՄաքՄահոն՝ Թուրքիոյ աննկուն ջատագովը: Ան պարտուեցաւ հանրապետական Մայքըլ Կրիմի դիմաց, Նիւ Եորքի հայկական եւ յունական համայնքներու համատեղ ջանքերուն շնորհիւ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը վայելող Ծերակոյտի վեց թեկնածուներէն հինգը յաղթեցին. անոնց շարքին էին դեմոկրատական մեծամասնութեան առաջնորդ Հերի Ռիտ (Նիւ Եորք), ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր (Քալիֆորնիա), Չաք Շումըր (Նիւ Եորք) եւ Պարպարա Միքուլսքի, ինչպէս նաեւ հանրապետական քոնկրեսական Մարք Քըրք (Իլինոյ)՝ Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահը, որ յաջողութեամբ վարեց ծերակուտականի իր ընտրարշաւը: Այլ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին Քալիֆորնիոյ եւ Մեսեչուսեցի նահանգապետներ Ճերի Պրաուն ու Տեւալ Փաթրիք, Ամերիկայի հայկական համայնքին աջակցութեամբ:
Թէեւ շատ պաշտօնեաներ կորսնցուցին իրենց տեղերը, սակայն Քոնկրեսի Հայկական հարցերով զբաղող խումբի անդամներուն 95 տոկոսը եւ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի աջակիցներուն 90 տոկոսը վերընտրուեցան: Ընդհանուր առմամբ, ամերիկահայերը այս ընտրութիւններուն մէջ յաջողութեան հասան, հիմնականօրէն այն պատճառով, որ Քոնկրեսի իւրաքանչիւր անդամի քուէարկեցին՝ հիմնուելով անոր դիրքորոշումներուն, այլ ոչ թէ՝ անոր կուսակցական պատկանելիութեան վրայ: Հակառակ պարագային՝ հայերու կողմնակիցներէն շատերը պիտի պարտուէին, իսկ հակառակորդներէն շատերը՝ պիտի յաղթէին:
Այս ընտրութիւնները ինչպէ՞ս պիտի ազդեն հայկական հարցերուն վրայ: Պէտք է յիշենք, որ Քոնկրեսի՝ ներկայի անդամներու գործունէութեան ժամկէտը պիտի աւարտի 2011ի Յունուարին, եւ միայն այդ ժամանակ Նոյեմբերի 2ի ընտրուողները յանձն պիտի առնեն իրենց տեղերը: Նախքան ընտրութիւնները Կոնկրեսի կիսատ մնացած գործերը պիտի շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ մինչեւ Յունուար, որմէ ետք կախեալ մնացած բոլոր նշանակումները, բանաձեւերն ու օրինագիծերը պէտք է դարձեալ ներկայացուին:
Ներկայի Քոնկրեսի երկու տուներուն համար առաջնային խնդիրը Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումն է: Ծերակոյտին մէջ այս օրինագիծը տակաւին պէտք է քննարկուի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ: Իսկ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը պէտք է հաստատէ ընթացիկ տարուան Մարտին, իր Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ ընդունուած բանաձեւը: Քանի որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատները կորսնցուցին մեծամասնութիւն ըլլալու հանգամանքը, ապա ասիկա Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի վերջին առիթն է կատարելու սոյն բանաձեւի վաւերացման մասին իր խոստումը, նախքան իր պաշտօնի լիազօրութիւններուն յանցնումը՝ Յունուարին: Եթէ որեւէ քայլ չառնուի մինչեւ այդ ժամանակ, ապա Ցեղասպանութեան բանաձեւը պէտք է կրկին ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան: Եթէ նոյնիսկ յաջորդ խօսնակը՝ քոնկրեսական Ճոն Պոենըր (հանրապետական-Օհայօ) անցեալին դէմ արտայայտուած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւին, շատ հաւանական է որ ան փոխէ իր դիրքորոշումը այս անգամ, նկատի ունենալով հանրապետականներուն խիստ դժգոհութիւնը Թուրքիոյ հակա-արեւմտեան քաղաքականութենէն:
Միաժամանակ, Ամերիկայի հայ համայնքին համար մեծ նշանակութիւն ունի Մեթիու Պրայզայի՝ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածութեան հարցը, որ յետաձգուած է 2009 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր, ինչպէս նաեւ՝ Ֆրանսիս Ռիքարտիոնիի թեկնածութիւնը Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին, որ նոյնպէս թափուր մնացած է 2010ի Յուլիսէն:
Պրայզայի նշանակումը խափանուեցաւ ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Ռապըրթ Մենենտեզի կողմէ կրկնակի «կասեցում»ով (hold): Խիստ անհաւանական է, որ Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներու «փոխանցման» նստաշրջանին անոնք հրաժարին իրենց կասեցումներէն: Այս պահուն, նախագահ Օպամայի ամենախելացի ընտրութիւնը՝ Ծերակոյտին նոր թեկնածու մը առաջադրելն է դեսպանի պաշտօնին համար՝ արագացնելով ԱՄՆ դեսպանին նշանակումը Ատրպէյճանի մօտ: Սակայն եթէ Օպաման Յունուարին դարձեալ պնդէ Պրայզայի թեկնածութեան վրայ, ապա Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանին նշանակումը կը յետաձգուի եւս քանի մը ամիսով:
Միւս կողմէ, Ռիքարտիոնի աւելի մեծ առիթ ունի Թուրքիոյ դեսպան դառնալու համար, որովհետեւ ծերակուտական Սեմ Պրաունպաք (հանրապետական-Քենսաս), որ կը կասեցնէր անոր նշանակումը, Նոյեմբեր 2ին Քենսասի նահանգապետ ընտրուեցաւ: Եթէ ծերակուտական Պրաունպաք մինչեւ Յունուար հրաժարի Ծերակոյտի իր աթոռէն, եւ ոեւէ այլ ծերակուտական կասեցում չդնէ Ռիքարտիոնիի թեկնածութեան վրայ, ապա, մինչեւ Նոր Տարի, ան կրնայ դեսպանի պաշտօնին վրայ հաստատուիլ: Հակառակ պարագային, նախագահ Օպամա կրնայ՝ կա՛մ դարձեալ առաջ դնել անոր թեկնածութիւնը, կա՛մ ալ նոր թեկնածու մը առաջարկել Յունուարին, երբ նորընտիր Քոնկրեսը պիտի գումարէ իր առաջին նստաշրջանը: Սակայն, եթէ մէկ այլ ծերակուտական կասեցում դնէ Ռիքարտիոնիի թեկնածութեան վրայ, ապա Թուրքիան եւս քանի մը ամիսով պիտի զրկուի ԱՄՆ դեսպանէ:
Անկախ Ռիքարտիոնիի ճակատագիրէն, հաւանաբար Թուրքիան լուրջ դժուարութիւններ ունենայ նոր Քոնկրեսին հետ, որովհետեւ նորընտիր հանրապետականներուն մեծ մասը դժգոհ է Անգարայի իսլամական վարչակարգէն եւ անոր իրանամէտ ու հակաիսրայէլեան քաղաքականութենէն:
Յարութ Սասունեան «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր