ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին, թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութիւնը զգայացունց բացայայտում մը կատարեց. թրքական ահաբեկչական խմբակ մը ծրագրած էր սպաննել 2009ի Մարտ 22ին Թուրքիա այցելած հայ պատգամաւոր մը:
Յենուելով անվտանգութեան ծառայութենէն ձեռք բերուած տեղեկատուութեան վրայ՝ «Ճիհան» գործակալութիւնը բացայայտեց, թէ «Թրքական վրիժառուներու միութիւն» կազմակերպութեան (Turk Intikam Birligi Teshkilati) անդամներ Մութլու Էրտողան եւ Սելճուկ Օնուր Օզիլմազը ծրագրած էին սպաննել ՀՅԴ կուսակցութեան անյայտ ղեկավարներէն մէկը: Անոր՝ Թուրքիա գտնուելուն մասին, ահաբեկիչները տեղեկացած էին, երբ անյայտ ղեկավարը թրքական բջիջային հեռախօս ձեռք բերած էր:
Պոսթընի մէջ լոյս տեսնող «Արմինիըն Ուիքլի» ՀՅԴ շաբաթաթերթը կ՛ենթադրէ, որ թրքական ահաբեկիչներուն թիրախը կրնար ըլլալ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեանը, որ Թուրքիոյ մէջ կը մասնակցէր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) համաժողովին՝ իբրեւ այդ կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի հաշուեքննիչ յանձնաժողովի նախագահ:
Ահաբեկչական խումբի անդամները հեռախօսազրոյցի ժամանակ քննարկած էին Նռանեանը սպաննելու իրենց ծրագիրը, սակայն որոշած էին յետաձգել մտադրուած գործողութիւնը՝ իմանալով, որ անվտանգութեան ուժերը կը հետեւին իրենց: «Թող քանի մը ամիս անցնի, այնուհետեւ, առանց շտապելու կ՛իրականացնենք մեր գործողութիւնը: Մենք ձեռքերնիս ծալած պիտի չնստինք», իրարու ըսած էին դաւադիրները հեռախօսային զրոյցին ընթացքին, որ վերահսկողութեան ենթարկուած էր թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանը մտահոգութիւն յայտնած էր, թէ «Նռանեանի՝ Թուրքիա մեկնելու մասին լուրը, մատչելի դարձած է ահաբեկչական կազմակերպութեան», նկատել տալով, որ «նման տեղեկատուութիւն կրնար տրամադրուիլ միայն թրքական պետութեան կողմէ»:
Մինչդեռ, թրքական ոստիկանութեան զեկոյցը կը հաստատէ, որ կապ մը եղած է ահաբեկչական խումբին եւ «Էրկենեքոն»ին՝ զինուորական եւ հետախուզական պաշտօնեաներու գաղտնի խումբի մը միջեւ, որ իրականացուցած է ահաբեկչական գործողութիւններ, անոնց շարքին նաեւ քաղաքական սպանութիւններ՝ Թուրքիոյ մէջ քաոս եւ անկայունութիւն ստեղծելու համար, ընտրուած կառավարութիւնը տապալելու նպատակով:
«Նռանեանին այցը գաղտնի չէր, բայց միեւնոյն ժամանակ բարձր մակարդակի այցելութիւն էլ չէր: Ուստի, շատ հնարաւոր է, որ դաւադրութեան կազմակերպիչները այդ տեղեկատուութիւնը ստացած լինեն թրքական կառավարութեան աղբիւրներից», «Ամինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Մենք հարցին լրջօրէն ենք վերաբերում՝ փորձելով որքան հնարաւոր է՝ շա՛տ տեղեկութիւններ ձեռք բերել», աւելցուցած է ան:
«Տեղեկութիւնը շատ մտահոգիչ է, քանի որ այն համապատասխանում է մի շարք փաստերի», ըսած է Մանոյեան՝ նշելով. «Մի երկրում, որտեղ Հրանդ Տինքի նման անձնաւորութիւնը, որն «աղաւնի» էր համարւում, գնդակահարուեց օրը ցերեկով, մեզ չէր կարող զարմացնել, որ Թուրքիայի կողմից, սովորաբար «բազէների» կուսակցութիւն համարուող ՀՅԴ անդամը թիրախ դառնար»: Իրապէս, պարզուած էր նաեւ, որ «Էրկենեքոն» խումբը նոյնիսկ մտադիր էր սպաննել Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը:
Զարմանալի է, որ այսպիսի լուրջ բացայայտումէ ետք Հայաստանի կառավարութեան ոեւէ պաշտօնեայ նեղութիւն չքաշեց՝ հանդէս գալով յայտարարութեամբ մը կամ դատապարտման ուղերձով: Նոյնիսկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը ձայն չբարձրացուց՝ իր օրէնսդիր մարմինին անդամը սպանութեան թիրախ դառնալու լուրերուն առնչութեամբ:
Կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ճնշում գործադրէր Անգարայի վրայ՝ երեւան հանելու համար, թէ ահաբեկչական խումբը ինչպէ՞ս տեղեկացած է հայ պատգամաւորին Թուրքիա կատարելիք գալիք այցելութեան մասին. արդեօք հեռախօսային ընկերութեան աշխատակիցի՞, «վիզա»ներու թուրք ծառայողի՞ կամ պետական ոեւէ պաշտօնեայի միջոցով, որ տեղեակ եղած է Նռանեանի՝ ՍԾՏՀ համաժողովին մասնակցելու ծրագիրին մասին:
Հայաստան պէտք է Թուրքիայէն պահանջէ մանրամասն հետաքննութիւն կատարել այս սպառնալի միջադէպին առնչութեամբ, եւ քայլերու ձեռնարկէ՝ երաշխաւորելով, որ հայ բարձրաստճան պաշտօնեաներու հետագայ այցերուն մասին տեղեկութիւններու արտահոսք չի կատարուիր ահաբեկիչներուն: Եթէ պաշտօնական Երեւանը չհամոզուի, որ թրքական կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն բան կ՛ընէ՝ հայ այցելուներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ կամ զբօսաշրջիկ պէտք է ոտք դնէ Թուրքիա, եւ ոչ մէկ հայ մարզիկ կամ մարզական խումբ պէտք է մասնակցի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մրցաշարերուն: Ո՛չ մէկ ֆութպոլային դիւանագիտութիւն: Նաեւ, ոչ մէկ սփիւռքահայ պէտք է այցելէ Թուրքիա, մինչ նոր ծանուցում:
Սակայն, զարմանալիօրէն, որոշ միամիտ հայեր չեն գիտակցիր, թէ արձակուրդ անցընելու համար Թուրքիա մեկնելով՝ անոնք ոչ թէ պարզապէս այլ երկիր կը մեկնին, այլեւ՝ մուտք կը գործեն թշնամի տարածք: Քանի տակաւին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն չունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, հիւպատոսական ոեւէ հայ պաշտօնեայ չի կրնար օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ տարածքին վրայ վտանգի մէջ յայտնուած հայ քաղաքացիի, ինչպէս պատահեցաւ հայ յղի կնոջ հետ, որ սպաննուեցաւ Անգարայի մօտակայքը, ինչպէս նաեւ ծեծի ենթարկուած հայ ընտանիքին հետ, որ իր արձակուրդը կ՛անցընէր Անթալիոյ մէջ:
Հայերը հնարաւոր բոլոր միջոցներով պէտք է մահափորձի այս դէպքը բարձրացնեն համաշխարհային լրատուամիջոցներով ու միջազգային հանդիպումներու ընթացքին, յատկապէս ՍԾՏՀ համաժողովին մէջ, Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջելով ծանր մեղադրանքներ ուղղել ահաբեկիչներուն, բացայայտել հետաքննութեան արդիւնքները եւ կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկել, նախքան մէկ այլ պաշտօնական պատուիրակութիւն Թուրքիա գործուղելու Հայաստանի համաձայնութիւնը:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր