ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Ճիւմհիւրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թասքի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ, որ Հայկական Հարցը քննարկուի իրաւական, գիտական եւ ընդգրկուն ձեւով, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ ատոր քաղաքականացման դէմ է։
Պատասխանելով լեհ լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ՝ «Հանդիպման ժամանակ քննարկուա՞ծ է հայկական կոտորածներու հարցը։ Արդեօք կարելի՞ է, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան կարենայ անդամակցիլ, առանց Հայկական Հարցի լուծման», Էրտողան պատասխանած է. «Մեծ օգուտ կայ, որ հարցը իրաւական, գիտական, ընդգրկուն ձեւով դրուի քննարկումի սեղան։ Մենք սխալ կը նկատենք այդ նիւթին առնչութեամբ քաղաքական մօտեցումները։ Խորհրդարաններուն մէջ այդ հարցը կը դրուի քուէարկութեան, իսկ քուէարկողները տեղեակ չեն այդ հարցին։ Ատիկա կը վերաբերի նաեւ Միացեալ Նահանգներուն։ Պիտի ուզէինք, որ Լեհաստանը հետագային հարցին առնչութեամբ ցուցաբերէ գիտական եւ իրաւական մօտեցում։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ապա բանակցային գործընթացի գլուխներուն մէջ այդ հարցին նուիրուած որեւէ առանձին բաժին չկայ»։