ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռուսռեփ.ռու» կայքէջը ներկայացուց «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած մէկ փաստաթուղթը, ուր կ՛ըսուի, թէ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները զուսպ, սակայն մտերիմ են։ Երկու երկիրներուն մէջ ալ կան իրարանման աշխարհաքաղաքական դժուարութիւններ, եւ երկու երկիրներն ալ Իրանը իրենց ապահովութեան սպառնալիքը կը նկատեն։
Իսրայէլ իր առաջնակարգ ռազմական արդիւնաբերութեամբ եւ յաճախորդներուն նկատմամբ մեղմ պահանջներով կատարեալ գործընկեր կը նկատուի Ատրպէյճանի համար, որուն պաշտպանական կարիքները զգալի չափով կը մնան չբաւարարուած Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ կողմէ, ինչ որ ունի տարբեր պատճառներ, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած իրավիճակը։
Փաստաթուղթին մէջ կը մէջբերուին զէնքերու առեւտուրը նկարագրող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը. «Ասիկա միայն սառցաբեկորի վերի բաժինն է, որուն 9/10 մասը ջուրին տակն է»։ Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, թէ Իսրայէլի հետ սերտ կապերու շնորհիւ, Ատրպէյճանի հասանելի կը դառնան բանակին զարգացման համար հարկաւոր արդիական զէնքեր: Տարբեր իրաւական սահմանափակումներու պատճառով, Ատրպէյճան այդպիսի ճարտարագիտութիւն չի կրնար ստանալ՝ ո՛չ Միացեալ Նահանգներէն, ո՛չ Եւրոպայէն, ոչ ալ Պելոռուսէն եւ Ուքրանիայէն։ Այն պարագային, երբ Արեւմուտքի միւս երկիրները, մտավախութիւն ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատերազմի նոր ալիք հրահրելէ՝ կը զգուշանան Ատրպէյճանին ցամաքային ռազմական համակարգեր վաճառելէ, Իսրայէլ ազատ է բանակի էական զինամթերքի մատակարարման գործարքներ կատարելու հարցին մէջ՝ հարուստ յաճախորդներէն ստանալով մեծ օգուտ։
Սեպտեմբեր 2008ին, Ատրպէյճան, առանց աւելորդ աղմուկի, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կնքած է համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն, տեղական երեք ընկերութիւններուն կը թոյլատրուի մատակարարել ականանետեր, ռազմամթերք, հակազդող հրետանի եւ հաղորդակցութեանց սարքաւորումներ։
Ստոյգ կերպով յայտնի չէ, թէ ատրպէյճանցիները ճիշդ ի՛նչ գնած են, սակայն յայտնի է, թէ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի համաձայնագիր կնքուած է։ Ատրպէյճան «Իսրայէլեան ռազմական ճարտարարուեստներ» ընկերութենէն արդէն ստացած է «Լինքս» համազարկային կրակի 122 մմ.ոց համակարգը։
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Փենթակոնի վերջին հաշուետուութեան համաձայն, Ատրպէյճանը իսրայէլեան ընկերութիւններէն մէկուն հետ կնքած է համաձայնութիւն մը՝ ստեղծելու առանց օդաչուի թռչող սարքերու արտադրութեան ուղղուած միացեալ ձեռնարկութիւն մը, որուն 51 առ հարիւրը պիտի պատկանի Ատրպէյճանի։
Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ այդ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու գործնականութիւնը կ՛ընդգծուի Ատրպէյճանի կողմէ Իսրայէլի ճանաչումով եւ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան համախմբումներուն՝ Իսրայէլի անուղղակի մասնակցութեամբ։ Իսրայէլ Ատրպէյճանը կը գործածէ իբրեւ Իրանի մէջ հետախուզական գործողութիւններու մեկնակէտ եւ իբրեւ ռազմական սարքերու շուկայ. «Մեզի համար ակնյայտ է, որ երկու երկիրները տակաւին լիովին բաւարարուած չեն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններով», կ՛ըսուի փաստաթուղթին մէջ։