ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գիտութեան յառաջացման ամերիկեան միութիւնը (AAAS), որ գիտնականներու մեծագոյն միութիւնն է աշխարհի մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին հրապարակած է արբանեակային լուսանկարներու բաղդատական մը, որ առանց որեւէ կասկածի կը հաստատէ, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բնաջնջած են Նախիջեւանի պատմական գերեզմանատան հազարաւոր խաչքարեր:
Այս մասին ուսումնասիրութիւնը կարելի է կարդալ www.aaas.org/news/releases/2010/1208azerbaijan_intro.shtml համացանցային կայքէջին վրայ:
Հինգ տարի առաջ, աւելի քան հարիւր ատրպէյճանցի զինուորներ նկարահանուած էին խաչքարերը բնաջնջելու արարքին ընթացքին: Բնաջնջուած են մօտաւորապէս 3000 խաչքարեր, սակայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արտօնութիւն չեն տար միջազգային կազմակերպութեանց, որ այս բնաջնջումին փաստերը տեղւոյն վրայ քննեն:
ՄԱԿի հովանիին տակ գործող մշակութային արժէքներու պահապանը նկատուող «Եունեսքօ»ն եւս լուռ կը մնայ մշակութային ցեղասպանութեան այս արարքին դիմաց: