ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ ցնցիչ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ ԱՄՆ դաշնային վերաքննիչ դատարանը իրաւական եւ քաղաքական մեծ յաղթանակ շնորհեց ամերիկահայերուն: Դատարանը վերատեսութեան ենթարկեց աւելի վաղ ընդունած իր որոշումը եւ սահմանեց, թէ կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ ներկայացուող դատական հայցերուն վերջնական ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքը սահմանադրական էր:
Նոր որոշումը շատ աւելին էր, քան սոսկ աջակցութիւն մը՝ ուղղուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն՝ ապա-հովագրական ընկերութիւններու դէմ չվճարուած պահանջներու հայցեր ներկայացնելու համար: Անիկա նաեւ կանխեց թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ հնարաւոր դատական գործը, որ կրնար ի չիք դարձնել Միացեալ Նահանգներու տեղական եւ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած տասնեակ տարիներու պայքարը:
2009ին, ԱՄՆ 9րդ շրջանի դաշնային վերաքննիչ դատարանը կայացուցած էր որոշում մը, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ 2000 թուականին ընդունուած օրէնքը՝ մինչեւ 2010ի Դեկտեմբեր 31 երկարաձգող ապահովագրական պահանջներու վաղեմութեան ժամկէտներուն մասին, հակասահմանադրական է, որովհետեւ յղում կը պարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Դատարանի «2-1» որոշումով դատարանը վճռեց, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգը խախտած է արտաքին քաղաքականութեան իրաւասութիւնը, որ ըստ ԱՄՆ սահմանադրութեան, վերապահուած է դաշնային կառավարութեան: Դաշնային երեք դատաւորներէն երկուքը պնդած էին, թէ նահանգին ընդունած օրէնքը կը հակասէր դաշնային կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող քաղաքականութեան:
Ի պատասխան 2009 թուականի վերաքննիչ դատարանի կայացուցած որոշումին, յօդուածներէս մէկուն մէջ նշած էի, թէ դատաւորներ Տէյվիտ Թամսըն եւ Տորոթի Նելսըն սխալած էին յայտարարելով, թէ Քոնկրեսին ու նահանգներուն արգիլուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունումը: Երկու դատաւորները, իրենց կարծիքը արտայայտելու ընթացքին, ընտրած ու մատնանշած էին միայն այն բանաձեւերը, որոնք չէին հաստատուած՝ անտեսելով, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, երկու անգամ՝ 1975ին եւ 1984ին, բանաձեւեր ընդունուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, իսկ 1981ին, նախագահ Ռեկըն նախագահական հռչակագիր մը ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Նշեալ յօդուածին մէջ ես նաեւ գրած էի, թէ ԱՄՆ կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող պաշտօնական քաղաքականութիւն մը չունի: Միաժամանակ, զարմանք յայտնած էի, թէ ինչո՞ւ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազէն չէր պահանջուած, որ այս գործին առնչութեամբ իրաւական զեկոյց մը ներկայացէր՝ պաշտպանելով նահանգը այդ անհիմն մեղադրանքներէն, որ, իրբ թէ, անիկա ԱՄՆ սահմանադրութեան հակասող օրէնք ընդունած է:
Նկատի ունենալով դատարանի 2009 թուականի որոշումին ունեցած լուրջ հետեւանքները՝ պաշտպանեալներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատին համար, (Կիրակոս եւ Կիրակոս», «Քապաթեք», «Պրաուն», «Քելներ» իրաւաբանական գրասենեակներու եւ «Եղիայեան» իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ բացուած դատին վերաքննութեան համար ներգրաւուեցան «Bingham McCutchen»էն փաստաբաններ Տէյվիտ Պալապանեան, Տէյվիտ Սալմոնս եւ Էրըն Քոնրոյ: Սոյն դատական գործի վերաքննութեան աջակցութեան համար, իրաւական զեկոյցներով դատարանի դիմեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Հայ իրաւաբաններու միութիւնը, «Զօրեան» հիմնարկը, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը, «EarthRights International»ը, Սահմանադրական իրաւունքներու կեդրոնը, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը եւ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազ Ճերի Պրաունը:
2010ի Դեկտեմբեր 10ին, նոյն վերաքննիչ դատարանը՝ միեւնոյն դատական կազմով, սահմանեց, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքով Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարելը «Չի հակասեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան»: Դատաւոր Նելսըն, փոխելով դիրքորոշումը՝ միացաւ դատաւոր Հէրի Փրեկըրսընի՝ յօգուտ հայցը ներկայացնողներուն: «Մենք հասանք այն եզրակացութեան, որ չկայ որեւէ դաշնային քաղաքականութիւն, որ կ՛արգիլէ նահանգներուն օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը», ըսելով՝ մեծամասնութեան կարծիքը արտայայտեց դատաւոր Փրեկըրսըն: Ան մէջբերումներ կատարեց «դաշնային գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու տարբեր յայտարարութիւններէ՝ ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման»: Ան յատկապէս մէջբերեց ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին երկու բանաձեւերը, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռեկընի՝ 1981 թուականի նախագահական հռչակագիրը: Դատաւոր Փրեկըրսըն նշեց նաեւ, թէ «Դաշնային կառավարութիւնը երբեք չէ ընդդիմացած 43 նահանգներէն որեւէ մէկուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով»:
Այս որոշումի կայացումէն ետք, դատական հայցը՝ ընդդէմ գերմանական ապահովագրական երեք ընկերութիւններուն, կրնայ վերսկսիլ՝ ճանապարհ բանալով ապահովագրական այլ ընկերութիւններու դէմ հայցեր ներկայացնելու, հաշուի առնելով վերաքննիչ դատարանի 11 դատաւորներու լրիւ կազմին կողմէ հնարաւոր վերանայումը:
Բացի ատկէ, ամերիկահայերը այժմ կրնան վերաքննիչ դատարանին որոշումը օգտագործել՝ համոզելու համար Քոնկրեսի այն անդամները, որոնք մերժած էին աջակցիլ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման՝ ունենալով այդ անհիմն մտավախութիւնը, թէ անիկա կրնայ հակասել Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան: Դատարանի որոշումը բացայայտօրէն ցոյց տուաւ, թէ ԱՄՆ կառավարութիւնը երբե՛ք չէ ժխտած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ երբե՛ք դէմ չէ արտայայտուած Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու, գաւառներու եւ նահանգներու կողմէ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման: Վերաքննիչ դատարանի որոշումը պէտք է փոխանցուի Քոնկրեսի բոլոր անդամներուն, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար անձանց եւ Սպիտակ տան:
Դատական հայց ներկայացուցած գերմանական ապահովագրական երեք ընկերութիւններու փաստաբան Նէյլ Սոլթման նշած է, թէ ինք ապշած էր վերաքննիչ դատարանի կայացուցած որոշումէն: Իսկ Թուրք-ամերիկեան միութիւններու համագումարի նախագահ Կունայ Էվինչ, որոշումը որակած է «աննախադէպ», «քաղաքականացուած» եւ «խայտառակ»:
Յատկանշական է, որ հայերը գերմանական ապահովագրական ընկերութիւնները դատի տուած են Քալիֆորնիոյ մէջ, եւ թուրքերը իրար անցած են. անոնք, իրապէս, լուրջ հիմքեր ունին անհանգստանալու համար:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր