Սան Ֆրանսիսքոյի (Քալիֆորնիա) շրջանէն Սամուէլ Սեւեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ հանդիսանալով երկրին ճատրակի ամենափոքր տարիքի վարպետը:
Ան 2201 կէտ ապահովելով՝ այս կարեւոր իրագործումին հասաւ 9 տարի, 11 ամիս ու 11 օրէն, ինչ որ 11 օրով աւելի կանուխ է քան նախկին մրցանիշը, որ հաստատուած էր Նիքըլըս Նիփի կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.