
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի հրաւիրած Դեկտեմբեր 16ի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ԱԺ արտահերթ նստաշրջանի խմբակցութեան պոյքոթին եւ անոր տուած արդիւնքներուն:
«Մեր կեցուածքը դրական արդիւնք տուեց, մեզ յաջողուեց ի վերջոյ 24 օրինագիծ ընդհանրապէս հանել. մեծ մասամբ հանուած են երկրորդ ընթերցումները. առաջին ընթերցմամբ որեւէ բան քննարկելու մենք դէմ չենք», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան եւ աւելցուց, որ ասիկա խորհրդարանական պայքարի դէպքն է, որ պսակուած է յաջողութեամբ: Վահան Յովհաննիսեան կրկնեց, թէ իրենց համար ընդունելի չէր այսքան ծանր օրակարգով ԱԺ արտահերթ նստաշրջանը, որուն միջոցով կառավարութիւնը կը փորձէր «սղացնել» շարք մը օրինագիծեր: «Խնդիրը օրինագծերը չեն, խնդիրը օրինագծերի քննարկման ձեւն է: Վերջապէս ցանկացած պատգամաւոր, խմբակցութիւն եւ յանձնաժողով պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ քննարկելու ներկայացուած օրինագիծը, եւ վերջապէս՝ մարսելու այն: Տուեալ դէպքում ակնյայտ է, որ կառավարութիւնը փորձ է արել շրջանցել առանձին պատգամաւորներին, խմբակցութիւնների տեսակէտները եւ յանձնաժողովների եզրակացութիւնները», յայտարարեց ան:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 16ի նիստին ընթացքին, հանրապետականներուն եւ դաշնակցականներուն միջեւ տեղի ունեցած է բանավէճ մը: Ընդհանրապէս, կառավարութեան (որ խորհրդարանականներու դատին ներկայացուցած է 35 օրինագիծ) նախաձեռնութեամբ գումարուած արտահերթ նստաշրջանը յառաջացուցած է ազգի ընտրեալներուն դժգոհութիւնը, որոնք յայտարարած են, թէ ժամանակ չեն ունեցած ծանօթանալու օրինագիծերուն:
Այդ կապակցութեամբ, ՀՅԴն ընտրած է բողոքի ծայրայեղ միջոց՝ պոյքոթի ենթարկելով խորհրդարանին նիստը: Դաշնակցականներուն քայլը տուած է իր արդիւնքը, քանի որ Դեկտեմբեր 16ի նիստը սկսելէ ետք, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած է, որ կառավարութիւնը վերցուցած է շարք մը օրինագիծեր: Վահան Յովհաննիսեան այդ առումով նկատել տուած է. «Մեզ, ի հարկէ, կարելի է շնորհաւորել սրա համար, սակայն ես շարունակում եմ մնալ իմ այն մտքին, որ հայրենի կառավարութիւնն աւելի հեշտօրէն փոխզիջման է գնում թուրքերի, քան՝ սեփական ժողովրդի հետ»:
ԱԺ նախագահը՝ ակնյայտօրէն դժգոհ Յովհաննիսեանի արտայայտած միտքէն՝ հրահանգած է անջատել անոր բարձրախօսը: Իսկ հանրապետական Գագիկ Մելիքեան այդ պահուն կոպիտ արտայայտութիւն ունեցած է Յովհաննիսեանի հասցէին, որ իր կարգին յայտնած է. «Չհամարձակուես գոռալ իմ վրայ»:
Այնուհետեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան յայտարարած է, որ եթէ կառավարութիւնը չփոխէ իր աշխատաոճը, կուսակցութիւնը պայքարի այլ միջոցներու պիտի դիմէ: