
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 16ին, պաշտօնանկ եղած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանը: Զայն պիտի փոխարինէ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեանը, իսկ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին կը նշանակուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան փոխնախագահ Վաչէ Գաբրիէլեանը: Ըստ տարբեր աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն, յառաջիկային կը սպասուի նաեւ գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերդեանի, բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեանի եւ քանի մը այլ նախարարներու պաշտօնանկութիւնը: