ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կազմակերպութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ «Մեսրոպեան» վարժարանին, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 31ին պիտի կայանայ Նոր Տարուան աւանդական ճաշկերոյթը-խրախճանքը, եկեղեցւոյ «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Երեկոն պիտի խանդավառէ «DJ Andy»ն ու տեղի պիտի ունենայ բախտախաղ: Պիտի ըլլայ նաեւ երեխաներու յատուկ բաժին մը:
Մուտքի սակը 95 տոլար է, իսկ 12 տարիքը չբոլորած երեխաներուն համար՝ 35 տոլար: Ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ «Մեսրոպեան» վարժարանին:
Սրահին հասցէն է՝ 900 W. Lincoln Ave., Montebello, 90640. Տոմսերու համար դիմել (323)727-1113 թիւին: