ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ամէնէն հրատապ հարցը դիմագրաւումն է գաղափարախօսական եւ քաղաքական այն չարաշահումներուն, որոնք աջէն թէ ձախէն կը կատարուին այսպէս կոչուած «պետական մտածողութեան» անունով։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ կեղծ ու մանաւանդ ապազգային «պետական մտածողութիւն»ը ուղղակիօրէն կը սպառնայ Հայ Ժողովուրդի վերահաւաքման, Հայոց Հայրենիքի ամբողջացման ու վերամիաւորման եւ Ազգի Պետականութեան լիարժէք վերականգնման մեծագոյն մարտահրաւէրը նուաճելու հաւաքական մեր ոգորումին։
Ազգային ինքնահաստատման մեր երթին ոչ մէկ ոսոխ հարուած կը հասցնէ այնքան խորերէն, ոչ մէկ ցեց հաւաքական մեր ուժն ու կամքը կրծելու եւ ջլատելու կը ծառայէ այն աստիճան, որքան օտարամոլութեան, նմանակման, այլասերման եւ ուծացման ներքին չարիքը, մանաւանդ երբ պճնուած է «պետական մտածողութեան» պս-պղուն զարդերով։
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեայ երթը վկայ, որ ամէն բախտորոշ քայլափոխի, ազգովին դէմ յանդիման կանգնեցանք՝ «պետական մտածողութեան», «պետական շահ»ի եւ «պետականութեան» անունով, նոյնինքն ազգային մեր պետականութեան լիիրաւ վերականգնումը եւ ազգային մեր հիմնական իրաւունքներուն ու շահերուն պետականօրէն հետապնդումը արգելակող այդ չարիքին։
«Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»ի պետական հանգանակէն «Միացեալ»ը զեղչելու զիջումին գացինք այդպէս՝ յանուն «պետական իրատեսութեան»։
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ժողովրդավարական համակարգը վերականգնելու ճամբուն վրայ, դարձեալ կեղծ «պետական շահ»ի տրամաբանութեամբ, գաղափարախօսական հիմնաւորում փնտռեցինք խորհրդարանական կառավարումը մերժելու եւ, փոխարէնը, նախագահական կեդրոնաձիգ իշխանութեան այս կամ այն օտարամուտ բնորդին նմանակը հաստատելու վարքագծին։
Բնականօրէն հետեւեցաւ ձեւականօրէն յանուն «պետական իրապաշտութեան», բայց էապէս ապազգային քաղաքականութենէ թելադրուած յաջորդ զիջումը՝ ծանրակշիռ տեղատուութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային–ազատագրական պայքարին նորագոյն զարթօնքին նուաճումէն, իրողապէս ազատագրուած հայկական Արցախը ատրպեճանական լուծին եւ տիրապետութեան վերադարձնելու «Պատերազմ, թէ խաղաղութիւն» կոչերով։
Բայց աջի թէ ձախի ապազգային գաղափարախօսութեան դիրքերէն օգտագործուող «պետականութեան» նենգափոխեալ բառապաշարը՝ jargon-ը իր ամբողջական մերկութեամբ հանդէս եկաւ մանաւանդ այն ատեն, երբ իբր թէ Հայաստանի «պետական շահերուն» պաշտպանութեան համար անխուսափելի հրամայական հռ-չակուեցաւ այսպէս կոչուած հայեւթուրք հաշտեցման քաղաքականութեան որդեգրումը… Հայ Դատի պահանջատիրութենէն հիմնական զիջումներու գնով Թուրքիոյ «բարեացակամութիւն»ը եւ Հայաստանի ապաշրջափակումը ձեռք բերելու «իրատեսութիւն» քա-րոզելով։
Հայ քաղաքական միտքը բառին ծանրագոյն իմաստով շնչահեղձ դարձաւ նենգամտօրէն գործածուած կեղծ ու ապազգային «պետականութեան» բառապաշարին գարշահոտութենէն։
Հրապարակ խուժեցին՝
– «Հայեւթուրք անցեալի տխուր էջը փակելու եւ վաղուան սերունդներուն առջեւ յուսալի էջ բանալու» ամբոխավարական կոչեր, որոնք Թուրքիոյ վարիչներուն կողմէ պատմական ճշմարտութիւնները ընդունելու դոյզն պատրաստակամութիւնն իսկ չտեսած՝ սկսան բոպիկնալ եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան քարոզներ հնչեցնել…
– Պառակտիչ ձայներ, որոնք տակաւ ջերմացող ազգային միասնականութեան մթնոլորտը սառեցուցին՝ մաղձ թափելով, թէ «Սփիւռքը իրաւունք չունի արհամարհելու Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու հրամայականը», ինչ որ առաւելագոյնս շահարկուեցաւ Թուրքիոյ վարիչներուն կողմէ, Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարու հակադրելու նպատակով։
– Հայ Դատի պայքարին ընդհանրապէս հակադրուած եւ հայկական պահանջատիրութիւնը «սկզբունքայնօրէն մերժող» գաղափարախօսութիւնը, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն ի՞նչ օգուտ կայ Հայաստանին» յանկերգով՝ փորձեց «պետական մտածողութեամբ» իբր թէ հիմնաւորել ու արդարացնել այլապէս սոսկ ապազգային իր վարքագիծը։
Կարելի է երկարել «պետականութեան» անունով կատարուող նմանօրինակ չարաշահումներու եւ նենգափոխումներու թւումն ու մերկացումը, բայց այսքանն ալ բաւարար է՝ հայ քաղաքական մտքին դիմագրաւած ներքին չարիքը ախտորոշելու եւ ախտազերծման ելքը հունաւորելու համար։
Քսան տարեկան է ահա վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ ծայր աստիճան դժուարին ճամբայ մը հարթելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ ամէն քայլափոխի՝ հասնելու համար իր այսօրուան կայացած պետութեան մակարդակին։
Կայացած պետութիւն՝ քաղաքական ու տնտեսական, հասարակական եւ զինուորական, հոգեբարոյական ու մշակութային իր կեանքն ու կռուանները կազմակերպելու եւ օրինականօրէն կառավարելի դարձ-նելու իմաստով։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիւրին չանցաւ պետականօրէն կայացման այս ուղին։
Թէեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային պայմանները նպաստաւոր դասաւորում ունեցան եւ նոյնիսկ պարտադրեցին իբրեւ անկախ պետութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան կայացումը, բայց հայ ժողովուրդը հայրենի իր հողին վրայ ծանրագոյն եւ վայրագ հասարակափոխութեան տոկալու՝ իյնալու եւ ոտքի կանգնելու գնով հարթեց պետականօրէն կայացման իր ուղին։ Արցախի ազատագրութեան համար զոհուած իր լաւագոյն զաւակներուն արեան գնով նուաճեց ազատ ու անկախ ապրելու իր իրաւունքը։ Աւելի քան մէկ միլիոնի արտագաղթով ծանրագոյն ներքին արիւնահոսութիւն ունեցաւ եւ հայ հասարակութեան հիմնական հիւսուածքին՝ հայկական ընտանիքի քայքայման սպառնալիքը դիմագրաւեց, բայց կրցաւ յաղթահարել վտանգը, շնորհիւ պանդուխտ հայ մարդոց սեփական արմատներուն կառչած մնալու վճռականութեան։ Խորհրդային Միութեան փլատակներուն տակ ճզ-մուեցան տնտեսական եւ հասարակական բնոյթի պետական բոլոր ենթակառոյցները, իսկ այն՝ որ լրիւ քարուքանդ չեղաւ կամ որոշ չափով օգտագործելի մնաց խորհրդային կայսրութեան փլուզումէն ետք, այդ ալ հասարակական օգտագործման իմաստով փոշիացաւ նորաստեղծ իշխանաւոր դասակարգի յափշտակումներով՝ ծայրայեղ չքաւորութեան մատնելով մեր ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը։ Սեփական իշխանութեանց եսակեդրոն այդ ընչաքաղցութեան չարիքէն եւս վերապրեցաւ հայրենի հայութիւնը, որովհետեւ փարեցաւ սեփական ուժերով ու աշխատանքով իր ընտանիքին հանապազօրեայ հացը վաստակելու ազգային կենսունակութեան։
Անկախութեան քսանամեակի գլխագրային, այլեւ ընդհանուր այս արժեւորումը հիմնովին թերի պիտի ըլլայ, եթէ ըստ արժանւոյն հաշուի չառնուի 1988ի համաժողովրդային շարժման ակունքներուն կանգնած անհատ գործիչներու եւ կազմակերպ ուժերու քաղաքական ու քաղաքացիական ներդրումը՝ անկախ պետականութեան կայացման գործին մէջ։ Հակառակ իշխանաւորներու հետեւողական ճնշումներուն տակ ներքաղաքական կեանքի լուսանցքը մղուելու վտանգին, այդ ուժերն ու գործիչները դրսեւորեցին դիմադրականութիւն ու հաստատակամութիւն, որպէսզի հասարակափոխութեան ճգնաժամային պայմաններուն տակ անգամ չվտանգուին Հայաստանի անկախութիւնն ու Արցախի իրողական ազատագրումը, իսկ մեր ժողովուրդը չկորսնցնէ ազգային սեփական պետականութիւնը կառուցելու եւ ամրապնդելու յոյսն ու հաւատքը։ Թէեւ անկախութեան քսան տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխող քաղաքական համակարգը շարունակաբար խոչընդոտեց ժողովրդավարական ընտրութիւններու օրինապահ ճանապարհով սեփական ժողովուրդին Կամքը արտայայտելու, յարգելու եւ ամրագրելու հնարաւորութիւնը, այսուհանդերձ՝ իշխանաւոր վերնախաւի ինքնավերարտադրման ճիգերը անարգել չընթացան։ Իւրաքանչիւր ընտրական փուլ յատկանշուեցաւ իշխանափոխութեան եւ այլընտրանքային լուծումներու համար մղուած նախընտրական բուռն պայքարով։
Նոյնպէս ի մտի պէտք է ունենալ նաեւ սփիւռքի հայութեան ներդրումը Հայաստանի իբրեւ անկախ պետութիւն կայացման գործին մէջ՝ ոչ միայն տնտեսական օժանդակութեանց, վարկերու ապահովման եւ ուղղակի ներդրումներու առումներով, այլեւ աշխարհով մէկ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական վարկը ամրապնդելու եւ նորանկախ մեր պետականութեան համար արտասահմանեան ազդեցիկ ուժի կռուաններ ստեղծելու ճակատներուն վրայ։
Միայն Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակին նուիրուած ընդհանուր արժեւորման խորհրդածութիւններ չեն այս նշումները։ Անոնց խորապատկերին վրայ կը շեշտուի եւ կը հիմնաւորուի այն ախտաճանաչումը, որ պետական իշխանութեան եւ պատասխանատուութեան դիրքը թէեւ անհրաժեշտ պայման է, բայց բաւարար չէ, որպէսզի պետական այրերու քաղաքական քայլերը կամ կողմնորոշումները ինքնաբերաբար կրեն կնիքը պետական մտածողութեան։
Որոշապէս ազգային խորքով ու բովանդակութեամբ պետական մտածողութեան համար անհրաժեշտ են ե՛ւ ազգային պետականութեան մշակոյթ, ե՛ւ ազգային գաղափարախօսութիւն, ե՛ւ ազգային շահերու ու առաջնահերթութեանց վրայ հիմնուած քաղաքական վարքագիծ, որ միայն ազգի ազատութեան, հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան լիարժէք կայացման պայմաններուն մէջ կրնար զարգանալ եւ արմատաւորուիլ։
Հայաստանի հանրապետութեան վերանկախացումով հայ ժողովուրդը տիրացաւ իբրեւ պետական ազգ ապրելու պատմական հնարաւորութեան, բայց հայ քաղաքական մտքի ինքնահաւատարմութենէն կախեալ է, թէ մեր ժողովուրդի պատմական զարգացումով բիւրեղացած ազգային արժէքներու համակարգը որքանո՛վ հիմքը կը կազմէ մերօրեայ հայ պետական մտածողութեան։
Եւ այն չափով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր զարգացումը կը հունաւորէ ազգային մեր հիմնական շահերուն եւ անկորնչելի իրաւունքներուն պետական պաշտպանութեան ուղղութեամբ, այդ չափով կը կայանայ հայոց ազգային պետականութեան մշակոյթը։
Ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութեան ծանօթ չէ լիարժէք պետական մտածողութեան կայացման եւ զարգացման այլ ուղի։
Այդ իմաստով ալ հայ պետական մտածողութեան հետ աղերս չունին, այլ միայն ապազգային «պետական մտածողութեան» նմանակման փորձեր են գաղափարախօսական եւ քաղաքական այն շահարկումները, աջէն գան անոնք թէ ձախէն, որոնք ազգայինն ու պետականը կը հակադրեն իրարու։