ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրք «հեքըր»ներ (կայքահէն-Խմբ.) աշխարհով մէկ լայնածաւալ արշաւի սկսած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին դէմ, եւ իբրեւ հակազդեցութիւն՝ քանդած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող 6713 կայք: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տոկան» գործակալութիւնը:
Ըստ նոյն աղբիւրին, իրենց «1923 թուականի թրքական խումբ» յորջորջող թուրք հեքըրները յարձակումներ կ՛իրականացնեն այն բոլոր կայքերուն դէմ, որոնք իրենց էջերուն մէջ տեղ կը յատկացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հրապարակումներու: Կայքերը շարքէն հանելէ ետք, թուրք հեքըրները կը տեղադրեն անգլերէն եւ թրքերէն հետեւեալ գրութիւնը. «Մի հաւատաք հայերու սուտերուն. ամենամեծ ցեղասպանութիւնը դո՛ւն իրականացուցած ես, Ամերիկա՛»:
«Մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւնները բոլոր այն երկիրներուն դէմ, որոնք կը յանդգնին թշնամական եւ վիրաւորական յայտարարութիւններ ընել Թուրքիոյ հասցէին», յայտարարած են «1923 թուականի թրքական խումբ»ի ներկայացուցիչները: