ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին «կասկածելի» որակեց ԵԽԽՎի մէջ Ղարաբաղի հարցով զբաղող ենթայանձնաժողովին աշխատանքները վերականգնելու մասին ԵԽԽՎ Բիւրոյին որոշումը: «Գործընթացը կասկածելի է մեզ համար, եւ կասկածելի է այն հարցը, թէ այն կարո՞ղ է լինել օպյեքթիւ (առարկայական-Խմբ.), թէ ո»չ, ըսաւ Դաւիթ Յարութիւնեան:
«Հայկական պատուիրակութեան անունից ուզում եմ ասել, որ մենք չենք ուզում մասնակցել այն աշխատանքներին, որոնք ունեն ապակառուցողական բնոյթ», յայտարարեց ան եւ նշեց, որ տակաւին պարզ չէ, թէ ինչո՛վ պիտի զբաղի յիշեալ ենթայանձնաժողովը, քանի որ անոր ստեղծման առաջին իսկ օրէն, այդ յանձնաժողովին բոլոր քայլերը դատապարտուած եղած են ձախողութեան:
«Հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւնների առումով, Վեհաժողովին ակնյայտ միակողմանի մօտեցումն ակներեւ է», յայտնեց Յարութիւնեան՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ իրենք տակաւին չեն որոշած՝ պիտի մասնակցի՞ն ենթայանձնաժողովի աշխատանքներուն, թէ ոչ: Ըստ անոր, իրենք երբեք չեն մասնակցիր այնպիսի գործընթացի մը, որ պիտի վնասէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին:
«Սա նոր հարթակ է փոխադարձ մեղադրանքներ ներկայացնելու համար», յանձնաժողովին մասին իր մտահոգութիւնը յայտնեց հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավարը: