ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, անցեալ Կիրակի Միւնիխէն վերադարձին, «Զաման»ի թղթակից Ապտուլհամիտ Պիլիճիի հետ ունեցած է զրոյց մը, որուն ընթացքին դրսեւորած է խիստ յատկանշական դիրքորոշում մը:
Թրքական դիւանագիտութիւնը նոր մակարդակի բարձրացուցած այս քաղաքագէտը պէտք է մասնակցէր Միւնիխի միջազգային ապահովութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովի մը՝ իբրեւ զեկուցող, սակայն, ան որոշած է «պոյքոթ»ի ենթարկել այն նիստը, որուն մասնակիցներէն մէկը Իսրայէլի ներկայացուցիչն էր:
Տաւութօղլու իր «պոյքոթ»ը հիմնաւորած է ըսելով, որ ինք կը մերժէ ներկայ ըլլալ որեւէ ժողովի, որուն մասնակից կ՛ըլլայ իսրայէլացի պաշտօնատար մը, այնքան ատեն, որ Իսրայէլ կը մերժէ ներողութիւն խնդրել՝ Մայիս 31ին պաղեստինցիներու մարդասիրական օգնութիւն տանող նաւուն վրայ կատարուած յարձակումին ընթացքին թուրք քաղաքացիներու սպանութեան համար:
Բաւական սկզբունքային այս դիրքորոշումը՝ ճկուն դիւանագէտի համբաւով անձի մը կողմէ՝ իսկապէս ուսանելի է, մանաւանդ մեր դիւանագէտներուն համար, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի թուրք պաշտօնատարներ պետական նշանակութեամբ մեր ձեռնարկներուն հրաւիրելուն:
Այդ ձեռնարկներէն մէկը Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնն է, որուն առթիւ, շրջանիս հիւպատոսարանը ահա, քանի տարի է իր կազմակերպած յատուկ հանդիսութիւններուն կը հրաւիրէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Այս կարգավիճակով թուրք դիւանագէտի ներկայութիւնը որեւէ ձեռնարկի մը, կը խռովէ իւրաքանչիւր հայու հոգին, կը վիրաւորէ անոր սիրտը: Վստահ ենք, որ հրաւիրողները եւս այնքան ալ հաճոյքով չեն ընդունիր թուրք դիւանագէտին ներկայութիւնը: Ուրեմն՝ ինչո՞ւ հրաւիրել: «Հետեւի՛նք» Տաւութօղլուի քայլերուն: Չհրաւիրենք թուրք դիւանագէտները մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը: (Այս նիւթը ինծի յուշած է ընթերցող մը)