
Հոլիվուտի «Փոքրիկ Հայաստան» քաղաքամասին մէջ կան ազգային բազմաթիւ մտահոգութիւններ։ Գլխաւորը՝ հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնն է, որուն անհրաժեշտ է զարկ տալ։
Այստեղ կը գործեն ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցին, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը։ Այս՝ զիրար ամբողջացնող կազմակերպութիւներն ու հաստատութիւնները կը ձգտին գործել աւելի սերտ ու միահիւսուած կերպով, լաւագոյնս ծառայելու նոր սերունդի օտարման հոսանքը կասեցնելու եւ ազգապահպանման վեհագոյն նպատակին։
Շրջանին մէջ գործող «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, իր դերին գիտակից ու պատնէշի վրայ արթուն կանգնած՝ կը փորձէ դիմագրաւել տեղական մարտահրաւէրները, ի մի բերել բոլորին ջանքերը ու լաւագոյնս շահագործել Հոլիվուտի նորակառոյց Հայ կեդրոնը, որպէսզի այս հայաշատ համայնքին ուժերը ձեռք ձեռքի տուած՝ հետապնդեն իրենց նպատակը։
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Փետրուար 9ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ տեղական կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն ու ղեկավարներուն միջեւ՝ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար։
Հանդիպման ներկայ էին ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄի վարչականները, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, հոգաբարձութեան անդամներ եւ երեսփոխաններ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնն ու Ուսումնական մարմինի անդամներ։
Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան բաց հռչակեց հանդիպումը եւ հրաւիրեց իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ՝ կազմակերպութեան խօսքը, տեսակէտն ու առաջարկները ներկայացնելու։ Ելոյթ ունեցողները գնահատանքով արտայայտուեցան տիրող ներդաշնակ փոխյարաբերութիւններու մասին եւ շեշտը դրին նոր Հայ կեդրոնը աւելի եւս կենսունակ դարձնելու առաջնահերթութեան վրայ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ աշակերտական արտադասարանային, թատերական եւ սկաուտական որոշ գործունէութիւն տեղի կ՛ունենայ ակումբին յարկին տակ, դեռ եւս ակումբին հնարաւորութիւնները լիարժէք չեն օգտագործուած նախատեսուած նպատակներուն ծառայելու համար։ Նշուեցաւ այն ճշմարտութիւնը, թէ մարդուժի եւ անցեալի փորձառու ընկերներու պակասի պատճառով, գործունէութիւնը զգալիօրէն տկարացած է։ Բոլորը մատնանշեցին, թէ նոր կեդրոնը իր ներկայ հնարաւորութիւններով կրնայ նպաստել շատ աւելի լայնածաւալ գործունէութեան եւ առաջարկներ ներկայացուցին, որ ակումբը դառնայ հայ կեդրոն՝ աւանդական իմաստով, ուր տեղի ունենան հրապարակային միջոցառումներ եւ դասախօսական ձեռնարկներ. ակումբը անհրաժեշտ է դարձնել երիտասարդական հանդիպումներու եւ հայ ընտանիքներու ժամադրավայր։
Նոյն առիթով կազմակերպուած ընթրիքէն ետք ներկաները մեկնեցան՝ նման հանդիպումներ աւելի յաճախակիօրէն կազմակերպելու համաձայնութեամբ: