
ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ.- Անցեալ Կիրակի, 6 Մարտին, ՀՕՄի «Ջաւախք» յանձնախումբի կազմակերպած տարեկան նաւապտոյտը իր հանգանակային առաջադրանքը բարեյաջող կատարեց՝ գոյացնելով աւելի քան քառասուն հազար տոլար, որ պիտի տրամադրուի ջաւախքի մէջ երիտասարդական երրորդ կեդրոնը բանալու եւ այլ հասարակական ծրագիրներու:
Ձեռնարկի թղթակցութիւնը եւ յաւելեալ նկարներ տեսնել՝ «Գաղութի Կեանքէն» բաժինով : Նկարին մէջ՝ օրուան պատուոյ հիւրերը Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններ, Հայկուշ Քոհլըր եւ Ժասիկ Ջառահեան: