ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Սամիա Ամուսնացա՞ծ էք
Արտաշէս – Ոչ
Ժիլ – Այո, այոa, նա ամուսնացած է, երկու անգամ, եւ երկու անգամ էլ խեղճ տղայի բախտը չի բերել. առաջին կինը թողեց գնաց, երկրորդը՝ մնաց ու մնաց:
«Դոն Ժուան Avia»ի հերոսները ժամանակակից կերպարներ են՝ Ժիլը Փարիզում բնակուող յաջողակ սփիւռքահայ է, Արտաշէսը՝ կանացի բժիշկ, որ Ֆրանսիա է ժամանում հայաստանեան հիւանդանոցին նուիրաբերուած բժշկական սարքաւորումները տանելու: Իրադարձութիւնները ծաւալւում են Արտաշէսի, Ժիլի եւ տարբեր աւիաընկերութիւններում աշխատող երեք հայ ուղեկցորդուհիների միջեւ, ովքեր ճակատագրի բերումով յայտնւում են միաժամանակ Ժիլի փարիզեան բնակարանում:
Իրավիճակների բնականութիւնը, կերպարների համոզիչ խաղը, հումորի անսպառ պահերով յագեցած սիւժէն՝ համեմուած արեւելահայերէնով, արեւմտահայերէնով ու ղարաբաղեան բարբառով, 2 ժամից աւելի լիաթոք ծիծաղի անմոռանալի պահեր պարգեւեցին Լոս Անջելեսի հայ հանդիսատեսին:
Ներկայացման առանձնայատկութիւններից էր հնչող լեզուն, որ պարզ էր ու հասանելի ամերիկահայ հանդիսատեսին: Ըստ հեղինակների այս հնարքը գործածուել էր՝ ներկայացումը մատչելի դարձնելու հայերէնի տարբեր բարբառներով խօսող աշխարհասփիւռ բոլոր հայերին:
«Դոն Ժուան Avia»ն նաեւ հիանալիօրէն ներկայացնում է Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնների ներկապնակը՝ վառ կերպով մատուցելով տարբեր երկրներում բնակուող հայերի արժէքային համակարգը, սովորութիւնները, լեզուական, բարբառային առանձնայատկութիւնները:
Մարտի 18ը իւրատեսակ թատերական տօն էր Գլենդելում, որտեղ Ալեքս թատրոնի լեփ լեցուն դահլիճում աննախադէպ յաջողութեամբ կայացաւ «Դոն Ժուան Avia» ներկայացման ամերիկեան պրեմիերան: Յատկանշական էր բեմում տարբեր սերունդներ ներկայացնող դերասանների ներդաշնակ խաղը, ինչն առաւել հետաքրքիր էր դարձնում բեմադրութիւնը: Թատրոնի վաստակաւոր ու սիրուած դերասաններ Հրանտ Թոխատեանի ու ֆրանսահայ դերասան Նարեկ Դուրեանի կողքին, ուղեկցորդուհիների մարմնաւորած հայ երիտասարդ դերասանուհիներ Թամարա Պետրոսեանը, Լուիզա Ներսիսեանն ու Նաիրա Մովսիսեանը, իրենց խաղով նաեւ հաճելի անակնկալ մատուցեցին սփիւռքահայ հանդիսատեսին միաժամանակ վկայելով, որ Հայաստանի թատրոնի ապագան լուսաւոր է:
Անսալով ներկայացման մանրամասները ներկայացնելու ցանկութեանս, նշեմ, որ դերասանները կարողացան սկզբից մինչեւ վերջին րոպէները հանդիսատեսին ներգրաւուած պահել՝ փոխանցելով նաեւ հայկական շունչը:
«Մենք պէտք է հասկանանք, որ միասին մեծ ուժ ենք եւ համախմբուենք հայրենիքի՝ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ», «Ասպարէզ»ին տուած բացառիկ հարցազրոյցում նշել էր թատերական, հասարակական յայտնի գործիչ Հրանտ Թոխատեանը: Յաւելենք, միայն, որ «Դոն Ժուան Avia»ն այս հարցը լուծում է իւրովի բեմում միաւորելով Հայաստանի, սփիւռքի ու Ղարաբաղի բնակիչներին՝ միաժամանակ ընդգծելով նրանց նմանութիւնն ու առանձնայատկութիւնները, ինչով էլ առաւել է մօտենում իր բազմատարր հանդիսատեսին:
«Լեւոն Թրաւել» ընկերութեան հովանաւորութեամբ «Դոն Ժուան Avia»ն ամերիկահայ հանդիսատեսին կը ներկայանայ Մարտի 26ին Սան Ֆրանցիսկոյում, Մարտի 27ին Ֆրեզնոյում, Ապրիլի 17ին Գլենդելում:
Սան Ֆրանցիսկօ, Խաչատուրեան հայկական համայնքային կենտրոն, Մարտ 26, ժամը՝ 7.30, հեռ. 415-586-8686
Ֆրեզնօ, Մարտի 27, ժամը՝ 4, հեռ. 559 298 0445
Լոս Անջելես, Ալեքս թատրոն, Ապրիլ 17, ժամը՝ 20.00.
Տոմսեր կարելի է ձեռք բերել նաեւ այցելելով՝ www.Ticketmicket.com
Անցած շաբաթավերջին, հիւսիս-ամերիկեան շրջագայութեան մը ընթացքին, Մոնթրէալի մէջ երկու անգամ տեղի ունեցած «Դոն Ժուան Avia» թատերական ներկայացումը ամօթալի, գայթակղեցուցիչ եւ խստօրէն դատապարտելի միջադէպ մը կը հանդիսանայ:
Ընդհանուր «թատերգութիւնը» կը միտի հայերու միջեւ տարբերութիւններ մատնանշելու եւ ցուցադրելու, չափազանցեալ կերպով, եւ ընդհանուր անբարոյութեան, յետամնացութեան, աժան զավեշտի եւ գռեհկութեան շրջագծի մը մէջ:
Այժմու ժամանակներուն, երբ Թուրքեան եւ իր դաշնակիցները բացայայտօրէն կը ջանան տարակարծութիւններ ու խրամատներ գոյացնել կամ խորացնել Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, մինչ «մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդը» համահայկական միակ փրկարար հասկացողութիւնն ու էական սկզբունքը աւելի քան երբեք այժմէական են ու կենսական, հայ ժողովուրդը պէտք չունի ներազգային պառակտումները ընդգծող – եւ ծիծաղի ճամբով՝ քաջալերող ու սաստկացնող -այսպիսի ցաւալի եւ անորակ ձեռնարկներու, ի շահ միայն զայն արտադրողներու դրամապնակին:
Իսկ Արցախն ու Արցախցիները յատկապէս շեշտակի ծաղրանքի կ’ենթարկուին խնդրոյ առարկայ թատերգութեան մէջ: Եւ այս մէկը արդէն լիովին նորութիւն էր մեզի համար…
Նոյն օրերուն երբ հայոց տեւապէս վտանգուած, ծայրագոյն զոհաբերութեամբ ազատագրուած ու պահպանուող այդ հողաշերտի սահմաններու վրայ հազիւ 18 տարեկան հայ զինուորներ կը սպաննուին, երբ այդտեղի բնակչութիւնը ենթարկուած է անասելի ճնշումի եւ սպառնալիքներու, երբ թշնամին մինչեւ իսկ պաշտօնապէս կը յայտնէ թէ հռթիրով պիտի կրակէ Երեւանը Ստեփանակերտին միացնող առաջին ոչ-զինուորական օդանաւին վրայ, ընդունելի՞ է այսպիսի խեղկատակութիւն:
Թատերգութեան առաջին պահերուն իսկ, Արցախուհին բեմի վրայ կը ներկայացուի որպէս կարգին պոռնիկ, որու սեռային անյագ պահանջքները գոհացնելու դժուարութիւն ունի սփիւռքահայը, որ իր գանգատը կը յայտնէ այդ ուղղութեամբ: Խորհրդանշական բացատրութիւնը շահեկան է, շնորհակալութիւն…
Իսկ երբ որ նոյն սփիւռքահայը, առանց տափատի, ու իր խոշոր փորը շոյելով կը սկսի ծաղրել ու ծիծաղիլ, Խնձրեստան գիւղի անունը կոպտօրէն արտասանելով, կ’երեւի օգտակար կ’ըլլայ այստեղ նշել թէ ան կը խօսի – ի միջի այլոց – Բեկոր Աշոտի ծննդավայրի մասին…
Երեւանի կարգ մը մթին շրջանակներու մէջ գիտէինք որ գոյութիւն ունի հակա-արցախեան այս գարշելի հակումը: Սակայն նորութիւնը այն է թէ, ըստ երեւոյթին, այժմ միտում կայ այդ թոյնը սրսկելու համայն Սփիւռքի մէջ… Այս երեւոյթին քաղաքական ու գաղափարական հետեւանքներու կարելիութիւնը ահազանգային կացութիւն կը ստեղծէ: Արդեօք այսպիտի երեւութապէս աննշան – սակայն խորքին մէջ ազդու – միջոցներով, մասսայական հոգեբանութեան մէջ ողբերգական «զիջումներո՞ւ» կը պատրաստեն հայութիւնը…
Իսկ եթէ այս ամէնուն դիմաց պատասխանը այն է թէ «աման պէ՜, եղած-չեղածը խնդալիք բան մըն է, պէտք չէ ամէն բան խորացնել», շատ լաւ, շատ բարի, սակայն ատիկա ընդունելի պիտի ըլլար միայն եթէ, այսպիսի ծիծաղաշարժ զբօսանքներու կողքին, Սփիւռքը իսկական, տեւական ու մնայուն զօրաշարժի մէջ ըլլար արցախեան հիմնախնդրի առնչութեամբ, – եւ կամ գոնէ, եթէ ընդհանրապէս ազգային գիտակցութեան եւ ըմբռնողութեան վերաբերեալ խոր ու էական մտահոգութիւններ, տագնապալից խնդիրներ գոյութիւն չունենային, ամենուրեք, յատկապէս նոր սերունդներու կապակցութեամբ – :
Երբ որ այլեւս կը մնայ միայն մակերեսային, թեթեւսոլիկ ու անմիտ խնդուքը, կացութիւնը… բնաւ ծիծաղելի չէ:
Հայդուկ Շամլեան
04-04-2011
Մոնթրէալ, Գանատա