ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- ԱՄՆի «Քարնըկի» հիմնադրամին մէջ, Մարտ 28ին տեղի ունեցած ղարաբաղեան հակամարտութեան նուիրուած համաժողովին ընթացքին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի (ՄԽ) ամերիկացի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանօ յայտարարած է, թէ «ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները վստահ էին, որ Քի Ուեսթի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի չստորագրուի»։
«Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի փոխանցումով, Քերի Քաւանօ ներկայացուցած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ առկայ իրավիճակը իր համանախագահութեան օրով:
Քաւանոյի փոխանցումով, 2000ի սկիզբը, երբ Ճորճ Պուշ կրտսերը դեռ նոր ստանձնած էր ԱՄՆ նախագահի պաշտօնը, իր պաշտօնավարման առաջին իսկ շաբթուան ընթացքին, ան աշխուժօրէն ներգրաւուած էր ԼՂ բանակցութիւններուն մէջ՝ յոյս ունենալով խթանել կարգաւորման գործընթացը:
«Ատիկա նաեւ պայմանաւորուած էր այն հանգամանքով, որ այդ հանգրուանին, միջազգային ասպարէզին մէջ ճգնաժամային իրավիճակները շատ չէին, եւ ստեղծուած էր լաւ հնարաւորութիւն՝ ԼՂ հարցին արագ լուծումներ գտնելու տեսանկիւնէն», յայտարարած է Քաւանօ՝ աւելցնելով, որ այդ պարագային, առկայ էր նաեւ միջազգային կառոյցներու եւ շարք մը արեւմտեան պետութիւններու համար նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Սակայն, այդ կարգաւորումը տեղի չունեցաւ, աւելի ուշ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներուն պատճառով:
ԵԱՀԿ ՄԽի ամերիկացի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանօ անդրադարձած է 1999ի Հոկտեմբեր 27ին, ՀՀ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան՝ նշելով, որ այդ ահաբեկչութեան կրնար զոհ դառնալ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանը, որ այդ ժամուն, խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հետ «հարցուպատասխան»ին մասնակցելու փոխարէն, Քաւանոյի եւ միւս համանախագահներուն հետ «Զուարթնոց» օդակայանի ճանապարհին եղած է: