
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 30ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Գեղամ Գրիգորեանի ծննդեան 60 ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան:
Նախագահ Սարգսեան, հայ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ Գրիգորեանի ներդրած նշանակալի աւանդին, օփերային երգարուեստի բնագաւառին մէջ անոր ունեցած ակնառու ձեռքբերումներուն համար, զայն պարգեւատրած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով:
Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, հանրապետութեան ղեկավարը շնորհաւորած է Գեղամ Գրիգորեանը յոբելեանին առթիւ, եւ անոր յանձնած պետական պարգեւը:
Նշենք, որ աշխարհահռչակ թենորը առաջիններէն էր, որ յաղթահարելով խորհրդային պատնէշները՝ կրցաւ ժամանակին նուաճել նաեւ արեւմտեան օփերայի բեմերը:
Մեծ է Գեղամ Գրիգորեանի աւանդը, յատկապէս Լիթուանիոյ օփերային թատրոնին մէջ: 1999ին, փոխարինելով Տիգրան Լեւոնեանը՝ ան ստանձնեց Երեւանի օփերայի թատրոնին գեղարուեստական ղեկավարի եւ գլխաւոր բեմադրիչի պաշտօնը: Այդ տարիներուն, յաջորդաբար բեմ բարձրացան Տիգրանեանի «Անոյշ» ու «Դաւիթ Բէկ», Վերտիի «Թրաւիաթա» եւ Չուխաջեանի «Արշակ Երկրորդ» օփերաները: