ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարիներ առաջ էր:Հալէպի մէջ, այդ օրերուն մեր ակումբէն ներս վարչական պատասխանատու անդամ էի եւ կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ ներկայացուցիչ, ոչ միայն մեր միութեան ֆութպոլի խումբին պիտի ընկերանայի, որ Տէր Զօր պիտի երթար մրցելու տեղական խումբին դէմ, այլ նաեւ վերջապէս բախտը պիտի ունենայի այցելելու, տեսնելու այն վայրը՝ անապատն ու գետը, զորս հայ ժողովուրդի զաւակները կը յիշեն ամէն տարի: Անոնք յարգանքով կ՛արտասանեն անոր անունը, հաւատքով մոմ ու խունկ կը ծխեն եւ մանաւանդ բարձրաձայն կ՛ուխտեն այնտեղ:

Տէր Զօր երթալու կամ մեկնումի այս լուրը հազիւ մօրս հաղորդած, արդէն գործի լծուելով ան սկսած էր ճամբորդական փոքր ծրար-պայուսակիս պատրաստութեան, միեւնոյն ժամանակ ցած ձայնով բաներ մը մրթմրթալով:
Նախ կարծեցի, թէ դժկամութեան արդիւնք էին այդ բառերը: Չմիջամտեցի, այլ ինքզինքս զբաղած ձեւացնելով, փորձեցի աւելի մօտենալով ուշադրութեամբ հետեւիլ իր բառերուն:
– Ես միլիոն տարի ալ մնամ, չեմ ուզեր այդ քաղաքը երթալ, հիմա յստակօրէն կը լսէի իր ձայնը: Խեղճ հայրս, քահանայ իր այդ վիճակով, տարիներ շարունակ գնաց-եկաւ ու ամիսներով հոն մնաց: Իբրեւ հոգեւոր հովիւ Հալէպէն զինք միշտ հոն կը ղրկէին, ահաւոր ջարդին ու ոճիրին իբրեւ հետեւանք՝ կատարելու համար թաղումներ եւ կամ ալ անյոյսներուն՝ իրենց վերջին հաղորդութիւնը տալու: Կ՛երթար ու վերջը վերադարձին ամիսներով հիւանդ կը պառկէր ու իր պատմածներով մեզ ալ հետը կը հիւանդացնէր:
Հաւատացէ՛ք, որ մայրս եղեռն տեսած ու ապրած մա՛յրս, երբե ՛ք մեզի, կամ մեր ներկայութեան չէր խօսած, ոչ ալ պատմած այդ Մեծ ոճիրին եւ մանաւանդ իր կամ իր ընտանիքի անդամներուն տեսած ու «քաշած» չարչարանքներուն մասին: Երբե՛ք: Ահն ու մահը պահած էր իր սիրտի եւ հոգիի փակ ու անտես խորշերուն մէջ: Անոր համար, ի տես այս անօրինակ երեւոյթին, հիմա հետաքրքրութիւնս սրած, ականջներս աւելի լայն բացած, իրեն մօտենալով սկսած էի հետեւիլ իր յուշերու այս փախստական, գաղտնի ու անկանոն թափառումներուն:
Բայց յանկարծ, իր ճիշդ քիթին տակ զիս գտնելով, ինքզինք զգաստութեան հրաւիրելով, կղպեց բերանը:
Բառերն ու կէս կատար նախադասութիւնները, մնացին օդին մէջ ու անհետացան:
Զղջացի բացայայտուելուս:

Զգացի, որ մայրս այդ վայրկեանին կեցած էր մեր պատմութեան եզրին ու իր աչքերուն մէջ տեսակ մը մեր ազգին մօտիկ անցեալի պատմութիւնն էր, որ իր թարմութեամբ կը տողանցէր:
Ինծի համար մայրս մեծ տառապանքով ու սարսափով մկրտուած կին մըն էր, վշտահար սրտով եւ բազմաշերտ զգացումներով: Այսչափ միայն իր ազգականներէն լսած էի: Այս բոլորը, կ՛եզրակացնէի անկեղծօրէն, հարազատ արդիւնքն էին իմ դէպի Տէր Զօր մօտալուտ այցելութեանս, որովհետեւ այս մէկն էր այն գլխաւոր պատճառը, որ իր ենթագիտակցութիւնը լայնօրէն կը բանար՝ ցոյց տալով մոռացութեան գիրկը նետած իր յուշերուն հսկայ ծրարը:
Այդ վայրկեանին դէմքին վրայ կը նշմարէի կեանքին հեգնանքը:
***
Մարզիկներու անհոգ աղմուկին հետ, յաջորդ օր ճամբայ ելանք: Մեքենավարի ճարպիկութենէն ու ճամբու մշուշանման աւազոտ փոշի փոթորիկէն միայն կախում ունէր մեր ճամբուն տեւողութիւնը:
Հանրակառքին մէջ, վարիչին կողքին նստած, հետս շալկած ու բերած էի մօրս երէկուան բառերը, կարճ ու անպաշտօն պատմութիւնն ու անկէ ծնած խորհուրդը: Մոլորուն աչքերս երկարօրէն յարած անապատային տօթ ու անկանոն ճամբուն վրայ, հոգեկան փլուզումէ մը փրկուելու համար մխիթարութիւն կը փնտռէի շարունակ:
Մխիթարուիլ: Այո՛: Բառ մը, որ կ՛ուշանար, կը պակսէր եւ կարծես ալ ցնդած ըլլար միտքիս բառարաններէն, մինչ դուրսը տակաւին արեւը կրակ կը մաղէր: Ճամբորդութեան անյայտ երկարութիւնը առիթ տուած էր ինծի նաեւ, որ ես աւանդութիւն մը յարգողի նման, ինքնաբերաբար մտաբերէի հայուն արիւնոտ խաչակրութիւնն ու անոր մեծ ու անմարդկային չարչարանքը:
Այդ պահուն ինքնաշարժին մէջ, ոչ ո՛ք տեսաւ նուիրական տրտմութիւնս, որ մեռելի նման կառչած մնաց միտքիս պատերուն վրայ:

Մինչ, աջ կողքիս պատուհանէն եւ մանաւանդ դիմացս ինքնաշարժի դէմքը պահող ապակիէն դուրսերը դիտելով մտովի կը խօսէի, ինծի այնպէս կը թուէր, թէ նայուածքներուս մէջ արդէն անյայտ ու կորած գերեզմաններ սկսած էին բացուիլ:
Չեմ յիշեր որչափ, բայց հաստատ գիտեմ, որ երկար ժամեր ետք յոգնած ու «ջարդուած» հասանք այն քաղաքը, որ կէս դար առաջ եղած ու դարձած էր հայոց ողբերգութեան անապատ քաղաքը:
Երեկոն մօտեցած էր:
Իջանք պանդոկ: Իբրեւ պատասխանատու՝ նախ ընկերակիցներս, պանդոկէն ներս շուտով տեղաւորեցի: Ապա պատառ մը հաց կերանք միասին: Բոլորին խստիւ թելադրեցի «դուրսերը չելլել» եւ միայն հանգիստ ընել, որովհետեւ վաղը մեծ մրցում ունէին, տեղւոյն յաղթական խումբին դէմ:
Տղաքը, մեծով ու պզտիկով, հնազանդեցան:
Ու այս բոլորէն ետք, ինչ մեղքս պահեմ, ես ինծի ազատութիւն տուի:
Կամաց մը պանդոկի արաբ պաշտօնեային մտերմօրէն հարցուցի, թէ գետը, այդ «նահր Ֆուրադը», Եփրատ գետը, ո՞ւր կը գտնուէր, ո՞ր կողմը եւ ինչպէ՞ս կարելի էր տեսնել:
-Քանի մը փողոց վար.- ըսաւ մարդը. եւ որովհետեւ օրը հետզհետէ կը մթննար զգուշացուց ու նոյնիսկ խստիւ պատրուիրեց, որ գետեզերքին շատ չմօտենայի:
Մարդուն վերջին բառերը հազիւ ականջիս մէջ, արդէն ինքզինքս գտած էի Եփրատի ափին:
Հիմա ես ու գետն էինք:
Վերջապէս իրար հանդիպեցանք:
Զինք տարիներ առաջ նախակրթարանի հայերէն դասագիրքերուս ցամաք ու սեւ էջերուն վրայ միայն տեսած էի: Ուրախ էի, ոչ թէ իրապէս ուրախ, այլ տեսակ մը անբացատրելի տխուր ուրախութիւն մը պատած էր սիրտս:
Ներքին եւ մանկական յափշտակութեամբ մը նախ ագահի նման սկսայ զինք դիտել:
Օրուան այդ պահուն տեսանելի էին միայն քանի մը ծոյլ նաւակներ, որոնք գետին հոսքին դէմ կը պայքարէին իրենց կապուած տեղէն: Անդին, դիմացի ափէն, լսելի էր ձկնորսներու գիշերային աշխատանքի պատրաստութեան աղմուկը, որ շուտով կը կորսուէր Եփրատի ալիքներուն մէջ:
Անկախ այս բոլորէն, ինծի համար էականը այն էր, թէ հիմա իրապէս ես ու ինքն էինք:
Ես ապշած հայ մը, իսկ ինք՝ անտարբեր վազքով եւ պղտոր ջուրերու լայն հոսք մը:
Ես, կանգ առած իր ցեխոտ ափին, իսկ ինք՝ իր անզգայ ու դանդաղ հոսքը անհոգ շարունակող գետ մը:
Լուռ եմ, իսկ ինք կարծես տակաւին անտարբեր է ու աղմկոտ:
Այդ պահուն տխուր էր իր վազքը, որովհետեւ ես էի, որ մօրմէս «գողնալով» հետս բերած էի ազգիս պատմութիւնը ու թափած անոր ալիքներուն մէջ: Իր այդ պղտոր ջուրերուն մէջէն, կարծես ականջիս կը հասնէին աղաչաւոր ժողովուրդիս պաղատանքը:
Կ՛անդրադառնամ՝ հիմա մենք երեքով էինք.- ես, ժողովուրդիս Եփրատը ու քիչ մը անդին, հազիւ նշմարելի լոյսերու մէջ հետզհետէ կորսուող՝ քահանայ մեծ հօրս Տէր Զօրը:
Կը զգամ, որ արմատներս հետս են, հոգիիս մէջ, մահուան եւ անմահութեան սահմանին վրայ:
***
Վերջապէս որոշեցի իր հետ քալել: Սկսայ քայլերուս: Կարծես ուրուականներէ առաջնորդուած ըլլայի, կամ ալ ուխտաւոր մը, որ այս դարաւոր գետի ափին, երեկոյեան այս ժամուն, յամառօրէն կը քալէր:
Ճամբուս ընթացքին, այդ աղտոտ եւ ցեխոտ աւազին վրայ, կը զգայի, որ ոտքերուս տակ հազարաւոր հայերու արեան տաք ջերմութիւնը կար, իսկ ականջիս մէջ կը բզզար նոյն, անօրինակ ու տխուր մեղեդին, դառանակալ օձի կարմիր աչքերուն նման:
Ու այսպէս, իւրաքանչիւր քայլափոխիս ազգիս կենդանի պատմութենէն բաժին մըն էր որ կը բացայայտուէր ու ես յիշատակներու մշուշին մէջէն կը տեսնէի հայ անթիւ մեռեալներու հոգիները, որոնք ինծի կու գային եւ ապա դէպի վեր կը բարձրանային:
Գետի այդ մօտիկ ու վտանգաւոր ափին, անկախ տաք արիւնէն, կարծես ոտքերուս տակ կը ճարճատէին նաեւ գանկեր՝ անտիրական ու անորոշ:
Իր սիրականին հետքերը փնտռողի պէս կը քալէի: Կը քալէի շուարած ու մոլորուն, ի խորոց սրտէ մտերիմ զրոյց մըն ալ ընելով ես ինծի հետ:
Յանկարծ կ՛անդրադառնամ:
Աստուած իմ, կը բացականչեմ. քսաներորդ դարու առաջին մեծ ոճիրը հոս ի~նչ վայրագութեամբ հնձած է հայ մարդկային կեանքերը:
Արդեօք որչա~փ անէծք խառնուած է այս աւազներուն մէջ եւ որչա~փ ալ աղօթք:
Ու երկար կը մտածեմ: Կը զգամ, որ սգաւոր տառապանք մը կայ սրտիս մէջ: Հետզհետէ դէպի մութին վազող այս ժամերուն կ՛երեւակայեմ նաեւ, որ աղաւնիներու փոխարէն, ագռաւներ թեւածած են այս տաք անապատին վրայ, գիշեր թէ ցերեկ:
Կարծես արբեցած եմ:
Մէջս ինքնածին միլիոնաւոր բջիջներս կ՛երգեն: Լռութեամբ կը դիմակալեմ այս բոլորը: Հայու միսին եւ ոսկորին տիրանալու համար, կը կրկնեմ, մահն ու կեանքը որքան երկար ու օրերով կռուած էին այս անապատին մէջ ու երկուքն ալ յաղաթական դուրս եկած:
Առաջինը հնձած էր ազգիս կէսը: Սակայն երկրորդն էր կարեւորը: Երկրորդը հայու հրաշքին յաղթանակն էր:
Յանկարծ վրէժի զգացումներով տարուած քարացած ու անշարժացած կը մնամ: Չեմ յիշեր այսպէս որքան ատեն երկար կեցած կրկին կը մտածեմ:
Կարծես, մեր պապենական երկիրը բաւարար հող չունենար, իր մեռելներուն համար, ուստի զանոնք անապատները ղրկեց, կը մտածեմ, ու անկարգ ու արիւնաքամ աչքերով կը դիտեմ Եփրատի մութ ջուրերը ու կը սոսկամ:
Ո~հ, որքան զզուելի է մարդկային ապականութիւնը:
***
Ինքնաբերաբար կը վերցնեմ ափ մը հող:
Կը զգամ որ տակաւին պապերուս սիրտերը կը տրոփեն անոր տաք աւազին մէջ:
Հիմա այլեւս մոռցած եմ խումբ, մարզիկ, պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն:
Սիրտս ալ իր կարգին սկսած է հեկեկալ կարօտէն, անարդար ու դաժան զայրոյթէն, վրէժէն եւ սէրէն:
Ու վերջապէս խեղդուած ձայնով մը կ՛ըսեմ. Եփրատ, դո՛ւն տխուր գետ, դո՛ւն հարազատ եւ անարդար, դաժան եւ դարաւոր յիշողութեամբ հարուստ գետ, դո՜ւն, որ այս երեկոյ ինծի բերիր նախնիներուս դանդաղ շշուկներն ու հառաչները, դո՛ւն որ ականատես եղար հայու պարտադիր տառապանքին եւ դառնութեան, դուն իբրեւ վրէժ եւ ուխտ, յաւերժ պիտի մնաս ազգիս զաւակներուն յիշողութեան մէջ:
Իսկ դո՛ւն, Տէր Զօր, դո՛ւն, որ մեր ժողովուրդին կէսը թաղեցիր քու անապատներուդ գիրկը մարդկային կեանքի ամօթապարտ նաւաբեկութեան մէջ, դո՛ւն որ հայուն մեր ուրախութիւնը վերածեցիր արցունքի, իսկ երջանկութիւնը՝ տառապանքի, քե՛զ ալ, իբրեւ փիւնիկ պիտի յիշենք անկասկած:
***
Կը զգամ, որ ժամանակը հասած է: Պէտք է թափառումիս վերջ մը տամ:
Պանդոկ կը վերադառնամ: Կը մտնեմ սենեակ ու անկողինիս վրայ կը փռուիմ յոգնած, ուժասպառ ու ջղային:
Թէեւ սենեակը տաք էր, սակայն կը զգամ, որ ես կը մսիմ ու դող մը կ՛անցնի մէջէս՝ դաւադիր թշնամիի մը նման:
Հաստատապէս տագնապ մը փաթթուած էր սիրտիս: Զգալի էր: Բայց կրկին անգամ, հիմա սենեակիս մէջ ես առանձինս չէի: Հետս էին հազարաւոր խոհերս, որոնք ամէն վայրկեան պոռթկումի պատրաստ էին:
Յանկարծ ինքնածին մտածում մը թռաւ միտքիս բաց, սակայն «ջարդուած» պատուհաններէն, որ կամաց կամաց զիս նետեց տարբեր երանութեան մը գիրկը:
Կը մտաբերեմ. կը մնայ, կը գոյատեւէ այն ժողովուրդը, որ պիտի հաւատայ արդարութեան յաղթանակին։ Ու վստահօրէն արդարութիւնը պիտի չկարենայ յաւիտենապէս երեսը ծածկել մեզմէ. ան, օր մը չէ օր մը, պիտի ներկայանայ այս ժողովուրդին։
Օր մը՝ անպայմա՛ն։
Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է ու մենք միշտ ալ վերապրած ենք:
Այս է մեր պատմութիւնը:
***
Յաջորդ օրը, մրցումէն ետք Հալէպ կը վերադառնանք:
Կը զգամ, որ էութենէս մաս մը, հայոց ողբերգութեան անապատ քաղաքին եւ անոր դարաւոր գետի ջուրերուն մէջ ձգած էի:
Եփրատը ուրիշ է կ՛ըսեմ: Տէր Զօրն ալ ուրիշ է:
Անկասկած, որ երկուքն ալ, գթասիրտ ու փրկիչ Հալէպի նման, մտած էին իմ կենսագրութեանս եւ ճակատագիրիս մէջ:
Չորս տասնամեակներ ետք, կրկին Հալէպ եմ:
Այս անգամ կինս է, որ կը պատրաստէ մեր պայուսակները: Այս անգամ տարբեր խանդավառութիւն մը պատած է ուղեղս:
Վաղը երկուքով՝ Տէր Զօր պիտի երթանք: