ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
«Գետակին վրայ թեքուել է Ուռին
Ու նայում է լուռ վազող ջրերին»
(«Ուռին», Ա. Իսահակեան)

Սկզբնածին գարնան դեռ ձմեռնաշունչ այս օրերուն մեր մօտակայ բակի մրջիւնները վերսկսած են արդէն իրենց կարաւանային տակաւին կիսաերկար շարքերը, ոչ անպայման ուղիղ գիծ մը կազմելով բայց անպայման երթ-ու-դարձ ուղղութիւններով։
Կը դիտեմ յափշտակուած։ Անոնք տակաւին չունին գարնանային աշխուժութիւննին, դեռ թաթխուած են կարծես ձմրան թմբիրին մէջ (hibernation)։ Երբ անոնցմէ մէկ հատին կը դպնամ, ամբողջ շարքը, երկար տարածքի մը վրայ, կ՛արթննայ, ընդոստ, տեղի տալով փոքրիկ, տեղային խուճապի մը. սակայն երբ շարքը կը խանգարեմ ուժգին կերպով, այդ խուճապը կը տարածուի ամէն կողմ եւ կարծես մեզի համար անլսելի ահազանգ մը ծայր կ՛առնէ. բողկուկնին լարած կը շարժին ամէն կողմ վտանգին լուրը տարածելով ելեքտրականացած խումբին մէկ ծայրէն միւսը։
Մրջիւնները չափազանց զգուշաւոր են։ Իրենց երկար շարքերը ցուցադրական չեն։ Անոնք կը նախընտրեն պատի մը շուքը,կամ պատահական տախտակի մը տակով յառաջանալ։ Իսկ երբ մայթը պիտի կտրեն դիմացի մայթը հասնելու համար, որքա՜ն «խոհեմութեամբ» կ՛ընտրեն ճեղք մը, սալաքարերու միջեւ գոյացած փոսիկ մը կամ անտեսանելի, պահուըտած երթուղի մը, ծածուկ բոլորէն։ Անոնք կը զգուշանան ի մասնաւորի մեզ նման անփոյթ երկոտանիներէն, կամ կամովին աւերածու, անբան, չարակերտ մարդ կոչուած արարածներէ։
Որքա՜ն սորվելիքներ ունինք բնութենէն։
Երգահաւաքութեան երկար տարիներու ընթացքին հաւաքած եմ հին երգապնակներ եւ երգարաններ։ Այդ անյագօրէն գործածուած երգապնակներուն վրայ կը գտնուին նախակոմիտասեան երգեր, պարեղանակներ, գաւառական ներշնչումով հին երգեր, նաեւ թրքերէն-թրքական երգեր որոնց կատարողները հայեր են եւ ո՛չ անպայման պատահական երգիչ-երգչուհիներ (որոնք այլապէս մեծ թիւ մը կը կազմէին(, այլ մեծանուն հայ երաժիշտներ, ինչպէս օրինակ Ուտի Հրանդ կամ Քեմանի Թաթէոս։ Անոնց երգաոճը ոչինչով կը տարբերի թրքական երգաձեւէն, նոյնիսկ օրինակ «Հէչ չես ելլէր մտացըս» Ակնայ երգին բառերը (Ուտի Հրանդ) թրքաշեշտ են, ինչպէս ոճային եւ զգացական երգաշեշտերը։ Դեռ Կոմիտասը հեռու է։ Իսկ հին երգարաններէն ճնշող մեծամասնութիւնը կը պարունակեն, սիրայինի եւ հայրենասիրականի կողքին, մարտաշունչ, ֆէտայական-ազատագրական, երբեմն մարտահրաւէր, բացայայտօրէն «ասպարէզ կարդացող», թշնամին «սարսափեցնող» երգեր, որոնք կը զայրացնէին հայ պահպանողական դասակարգը։
Այս կարգի բոցալեզու երգերը կը ստեղծուէին ազատ ու թրքազերծ հայրենիքի մը երազը փայփայող հայդուկային խումբերու կողմէ. մեր նոյնիսկ օրօրոցային քնքուշ երգերը կը կրէին վրիժառու տողեր։ Հայու վրէժխնդիր հոգին անհամբեր էր վայելելու ազատ ու ինքնավար հայրենիք մը՝ ստէպ ցանկալով թօթափել վերջնականապէս թուրքի լուծը։ Այս երազներուն արձագանգը եղող մեր երգերուն առաջին շեփորահարները եղան Միքայէլ Նալբանդեանց, Գամառ Քաթիպա, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, նոյնիսկ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը իր նշանաւոր, տակաւին գրաբարամերձ, «Բա՛մ փորոտան»ով։ Ահա «Կոյր Աշուղը» (Աւետիս Ահարոնեան) քերթուածէն տողեր՝ տիրող մթնոլորտը բացայայտող՝
«Սեւ խաւարը իմ ընկերն է անբաժան,
Ես չըգիտեմ ի՞նչ ըսել է պայծառ օր,
Բայց այսօրուայ խաւարն է խոր, հոգեհան,
Դիակները փսփսում են ահաւոր
Եւ պատմում են իրենց ցաւերն անպատում,
Որից Աստուած գուցէ դողայ երկնքում։»
Հոս է որ կը կարդանք սարսռազդու հետեւեալ տողերը՝
«[…] Վե՛ր սլացիր դէպի երկինքը անհուն,
Գտի՛ր գահը ուր բազմած է մի Աստուած.
Թէ անզօր է սրբել արցունքն աշխարհում,
Գահ էլ պէտք չէ՛ եւ ոչ Աստուած երկնքում».
Եւ մեր բոլորին խստագոյն պատգամը եղող սա տողերը՝
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ Հային կարդայ նախատինք։»
Վերոյիշեալ վրիժառու օրօրներէն մին կրկին կը պատկանի Ա. Ահարոնեանի գրչին՝
«Կոյր կըռունկները սուգ ու շիւանով,
Մեր սեւ երկնքով եկան անց կացան,
Ա՜խ, մեր լեռներում նրանք կուրացան,
Դու լաց մի՛ լինիր, ես շա՜տ եմ լացեր։»
Ցաւով կը հասկնանք Ահարոնեանի ցասումը. միայն ցեղասպանութիւն չէր 1915-23ին եղածը այլ հայկական քաղաքակրթութեան համապարփակ, հիմնայատակ կործանումը, որը այսօր սակարկութեան կ՛ենթարկուի երկչոտ եւ շահամոլ բայց բարձր դիրքերու վրայ գտնուող դիւանագէտներու կողմէ, որոնք կը շահարկուին օձային խորամանկութեան տէր, թուրք նենգ քաղաքագէտնեու կողմէ յարատեւ շարունականութեամբ։
Իսկ մե՞նք։
Ճիշտ է որ Թուրքերը, 1915էն առաջ, համամարդկային իմաստով ցեղասպանութեան չէին ձեռնարկած, իսկ հայը վարժուած էր տեղային, անցողակի թրքա-քրտական ասպատակութիւններուն։ Երկրորդ. Սուլթան Համիտ Բ.ի գահընկէցութենէն ետք, նաեւ Սահմանադրութեան (1908) արբեցութեան ներքեւ, երբ տակաւին Իթթիհատականները մակերես չէին ելած, կարելի՞ էր արդեօք հաւատալ գալիք 1915ի աղէտին, որը կրնար եւ չպատահիլ եթէ 1914ի Համաշխարհային Ա. պատերազմը ծագած չըլլար, որը երազուած պահն էր թուրքին՝ իր վիշապածին հոգիին նկուղներուն մէջ ուռճացուցած երազին ընթացք տալու առիթը եկած համարելով։ Բայց մե՛նք…
Երկար դարեր Թուրքիոյ «հովանին» վայելած եւ անոր քաղաքակրթութիւն նուիրած, մե՛նք երբեւիցէ հետամուտ եղա՞ծ էինք խորապէս ճանչնալու թուրք ազգին ծածուկ նկարագրային ենթահողը։ Նոյնիսկ եթէ այդպիսի հրաշք անձ մը գտնուէր մեր մէջ ո՞վ պիտի հաւատար անոր։ Մենք եղած ենք արտայայտապաշտ, անմիջական, բայց մեր ծայրագոյն հակապատկերը եղող Թուրքին ծածկամիտ, խորագէտ, գաղտնաբարոյ, լիրբ, բազմամակարդակօրէն իր ծրագիրները դասաւորող եւ համբերատարութեամբ զանոնք իրագործող եւ հետապնդող ըլլալը մեր մեծերէն որո՞նց ծանօթ էր արդեօք։ Միայն կը զայրանայինք իրարու քով գալով ու կը հայհոյաբանէինք՝ «քոչուոր շուն» կոչելով թուրքը, ինչ որ մատնութիւններու ալ կրնար տեղի տուած ըլլալ։
Երբեւիցէ մեզմէ որեւէ մէկը կասկածեցա՞ւ թէ օսմանեան-թուրք կառավարութիւնները ի՜նչպիսի ահաւոր բաներ կարող են ծրագրել։ Եթէ միայն հիմնաւոր կերպով գիտնայինք անոնց լուռ եւ գաղտագողի, քօղածածուկ, վատ բայց իրենց համար «օգտակար» բնաւորութիւնը, կը դադրէինք գուցէ երազելէ եւ մեր երազանքները գրեթէ իրականացած տեսնելէ։ Միթէ գիտցա՞նք որ թուրքը մեր կատարեալ հակապատկերն էր. առնուազն քիչ թէ շատ սորված ըլլայինք մրջիւններու նման զգոյշ ըլլալ եւ բացայայտօրէն, թուրքին քթին ներքեւ զիրար չատել եւ չպախարակել։ Բայց մենք գերին եղած ենք, մի՛շտ, մեր կիրքերուն եւ մեր անձին փառքն ու ընդյատակեայ եսապաշտութիւնը ըրած ենք մեր տեսակարար կշիռը եւ մեր հոգեբանական ծանրութեան կեդրոնը։ Եւ մինչեւ այսօր։
Ամբողջ ցեղ մը, դարաւոր իր երկրի վրայէն բնաջնջելու գործը կը կարօտի հմուտ եւ երկարատեւ նախապատրաստութեան, մանաւանդ բոլորէն բոլորովին ծածուկ, ընդյատակեայ ծրագրում եւ գիտական կազմակերպութիւն, տարիներու աշխատանք։ Թուրքը մեզի լաւ ճանչցած էր եւ լաւ գիտէր երկու բան. նախ որ կառավարութեան արձակած հրամանները պիտի կատարուէին ամենա՜յն «խճմտութեամբ» – մանաւանդ Հայը կոտորելու «սրբազան» պարտականութիւնը -իր ժողովուրդին կողմէ, բայց նաեւ թուրք մեծերը գիտէին որ հայ մեծերը երբէ՛ք չպիտի կասկածէին որ համամարդկային տարողութեամբ սպանդ կը կազմակերպուի հայ ժողովուրդին դէմ։ Թուրք մեծերը մեր մեծերուն հետ նարտի կը խաղային այդ նոյն օրերուն երբ կը պատրաստէին հայոց բնաջնջումը։ Անոնք, երբ մենք կը քնանայինք, կ՛ուսումնասիրէին մեր տեղագրական եւ կենցաղային բոլոր շարժումները։ Անոնք շատ խորը ճանաչողութիւն ունէին մեր մասին եւ գիտէին մեր բոլոր արժանիքները բայց, աւա՜ղ, նաեւ մեր արհաւական եւ չսրբագրուած (անսրբագրուելի՞) թերութիւնները (գոռոզութիւն, ամբարտաւանութիւն, նախանձ, մատնութիւն կատարելու հակում, նիւթին առաջ տկարացող, բամբասանք… (։ Նաեւ, Պոլիս լոյս տեսնող մեր բոլոր լրագիրները կ՛ենթարկուէին հերթական քննութեան եւ մեր բոլոր հասարակական հանդիսութիւններուն պետական բարձր պաշտօնեաներ ներկայ կ՛ըլլային, բացայայտ կամ գաղտնի (հայերէն գիտցողներ) եւ իրենց տեսածն ու լսածը կը տեղեկացնէին վերին մարմիններուն։ Յարգանքով կը վերաբերէին հայ տնօրէնին կամ խմբագիրին հանդէպ, բայց նախանձնին, ոչ-կոյր բայց անթեղեալ, չէին արտայայտէր։
Գիտենք որ եղած են նաեւ իրաւամբ անկեղծ բարեկամութիւններ, որուն իբրեւ արդիւնք թուրք պաշտօնեան չափազանց մեծ զգուշութեամբ գաղտնօրէն տեղեկացուցած կ՛ըլլար իր հայ մտերիմ բարեկամին, 1915ի օրերուն, որ ան հեռանայ երկրէն՝ մօտալուտ աղէտէն ազատուելու համար։
Իմ հաւաքած հին երգարաններէն մին, նաեւ ընկերոջ մը ինծի վստահած երգարանը լոյս տեսած են 1911ին։ Առաջինը կը կոչուի «Նոր Ազգային երգարան գրպանի», հրատ Յակոբ Մ. Սրապեանի, Բ. տպագր., լոյս տեսած Մարզուան, Օսմանեան Կայսրութիւն, 318 էջ, առանց ձայնանիշերու։
Այս փոքր չափի (առձեռն), մաքուր տպագրութեամբ եւ իր Բ. հրատարակութիւնը վայելող երգարանը կը պարունակէ 256՝ մեծամասնութեամբ հայրենասիրական եւ ագգայնաշունչ երգերու խօսքերը։
Դժուար է երեւակայել «Կեցցէ՛ սէր եւ միութիւն, կրեմք (sic( մի սիրտ մի արիւն» կամ «Մահուան ճանկերից հպարտ յաղթական» եւ նման խօսքերով երգերու ազատ շրջագայութիւնը 1910ականներուն Օսմ. Կայսրութեան քաղաքներէն մէկուն մէջ։ Կարելի է սակայն դիւրաւ երեւակայել թուրք ազգայնամոլ պատասխանատուներուն մոլուցքը հանդէպ հայերու՝ ի լուր այս կարգի երգերուն որոնք անսանձ կը շրջէին իրենց քթին տակ դպրոցներու դասարաններէն մինչեւ ճամբաներն ու կտուրներու վրայ։ Ծայրահեղ մեր գրգռամտութիւնը եւ կամ ատելավառութիւնը (թշնամիին թէ մէկզմէկու հանդէպ), թոյլ չէր տար խաղաղ եւ հաւասարակշռուած իմաստութեամբ կրքազերծելու մեր դատողութիւնը։
Այսուհանդերձ պէտք է խոստովանիլ որ հայերուն որդեգրելիք դիրքը հեշտ չէր։ Ո՞ր մէկուն հակիլ. 1908ի Ազգային Սահմանադրութեա՞ն հաւատալ, թէ 1909ի Ատանայի ջարդէն քաղել պէտք եղած հետեւութիւնները։ Հակառակ Ատանայի ջարդի ցնցող ազդարարութեան, մեր հայերը կը յամառէին ինքզինքնին կարծել օսմանցիներու համահաւասար ազատ քաղաքացիներ, մինչդեռ անոնց սեւ ճակատագիրը կնքուած էր արդէն սեւ հոգիներու դարբնոցին մէջ։
Սոյն երգարանին ներածականին մէջ, (չմոռնանք՝ Մարզուան, 1911, Բ. տպագրութիւն( կան յատկանշական հետեւեալ տողերը. «Յորմէ հետէ (այսինքն՝ 1908էն ետք) Օսմանեան սահմանադրութեան բարիքները կը վայելենք, ամէն ոք կարծես անդիմադրելի ներքին պէտք մը կը զգայ երգելու»։
Յատկանշական է նաեւ այն, որ հայերէն այս երգային ոտանաւորներուն կը յաջորդեն (թիւ 243-256) հայատառ թրքերէն երգեր, կարծես իբրեւ ապացոյց այդ նոր, 1908ին ծնած «եղբայրութեան»։ Ահա քանի մը խորագիրներ. Վաթան շարգըսը, Ինգըլապ մարշը եւ, իհարկէ, Հիւրիէթ մարշը ։ Առանց մեկնաբանութեան։
1911ին մեզի հասած միւս երգարանը կը կոչուի «Հայուն Երգարանը» պատկերազարդ եւ մասնակիօրէն ձայնագրուած. կազմուած Հմայակ Արամեանցի կողմէ, տպուած է Կ. Պոլիս, 318 էջ։ Ան որոշապէս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կը հակի եւ հոն տպուած երգերուն 90 տոկոսը եւ նկարները կը վերաբերին Հնչակեան հայդուկ հերոսներուն։ Վերնագրին անմիջապէս յաջորդող էջը նկար մըն է (գծանկա՞ր S.N. սկզբնատառերով), որուն տակը գրուած է «ՇԱՔԷ, Սասնոյ անմահ դիցուհին». նկարը ցոյց կու տայ անդունդի եզերքին նորածինը գրկած երիտասարդ կին մը, ուսը հրացան, որ կը փորձուի ինքզինք նետել վիհին գիրկը։ Էջ 121ի վրայ դիւցազնաշունչ քերթուած մըն է նուիրուած «ՇԱՔԷ»ին. ահա առաջին չորս տողերը.
«Յուշարձան մ՚է ժայռը ցցուն Սասնոյ կուշտին սեպաձեւ
Զարհուրելի կառափնատը դիւցազնուհի Շաքէին.
Նէ գլխիբաց, հալածական, մերկ ոտքերով հեւ ի հեւ,
Հոն բարձրացաւ. կզակն ի վար արիւն քրտինք կաթէին։»
Ահա նաեւ վերջին չորս տողերը.
«Որդին գրկած վար նետուեցաւ ժայռերէն վար դէպ անդունդ,
Ամբողջ լեռը խուլ աղմուկով ողբ մը հեծեց հեգնական,
Հոն քարացաւ. ամօ՛թ ճակտին բիրտ խուժանին վատ, անգութ։
Սասնոյ քարեր՝ լուռ վկաներ, դարէ ի դար յուշարձան։»
Նիկողոս Տիւրկէրեան
Դաշնակցական ֆէտայիներու երգերէն քանի մը հատը կարելի է գտնել էջ 223էն սկսեալ։ Էջ 93ի վրայ կայ (կարդալ-երգել( նշանաւոր դարձած հետեւեալ երգը.
«Նպատակիս հասնիմ միայն/Թող զիս հանեն կախաղան.
Կախաղանէն խեղդուկ ձայնով/ Պիտի գոչեմ, ա՜խ, Հայաստան։»
Հոն կան Պետրոս Դուրեանի քերթուածներէն անոնք որոնց վրայ երգ կառուցուած էր։
Վերջապէս Յ. Յովհաննէսեանի «Նոր գարուն» յուզիչ երգը կը գտնուի էջ 208ի վրայ.
«Քեզ ըսպասող չը մնաց/Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն,
Գովքդ ասող չը մնաց/Զո՜ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։
Էլ ո՞վ ա որ դարտ չունի/Ո՞ւր ես գալի, ա՛յ գարուն,
Սա՜ղ տեղ չկայ մեր երկրի/Զո՜ւր ես գալի, ա՛յ գարուն։»
Այս երգը խորունկ յիշատակներ կ՛արթնցնէ իմ մէջ, քանզի ան եղած է մեծն Նիկոլ Աղբալեանի ամէնէն շատ սիրած երգերէն։ Աղբալեան զայն փոխանցած է երգչուհի Զեփիւռ Ապել-Շանթի, Զեփիւռն ալ զայն նուիրեց իմ երգադարանին։ Նշանաւոր երեք յեղափոխականները ներկայ են, մանաւանդ Գամառ-Քաթիպա (Ռ. Պատկանեան(, ի միջի այլոց այս վերջինի գրչէն՝ նշանաւոր «Հայոց թուքը» եւ «Վանեցուց «Հայրմեր»ը։ Հ. Արամեանցի երագարանին մէջ կարելի է նկատել վերջապէս նշանաւոր եւրոպացի ընկերաբաններու եւ ընկերվարականներու նկարները՝ Ժան Ժօրէս, Ժիւլ Կէտ, Կառլ Մարքս, Փօլ Լաֆարկ, եւլն։
Վերջին նկատողութիւն մը. երկու երգարաններուն մէջ ալ նկատելի են քանի մը ազգագրական երգեր՝ առանց գործածելու «տոհմիկ, գաւառական, ազգագրական» եզրերը, այլ՝ «սիրուած, տարածուած» բնորոշումները. ի հարկէ Կոմիտասի անունը չպիտի յիշուէր որեւէ տեղ (1910ի գարնան միայն ան Էջմիածնէն ճամբայ ելաւ դէպի Պոլիս)։ Օրինակ «Կռունկ ուստի կուգաս»ը լոյս տեսած է Մարզուանի երգարանին մէջ «Ղարիպ Ղուրպէ»չ անունով եւ վերագրուած է Նահապետ Քուչակին։ Պոլիս լոյս տեսած 1911ի երգարանին մէջ կը հանդիպինք «Իմ չինարի եար» երգին խօսքերուն առանց որեւէ բացատրութեան։ Հատորը կը փակուի «Հնչակեանի Ուխտը» երգով։
Եզրակացութիւն։
Թուրքը մեզ կը ջլատէր, կը սարսափեցնէր ամէն ձեւով եւ առիթին – հայերէն լեզուի գործածութիւնը արգիլեց (պատահած է որ հայերէն խօսողի լեզուն կտրած են), ասպատակութիւնները բազմապատկուեցան, կամայականութիւններուն հաշիւը չկար, արեւելեան հայկական գաւառներէն հայերը աքսորեց Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան շր-ջանները։ Հակառակ այս տանջանքներուն հայը դիմացաւ. հպարտօրէն կրեց իրեն բաժին ինկած ճակատագիրը որ կը նմանէր միայնակ Ուռիին, որ կը դիտեր, անզօր եւ անօգնական, «վազող ջուրերը», անկարող թումբ կանգնելու իր ճակատագիրին հետ խաղցողներուն դէմ։ Եւ սակայն կառուցող, չարքաշ հայը քաղաքակրթութիւն կերտեց եւ նուիրեց զայն թէ՛ իրեն, թէ՛ Թուրքին, շէնցնելով Պոլիսն ու շրջանները։ Բայց թուրքը մնաց թուրք. վատ, նենգ, դաւադիր։ Ան վստահեցաւ եւրոպացիներու երկդիմի, շահակորիզ, որձեւէգ քաղաքականութեան եւ իր դիւանագիտական անհամար հնարքներուն հասնելու համար իր դիւային նպատակներուն։
Յ.Գ.-Քանի մը օրեր առաջ դիտեցի շատ լաւ պատրաստուած (գերմանական) վաւերագրական-փաստագրական «ԱՂԷՏ» ֆիլմը։ Վերջաւորութեան ցոյց տուաւ մեր Օպամա նախագահը երբ դեռ ան պարզ մարդ էր (2007ին՝ Ծերակուտական) եւ կը խոստանար մեր վրայ իրագործուած ցեղասպանութիւնը կոչել իր իսկական անունով։
(Ըսել է՝ չի կասկածիր անոր ճշմարտութեան)։ Յաջորդ էջին կը տեսնենք երկու առնէտորդի նախագահներ (Կիւլ եւ Օպամա) քիթ-քըթի, բողկուկ-բողկուկի ուրախ-զուարթ հարցի մը շուրջ համաձայնութեան յանգիլնին։ Նախագահ ըլլալէն ետք Օպամա դարձաւ առնէտորդի դիւանագէտ, քանզի ուրացաւ պատմագիտութեամբ հաստատուած իր գիտցած ճշմարտութիւնը, զայն փոխանակելով Աստուած գիտէ ինչ կարգի եւ մակարդակի խաղաթուղթի հետ… Հայկական առածը չը՞սէր միթէ՝
«չլսել եւ չտեսնել ուզողէն աւելի խուլ եւ կոյր չկա՜յ…»։
Եւ ըսել որ, կամայ-ակամայ, Արեւելքէն թէ Հայաստանէն, ուզելով կամ չուզելով, ուրախ թէ տխուր՝ մենք զմեզ նետած ենք այս անյատակ, անծայրածիր ամերիկեան տեսանելի/մարդկային-անտեսանելի/անմարդկային ՁՈՒԼԱՐԱՆին մէջ…