ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ
Պատմաբան, Օսմանագէտ
1877-78 Ռուս-թրքական պատերազմին պատճառով, Պալքաններէն ու Կովկասի զանազան շրջաններէն թուրքեր, ճարահատ, իբրեւ մուհաճիր (գաղթական) կը հաստատուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Գաղթականներուն մէկ կարեւոր մասը կը բնակեցուի Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան (իմա՝ հայութեամբ բնակուած) նահանգներէն ներս, ինչ որ իր կարքին, պատճառ պիտի դառնայ հոն ապրող հայութեան համար անտանելի կացութեան մը գոյացման:
Ռասուլ Աղան Կովկասեան Ղարատաղ շրջանի մեծահարուստ թուրք հողատէրերէն էր: Ան կ՛ապրէր նահապետական կեանք մը իր զաւակներուն ու թոռներուն հետ: Սակայն իր ապրած բարդամ կեանքը շուտով փուլ պիտի գար: Ռասուլ Աղան ու իր նահապետական տան պատկանող այլ ընտանիքներ՝ Մուհամմետի որդի Ահմետը, անոր եղբայրը հանդիսացող Սաֆին, Ռուսթոմ Պեքզատէն, Իսմայիլի որդի Մուհամմետը եւ Մահմուտի զաւակ Մուրատ պէկը, 1905ին պիտի ստիպուին գաղթականի ցուպը իրենց ձեռքին՝ լքել իրենց պապենական Ղարատաղը ու հաստատուիլ Վանի նահանգ, ուր կառավարութեան կողմէ հող պիտի ստանային ու նոր կեանք սկսէին: Թէ այս մեծ նահապետական ընտանիքի ապրուստը ապահովելու համար կառավարութիւնը ի՞նչ կամ որո՞ւն պատկանող հողը անոր տրամադրեց՝ այդ մասին տեղեկութիւններ կը պակսին մեզի:
Միւս կողմէ, Կարապետ էֆէնտի Պզտիկեան, իր կարգին, Ատանայի հայ մեծահարուստ ընտանիքի մը նահապետն էր: Ան կը զբաղէր բամպակի մշակումով եւ ունէր առատաբեր հողեր: Կարապետ էֆէնտիի զաւակները իրենց հօրը կ՛օգնէին այդ հողերու մշակման ու ստացուած բերքի արտածման աշխատանքներուն մէջ: Իրենց հօր մահէն ետք իսկ, զաւակները, թէեւ անոնցմէ ոմանք զոհ գացին Ատանայի 1909ի ջարդերուն, կը շարունակէին իրենց գոյատեւումը աւելի լաւ օրերու յոյսով:
Այս հանգրուանին ընթերցողը հարց կրնայ տալ, թէ ի՞նչ է կապը Ղարատաղցի Ռասուլ Աղաին ու Կարապետ էֆէնտի Պզտիկեանին միջեւ: Իրականութեան մէջ՝ ոչինչ: Երկու անձերը նոյնիսկ ժամանակակից ալ չենք կրնար նկատել, որովհետեւ Կարապետ էֆէնտին շատ աւելի տարեց էր քան Ռասուլ Աղան: Սակայն, այնպէս կը թուի, որ պատմութիւնը իր բազմազան թելերով իրարու կը շաղկապէ այս երկու անձնաւորութիւններն ու իրենց անմիջական ժառանգորդները…
1914ի վերջերուն, Օսմանեան կայսրութեան Երիտթուրք իշխանութիւնը Առաջին Աշխարհամարտ կը մտնէ՝ դաշնակցելով Գերմանիոյ: Արեւելեան ճակատի վրայ ռուսական բանակը ետ ու առաջ մղուող ճակատամարտերով՝ վերջապէս կը հասնի Վան ու կը գրաւէ զայն:
Այսպէս, 1916ին, Ռասուլ Աղան ու իր ընտանիքը անգամ մը եւս ստիպուած կ՛ըլլան լքելու իրենց նոր միջավայրը, ու գաղթականի ցուպը դարձեալ վերցնելով՝ կը փախչին արշաւող ռուսական բանակէն: Ռասուլ Աղան ու իր ընտանիքը կը հասնին Ատանա:
Պատերազմի թոհ ու փոհին մէջ, Երիտթուրքերու կողմէ շղթայազերծուած հայերու տեղահանութենէն, որ սկիզբ առաւ 1915ի Մայիսին Թալիաթի արձակած հրամանագիրով, անմասն չմնաց Ատանայի հայութիւնը: Գաղթականներու շարքին էին նաեւ Պզտիկեան գերդաստանը, որուն անդամները քշուեցան Սուրիոյ անապատային շրջանները:
1916ին Ատանա հասնելով՝ Ռասուլ Աղա դիմում կը ներկայացնէ տեղւոյն կառավարութեան, իր ու նահապետական իր ընտանիքին համար պատսպարան ու ապրուստ ապահովելու համար հող կը պահանջէ: Տեղւոյն կառավարութիւնը պայմանական ու ժամանակաւոր կերպով անոր կը շնորհէ հայերու «լքեալ հողեր»էն («էմուալի մաթրուքէ») նկատուող Պզտիկեաններուն՝ Ատանայի մօտակայքը Ինճիրլիք գիւղին մէջ գտնուող ու 1440 տոնիւմ տարածութիւն ունեցող ագարակը, որ, ըստ երեւոյթին, տակաւին չէր արձանագրուած «լքեալ հողեր»ու տոմարներուն մէջ:
Պատմութիւնը հոս չ՛աւարտիր սակայն: 1918ի Մուտրոսի (Մոնտորոս) զինադադարի համաձայնութեան հիմամաբ պարտուած Օսմանեան կայսրութիւնը կը յանձնուի դաշնակից ուժերուն: Ըստ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ միջեւ 1916ին կնքուած «Սայքս Փիքօ»ի գաղտնի համաձայնագիրի տուեալներուն, Կիլիկիան բաժին կը մնայ Ֆրանսային: Կը սկսի հայութեան դէպի Կիլիկիա ետդարձը: Թէ Պզտիկեան գերդաստանի բեկորները Ատանա վերադարձա՞ն, կամ վերատիրացա՞ն իրենց բռնագրաւուած հողերուն, ի մասնաւորի Ռասուլ Աղային շնորհուած ագարակին՝ այդ մասին տեղեկութիւնները կը պակսին մեզի:
Իսկ թէ ի՞նչ պատահեցաւ Ռասուլ Աղային ու ընտանիքին, երբ ֆրանսացիները իրենց իշխանութեան տակ առին Կիլիկիան: Ըստ երեւոյթին, անոնք, շրջանի միւս թուրքերուն նման, Կիլիկիոյ թրքական պատմութեան մէջ ծանօթ Չուքուր Ովայի (Կիլիկիոյ) «Պէօյիւք Քաչքա»չին (Մեծ Փախուստին), շատ հաւանաբար Ատանան լքեցին ու միացան Պոզանթի-Հաճըն-Մարաշ գիծի հիւսիսը հասած քեմալական ուժերուն, որոնք գրոհի կը պատրաստուէին:
Պատմութենէն գիտենք, որ Կիլիկիոյ հայութեան վերապարպումը սկսաւ 1920 Դեկտեմբերին, երբ քեմալական ուժերը իրենց առաջին թիրախը ընտրեցին Մարաշը: Կիլիկիոյ երկրորդ հայաթափումը արդէն իսկ իր աւարտին հասած էր 1923ին, թէեւ հայկական փոքր խլեակներ տակաւին կամեցան հոն մնալ:
Ինչեւիցէ: Ռասուլ Աղան անգամ մը եւս պատմութեան թատերաբեմին վրայ կ՛երեւի 1924ին, յատուկ խնդրագիր կը ներկայացնէ Ատանայի կառավարութեան՝ պահանջելով, որ իր ընտանիքին վերադարձուի Պզտիկեաններու պատկանող ու նախապէս իրեն շնորհուած Ինճիրլիքի մեծածաւալ ագարակը: Ան կը պնդէ, որ ինք բանեցուցած է ագարակի 450 տոնիւմ ծաւալը, իսկ իր ընտանիքի մնացեալ անդամները՝ մնացած 990 տոնիւմները: Հաւանական կը նկատուի, որ Ռասուլ Աղան ու իր նահապետական ընտանիքի մնացեալ անդամները վերատիրացած ըլլան Պզտիկեաններու ագարակին, ու անոր սեփականաշնորհման գիրը (թափուն) ստացած ըլլան 1930ականներուն հրապարակուած հողային նոր օրէնքներու հիման վրայ, ուր այսպէս կոչուած՝ «լքեալ» հայկական հողերը աժան գինով ու մուրհակային կարգով ծախուեցան անոնց վրայ հաստատուած թուրքերուն, որոնց կատարած վճարումները ներդրուեցան պետական գանձին մէջ:
Թերեւս նաեւ տեղին է հոս նշել, թէ 1915ի ամրան, մինչ Իթթիհատական կառավարութիւնը սկսած էր հայերու տեղահանութիւնը պատմական Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն, անդին, խումբ մը իթթիհատական գործիչներ Պուլկարիան սիրաշահելու ու աշխարհամարտին մէջ զայն իրենց կողմը ներքաշելու միտումով, պուլկար կառավարական անձնաւորութիւններու հետ խորհրդակցութիւններ կատարելով՝ համաձայնեցան Արեւմտեան Թրակիան Պուլկարիոյ զիջիլ: Այս հողամասի տարածութիւնը մօտաւորապէս 2600 քառակուսի քիլօմեթր էր: Համաձայնութեան հետեւանքով, հոն բնակող շուրջ 65,000 թուրքեր ստիպուած եղան լքելու շրջանը: Զարմանալի չէ նաեւ կրահել, թէ այս գաղթական թուրքերը ո՞ւր հաստատուեցան. Կիլիկիոյ մէջ հայերուն ձգած հողերուն վրայ: Այս հողերու շարքին էր նաեւ վերը նշուած Պզտիկեաններու Ինճիրլիքի մնացեալ հողամասերը…
Թէ Ինչպէ՞ս կրցայ վերակերտել պատմական այս պատառիկը.
Երբ ամիսներ առաջ, Լոս Անճելըսէն գործող իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան ինծի դիմեց՝ Ինճերլիքի հայապատկան հողերու գծով իր պատրաստած դատին օսմանագէտի հանգամանքովս իրեն խորհրդատուութիւն ապահովելու համար, Պզտիկեան Կարապետի ու Ռասուլ Աղայի վերաբերող վերեւի տեղեկութիւնները կրցայ վերակերտել՝ ապաւինելով նոյնինքն Եղիայեանի տրամադրութեան տակ գտնուող Օսմանեան արխիւներու կրկնօրինակներուն, որոնց հաւաքման ու ցանկագրման աշխատանքը տարիներ տեւած էր:
Ահա այս փաստաթուղթերն են, որոնք ներկայիս հիմքը կը կազմեն Ինճիրլիքի գծով բացուած դատին: Ընդգծենք նաեւ, որ Ինճիրլիքի հայապատկան հողերուն վրայ է որ 1950ականներուն հիմնուեցաւ ամերիկեան հսկայական զօրակայանը, որ կը գործէ մինչեւ օրս:
Երեւակայեցէք, որ վերեւի պատումը կրցանք կերտել՝ ապաւինելով տրամադրուած Օսմանեան շրջանին պտկանող քանի մը արխիւային փաստաթուղթերու: Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ նմանօրինակ հազարաւոր արխիւներ կան մէկ քաղաքի (այս պարագային՝ Ատանայի) համար, ապա երեւակայեցէք, թէ հայութեան գրաւեալ համայնական ու անձնական հողերու վերահաստատման պատումն ինքնին ի՜նչ մեծածաւալ աշխատանք կ՛ենթադրէ:
Իսկ եթէ նկատի առնենք այն պարագան, որ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու վերահաստատման հարցը գումարումն է անոնց համայնքային ու անհատական հողերու բծախնդիր ցուցակագրման (իւրաքանչիւր հայաբնակ գիւղի ու քաղաքի հաշուարկ), ապա ա՛լ աւելի յստակ կը դառնայ, որ կանգնած ենք իսկապէս գերմարդկային աշխատանքի մը սկզբնաւորութեան…
Եթէ որեւէ պահանջատիրութեան յոյսեր կան, հայազգի օսմանագէտներ պատրաստելը խիստ կարեւոր է: Նախ թող սկսին հին ոսմաներեն սորուիլ ULCA-ի կամ այլ մի համալսարանի միջին արեւելքի ուսմանց բաժնին մէջ, հետոյ կրնան մասնագիտանալ ու այցելել Թուրքիոյ արխիւները … ի վերջոյ բաց են կըսուի կոր:
Յիշեցնելը տեղին ըլլա՝ ժամանակին (պաղ պատերազմի տարիներուն) արեւմտէան աշխարհի խորհրդային միության ու արեւելեան Եւրոպայի մասնագէտներուն զգալի մասը որոշ մի ազգութեան կը պատկանէին … Ինչու ասոր նման մի կացութիւն չի կարողանանք ստեղծել:
Ամբողջովին համաձայն եմ Արէտ ճան…դժբախտաբար Օսմանագէտներ պատրաստելու մէջ այնքան ետ ենք ու չենք ալ անդրադառնար այդ իրողութեան…