ՔՆԱՐ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ծնած է Թոքատ: Լրագրող, հրապարակախօս, հեղինակ, խմբագիր՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» լրաթերթի:
26ամեայ Ակունի կը տարագրուի Պոլսոյ հայ մտաւորականներու երկրորդ խումբին հետ, 1915 Օգոստոս 26ին, միատեղ Երուանդ Օտեանի, նոյնպէս աշխատակից «Ժամանակ»ի եւ դեղագործ Ներսէս Չագըրեանի:
Ոստիկանական հսկողութեամբ, երեքը եւ շուրջ քառասուն հայեր կ՛առաջնորդուին դէպի Հայտար փաշա շոգեկառքի կայարանը: Իւրաքանչիւր տարագիրէ կը գանձեն մինչեւ Գոնիա ճանապարհածախսը՝ 4.5 ղրուշ, այլապէս պարտաւորուած են քալելով երթալ Գոնիա, որ կը տեւէ քառասուն օր:
Երուանդ Օտեան իր յուշերուն՝ «Անիծեալ տարիներ»ուն մէջ կը գրէ.
«Ակունին, որ քովէս կը քալէր, ջղայնոտած վիճակ մը ունէր. փախուստի ծրագիրներ կ՛երեւակայէր, արդեօք որտեղէ՞ն փախչիմ, կ՛ըսէր, ամէն անգամ որ կողմնակի փողոց մը դէմերնիս կ՛ելլէր: Այդպիսի փորձ մը անկարելի չէր, բայց ութ-տասը զինեալ ոստիկաններ կ՛ընկերանային մեզի, որոնցմէ մին՝ ճիշդ մեր ետեւէն կը քալէր»:
Երեկոյեան կը հասնին Իզմիթի կայարանը, շոգեկառքի պատուհանէն անոնք ականատես կ՛ըլլան հրկիզուած հայկական թաղամասին. ոչ մէկ հայ կ՛երեւէր հոն, մինչ թուրքերը իրենց կը նային ատելութեամբ:
Յաջորդ կայարանն էր՝ Գոնիա, ուր երբ կը հասնին, անմիջապէս կ՛առաջնորդուին բանտ. Սիտիքլի կոչուած ամենագարշելի բանտն էր, կը գրէ Օտեան. հոն կը հանդիպին բանտարկուած հայերու, կը լսեն անոնց տխուր ոդիսականը:
Ապա բանտէն կը տարուին Էրէյլի, ուր կը հանդիպին զէյթունցիներու. Ակունի իր «Միլիոն մը հայերու ջարդի պատմութիւնը» գիրքին մէջ կը գրէ իր ականատեսի վկայութիւնը.
«Ես տեսայ այդ քաջ հայորդիներու վերջին մնացորդները, երբ անոնք նոր տեղահանութեամբ մը,- տեղերնիդ պիտի երթաք,- ըսելով՝ հետիոտն քշած էին Տէր Զօրի անապատը…»:
Վերջին կայարանը Պօզանթին էր. երկաթուղագիծը հոն կը վերջանար:
Կայարանին մէջ իրենց կ՛ըսուի.- Դուք պարզապէս մուհաճիրներ (գաղթական) էք ու պէտք է երթաք Քիւլէկ Սթասիօնի վրանները, հոնկէ՝ տարագրուելու:
Տարագիրներուն բուն չարչարանքը, ուրեմն, կը սկսէր Պօզանթիէն. անոնք հետիոտն կը շարունակեն իրենց ճանապարհը մինչեւ Տարսոն, ապա Տարսոնէն անդին, ուր հաստատուած էին հայ տարագիրներու վրանները:
– Ամբողջ ընդարձակ դաշտը բնակատեղիի մը երեւոյթը առած էր,- կը նկարագրէ Օտեան,- հազարաւոր վրաններ կը ցցուէին ամէն կողմ, թերեւս 25-30 հազար հայեր կային հոն:
Քիւլէկ Սթասիօնի ամէնէն սարսափելին առաքումներն էին (սեվքիաթ): Օրը երկու անգամ՝ առտուն եւ իրիկունը, Օսմանիէէն կառախումբը կու գար, 1000-1500 տարագիրներով կը լեցուէր ու ճամբայ կ՛ելլէր դէպի Օսմանիէ, Իսլահիէ, ու աւելի հեռուն… դէպի Տէր Զօր…:
Ամէն անգամ, երբ վայրաշարժի սուլիչին ձայնը կը լսուէր, բոլորին սիրտը դող կ՛ելլէր:
Տարաբախտ Երուանդ Օտեան կ՛աքսորուի Տէր Զօր: Իր սրտաճմլիկ ոդիսականը կը կարդանք իր յուշերուն մէջ՝ «Անիծեալ տարիներ», անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Accursed years, Exile and return from Der Zor»:
Ակունի հազիւ երկու օր կը մնայ վրանները՝ ապա ընկերոջ՝ Գարագաշի հետ, կը յաջողի երթալ Տարսոն եւ որպէս փախստական՝ պահուած մնալ հոն:
Տարսոնի մէջ, Ակունի կ՛աշխատի Պաղտատի երկաթագիծի վրայ եւ անոր շինութիւնը ստանձնող «Ֆիլիփ Հոլցման» գերմանական ընկերութեան մօտ, որ կը կառուցէր երկու թունելախորշ՝ Տաւրոսեան ու Ամանոսեան լեռներուն մէջ:
– Ընկերութիւնը ապաստան տուած է մեծ թիւով հայերու, փոխարէնը՝ աշխատցնելով զանոնք,- գրած է Ակունի:
Թունելախորշի ռազմական շինարարութեան մէջ կ՛աշխատի նաեւ Թէոդիկը (Լաբճինճեան)՝ «Ամէնուն տարեցոյց»ի հեղինակը:
Դարձեալ հոն, Ակունի կը հանդիպի իր նախկին գործընկերոջ, Գրիգորիս Պալաքեան վարդապետին: Պալաքեան իր յուշերուն մէջ կը նկարագրէ Ակունին՝ որպէս նիհար, ողորմելի գաղթական մը:
***
Առաջին համաշխարհային պատերազմին (1914-1918), Իրաքի Գութ Էլ Ամարայի ճակատամարտին, երբ յաղթական թուրք բանակին ձեռքը գերի կ՛իյնան ութէն տասը հազար անգլիացի եւ հնդիկ զինուորներ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հրամանով այդ գերիները կը փոխանակուին գերման ընկերութեան հազարաւոր հայ աշխատաւորներու հետ, որոնք կը տարագրուին ու ճանապարհին կը սպաննուին:
Սակաւաթիւ փրկուողներէն են՝ Սեպուհ Ակունի, որ պահուած կը մնար թունելախորշի երկրորդ կայանին՝ Քուշճիլարի մէջ, իսկ Թէոդիկ՝ Թաշտուրմազի մէջ, նաեւ Պալաքեան վարդապետը եւ փոքր թիւով հայեր:
***
1919ին, Պոլսոյ պատրիարքարանին առաջարկով, Ակունի կը պատրաստէ «Միլիոն մը հայերու ջարդի պատմութիւնը»՝ առաջին վաւերական պատմականը Մեծ Եղեռնին: Անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «The Crime Of The Ages»:
Գիրքի յառաջաբանին մէջ Ակունի կ՛ըսէ. «Մեր տրամադրութեան տակ ունինք պատրիարքարանէն եւ այլ աղբիւրներէ առնուած բաւական թիւով վաւերագիրներ ու պաշտօնաթուղթեր»: Թուենք.
– Գաւառներէն ստացուած տեղեկագիրներ՝ տարագրութեան մասին:
– «Կապոյտ Գիրքը», Ճէյմզ Պրայս, «Հայերու վիճակը Օսմանեան Թուրքիոյ կայսրութեան մէջ», հրատարակուած՝ Լոնտոն, 1916ին: Գիրքը ունի 158 փաստաթուղթեր Մեծ Եղեռնի մասին:
– Թուրքիոյ կառավարութեան, «Իթթիհատ» կուսակցութեան եւ Հայոց պատրիարքարանի միջեւ փոխանակուած թղթակցութիւնները 1908-1920 տարիներուն:
– Պատրիարքարանի սիրալիր յարաբերութիւնները՝ Թուրքիոյ զինակից Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ մօտ Պոլսոյ դեսպանատուներուն հետ, մասնաւորելով անոնց եղած դիմումները՝ հայերու տեղահանութիւնները եւ ջարդերը դադրեցնելու կապակցութեամբ:
– Պաշտօնական թղթակցութիւններ՝
Զաւէն արք. Տէր Եղիայեան, պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ,
Տէր Ղեւոնդ եպիսկոպոս Դուրեան, առաջնորդ հայոց Պուլկարիոյ- Ֆիլիպէ,
Պօղոս Նուպար Փաշա, Ազգային պատուիրակութեան նախագահ, Փարիզ- Ֆրանսա:
Ակունիի պատրաստած գիրքը՝ «Միլիոն մը հայերու ջարդի պատմութիւնը», կը հրատարակուի 1920ին, Պոլիս, ապա՝ Բ. հրատարակութիւնը՝ 1921ին:
Նոյն տարին՝ 1921 Յուլիս 18ին, 32 տարեկանին կը մահանայ Սեպուհ Ակունի, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան պատճառած ֆիզիքական եւ հոգեկան տանջանքներուն հետեւանքով:
Սթուտիօ Սիթի