
Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
Անշուշտ մղձաւանջ է մտածել, որ Եղեռնէն անցած են 96 տարիներ եւ տակաւին ոչ միայն արդարութիւն չէ եղած մեր ժողովուրդին, այլ «Միջազգային ընտանիք» կոչուած խառնիճաղանճը, նոյնիսկ չէ ընդունած հայուն անարդարութեան ենթարկուած ըլլալու իրողութիւնը: Այսօր, թերեւս աւելի քան երբեք, պետութիւնները, առաւելաբար մեծերը, անցեալին, ներկային ու ապագային կը նային, ու զանոնք կը գնահատեն ըստ իրենց շահերուն: Այսքանը թերեւս հասկնալի կրնար ըլլալ, եթէ պետական գործիչները իրապէս մտահոգուած ըլլային իրենց ժողովուրդներով. անոնք կը փնտռեն իրենց երկրին շահերը, որպէսզի օգտուելով իրենց դիրքէն եւ զբաղեցուցած պաշտօնէն՝ բազմապատկեն իրենց նիւթական կարողութիւնները:
Յաջորդ չորս տարիներուն ալ, մինչեւ տարեդարձ, շատ հաւանաբար որեւէ փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ. թուրքը պիտի շարունակէ ուրանալ Ցեղասպանութիւնը, բայց պիտի դատապարտուի «մեծ»երուն կողմէ, պիտի քանդուին մեր պատմական կոթողները, պիտի պղծուին մեր պապերուն գերեզմանները, բայց ո՛չ տեսնող, ո՛չ «ի՞նչ կ՛ընէք» ըսող պիտի ըլլայ. թանգարանի պիտի վերածուին Աղթամարի Ս. Խաչն ու վաղը, թերեւս, նաեւ Անիի մայր տաճարը, որպէսզի մենք՝ իբրեւ զբօսաշրջիկ, երթանք թափենք մեր դրամները թուրքին ափը ու գովաբանենք անոր հիւրասիրութիւնը. մեր կիները, երբեմն ստիպուած, երբեմն հաճոյքով պիտի երթան թրքական պանդոկներու մէջ ապասարկութիւն ընելու, կամ մեծահարուստներու տուներուն մէջ աղախին դառնալու, որպէսզի թուրքերը մեծահոգիութեան վարկ վաստկին: Այս բոլորը եւ ասոնց պէս տակաւին շատ բաներ, անշուշտ մղձաւանջ են, հոգելլկում ու ուղեղատապ:
Այս բոլորէն անդին, սակայն, կայ աւելի մտահոգիչը, աւելի դժուար դարմանելին: Այսօր «թաւշեայ» ցեղասպանութիւն մը կու գայ առնել երբեմնի «ճերմակ» ջարդին տեղը ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Անցեալի կորուստներուն վերատիրանալու տենդով տարուած՝ պէտք չէ ձեռքէ հանենք ներկան, առանց որուն, բոլորս գիտենք, կորսուած է նաեւ ապագան:
Ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վայրկեան հայ ժողովուրդը կը փախչի հայութեան ձեռքէն: Պէտք է փնտռենք, գտնենք ձեւը, միջոցը մեզմէ չզատուելու, չմասնատուելու, չոչնչանալու: Ըստ իս, այսօրուան հրամայականը այս է, աւելի քան Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ անոր յաջորդող՝ Հայ Դատի ճամբով մեր պահանջատիրութեան հետապնդումը: Առանց Ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը եւ այլ համահայկական հարցերը մոռնալու, պէտք է մեր տնտեսական, մտային, բարոյական, նախաձեռնողի կարողութիւններուն առիւծի բաժինը կեդրոնացնենք մեր ընդհանրական առօրեան ու մեր ազգային ներկան ուղիղ գիծին վրայ դնելու աշխատանքին վրայ:
Ընթերցողները- եթէ պիտի ըլլան ընթերցողներ- շատ ներողամիտ թող ըլլան, որ այս գրութեան մէջ պիտի չգտնեն ուղղակի Ապրիլ 24ի հետ առնչուող եղելութիւններ, վերլուծումներ կամ ապրումներ: Բայց, որովհետեւ Ապրիլ 24ը ոչ թէ տարուան մէջ մէկ օր է, այլ ամէնօրեայ մեր կեանքին մէկ մասն է, ուրկէ մեր մտածումները, մեր ապրումները, եթէ ուզենք ալ, չեն կրնար փախչիլ, այս գրութիւնը ամբողջութեամբ նիւթէ դուրս պէտք չէ սեպել:
Մտածումներս պիտի բաժնեմ գլխաւոր երկու բաժիններու.
Ա. Արտաքին յարաբերութիւններ.
Բ. Ներազգային կացութեան քննարկում:
Մեր արտաքին յարաբերութիւնները գլխաւորաբար կ՛առնչուին մեր թշնամիին, առանց բառերը ծամծմելու՝ թուրքը մեր թշնամին է. եթէ մենք զինք իբր թշնամի նկատի չունենանք, ապա ինք երբեք պիտի չդադրի մեզ թշնամիի տեղ դնելէ. թող առիթը ստեղծուի եւ պիտի տեսնենք, որ ան պատրաստ է մեզ ազգովին ջնջելու: Կը կարծեմ, որ կան հազուագիւտ հայեր, որոնք չեն ընդունիր այս իրողութիւնը: Մեզ ջնջել ուզողը չի կրնար մեր գործընկերը, մեզի հետ զեռօ խնդիր ունեցող դրացի ըլլալ: Մեր յարաբերութիւնները անոր հետ պէտք է միշտ պաշտօնական, աւելի՛ քան վերապահ ըլլան: Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հայոց հանդէպ՝ իրենց վարչապետին ցուցմունքներով արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն՝ հայերը առերես սիրաշահիլ ձեւացնել է: Որքան կարելի է՝ Սփիւռքը հայրենիքէն բաժնել է:
Հոս-հոն հազուագիւտօրէն նկատուող կարգ մը թուրքերու պատմական իրողութիւնները ճշգրտօրէն գնահատելու փորձերը բացարձակապէս կապ չունին թուրք զանգուածին կամ մտաւորականութեան «ինքնաճանաչման» հետ. մնաց որ, թուրքը ինքզինք շատ լաւ ճանչցած է արդէն: Այսօրուան թուրքը երէկուան թուրքէն տարբեր չէ, վաղուանն ալ նոյնը պիտի ըլլայ. թուրքը իր տարերքին մէջ է, գերին՝ իր բնազդային ծիներուն, զորս իրեն հետ բերած է Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններէն: Թուրքը կրնայ զարգանալ, Թուրքիա կրնայ ճարտարարուեստականանալ, տնտեսապէս բարգաւաճիլ, բայց երբեք՝ քաղաքակրթուիլ: Անոնք, որոնք աչք ունին տեսնելու, պէտք է կարենան տեսնել իրականութիւնը: Կեղծիքի, շողոքորթութեան, քծնանքի մշուշը պէտք չէ խաթարէ ճշմարտութեան պատկերը: Ամէն վայրկեան պէտք չէ մեր միտքէն հեռացնենք Հունգարիոյ համալսարանին մէջ կացինահարուած հայ սպան, Հրանդ Տինքը, Արցախի սահմանին վրայ շարունակաբար գնդակահարուող հայ զինուորները: Պէտք է «Ականջի օղ» ընել դարերու փորձառութեամբ կազմուած իմաստութիւնը. «Օձը շապիկը կը փոխէ, բայց՝ ոչ բնաւորութիւնը»:
Հետեւաբար պէտք չէ խանդավառուինք քանի մը պատմաբանի կամ լրագրողի ճշմարտանպաստ արտայայտութիւններով: Թուրք պատմաբանները թուրք պետութեան գործակալներն են, որոնց գործը պատմութիւնը նենգափոխելն է եւ պետութեան տեսակէտներուն փաստարկութիւնը: Դուք հանդիպա՞ծ էք մէկ հատիկ թուրք պատմաբանի, նոյնիսկ ըստ երեւոյթին ճշմարտութիւնը հետապնդողներուն մէջ, որ խօսի Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք որեւէ ձեւի հատուցման մասին:
Իբրեւ թէ այսօրուան իշխանութիւնը փոքրամասնութիւններուն կալուածները կը վերադարձնէ. ըստ Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհ. փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի, պատրիարքարանի կալուածներուն հազիւ 5 առ հարիւրը վերադարձուած է՝ հոն արգիլելով որեւէ վերանորոգութիւն:
Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք հայերէն ներողութիւն խնդրելու կայքէջ մը բացուեցաւ կարգ մը թուրքերու կողմէ. քանի՞ հոգի կը կարծէք մասնակցեցաւ այդ արշաւին: Ըստ Հայաստանի հանրապետութեան արտ. գործ. նախարարութեան՝ 30,000: Թուրքիոյ բնակչութիւնը 70 միլիոն է: Համեմատութիւնը դո՛ւք ճշդեցէք:
Ըստ իս, այժմու կացութեամբ, մեր պետական պաշտօնատարները թուրքիոյ մէջ գումարուող ոչ մէկ ժողովի պէտք է մասնակցին, ինչպէս ըրաւ վերջերս Վահան Յովհաննիսեան: Ոչ մէկ թուրք պաշտօնատարի հայկական անցագիր (visa) պէտք է տրուի. ո՛չ մէկ հայ արուեստագէտ թրքական բեմի վրայ ելոյթ պէտք է ունենայ: Ո՛չ մէկ պարագայի, հայ մը բեմ պէտք է բարձրանայ թուրքի մը հետ:
Մենք մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերուն վրայ, որոնք առաւելաբար քիւրտերու մէջ են: Ըստ փրոֆ. Սելիմ Դերենգիլի, կը խօսուի 300,000 որդեգրուած հայ երեխաներու մասին: Կան քրտախօս քրիստոնեայ հայեր, ինչպէս Հրանդ Տինքի կինը՝ Ռաքէլ Տինք («Ասպարէզ», 9 Փետրուար, 2011): Այս աշխատանքը կրնայ Հայ Դատի յաջողութեան բանալին դառնալ:
Արտաքին յարաբերութեանց գծով երկրորդ տեղը կը գրաւէ Եւրոպական Միութիւնը՝ իր բազմազան ու բազմապիսի ենթակառոյցներով: Ասոնց հետ հայերս անհատական յարաբերութիւն չենք կրնար ունենալ, եթէ չսխալիմ, բացի արդարադատութեան մէկ ատեանէն: Եւրոպայի մէջ ապրող հայերը, ինչպէս աշխարհի այլ վայրերու մէջ, իրենց ապրած երկիրի օրէնքներուն համաձայն կեանք մը կը վարեն եւ մարդէ մարդ կը յարաբերին իրենց շուրջիններուն հետ: Պաշտօնական յարաբերութիւնները կը պահեն պետական պաշտօնատարները, որոնք, բարեբախտաբար, ամէն բան գիտեն եւ պէտք չունին այլ կարծիք լսելու:
***
Բ. Ներազգային կացութեան քննարկում
Այս բաժինը պէտք է բաժնուած ըլլայ 3 մասերու.
ա. Ներ-սփիւռքեան կացութիւն եւ յարաբերութիւններ.
բ. Ներ-հայաստանեան կացութիւն եւ յարաբերութիւններ.
գ. Համահայկական խնդիրներ եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններ:
Առաջին բաժինը կ՛արժէ առանձին յօդուածի նիւթ դարձնել:
Երկրորդ բաժինը գրեթէ անծանօթ է ինծի, ուստի իմ հասկացողութենէս վեր է:
Կը մնայ երրորդը, որուն մասին պիտի փորձեմ կարգ մը խորհրդածութիւններ ընել:
Ինծի համար մեծագոյն մղձաւանջը ոչ թէ Ցեղասպանութեան 100 տարի ետքն իսկ տակաւին ճանչցուած չըլլալն է, այլ կարենալ իմ կեցուածքս ճշդելն է հայրենիքիս նկատմամբ: Սովետի օրով, սովետական հիւպատոսին երեսն ի վեր շատ դիւրին էր պոռալ. «Հայաստանը իմ հայրենիքս է, ես հայրենիքիս դէմ ուսուցում չեմ ըրած, չեմ ալ կրնար ընել. դուք՝ համայնավարներդ, այսօր հոն էք, վաղը կ՛երթաք, բայց Հայաստանը կը մնայ. Հայաստանը հայ ժողովուրդին ապագան է, մեր սրբութիւնն է, մեր երազը»: Երազը իրականացաւ, համայնավարները գացին, բայց ո՞վ եկաւ. այդ ո՞վը կը խարանէ միտքս, կը փոթորկէ էութիւնս, բայց չեմ կրնար ճշդել եկողին ինքնութիւնը, հետեւաբար, չեմ կրնար ճշդել նաեւ վարքագիծս անոր հանդէպ:
Իբրեւ հայ մարդ, չեմ կրնար Հայաստանի դէմ ըլլալ, եթէ ուզեմ ալ, դաստիարակութիւնս, անցեալս, զգացական աշխարհս թոյլ չեն տար: Առանց հայրենիքի ո՞վ եմ ես. եթէ մերժեմ հայրենիքս, մերժած կ՛ըլլամ հայութիւնս. եթէ հայ չեմ, հապա ի՞նչ եմ: Յաճախ կը մտածեմ համայնավարներուն պէս, ասոնց օրն ալ կու գայ, ասոնք ալ կ՛անցնին. անմիջապէս կը հակադարձէ միւս մտածումը, ինչ որ զոհողութիւն, նուիրում կ՛ըլլայ, ոչ միայն չ՛օգտագործուիր ի նպաստ հայրենիքին, հայրենի ժողովուրդին, այլ ճիշդ հակառակը՝ կ՛օգտագործուի հայրենի գաղափարախօսութիւնը քանդելու, հայ մարդուն հայրենասիրութիւնը ապականելու:
Ի մի բան, իրարու հետ չեմ կրնար հաշտեցնել հայրենի պետականութեան կայացման, ամրապնդման համար եղած ճիգը եւ իշխանաւորներուն ոչ միայն ապազգային, այլ հակազգային քաղաքականութիւնը:
Յուսալով, որ այսօրուան իշխանաւորներն ալ երկար չեն մնար, այսօրուան ամօթը շուտով կը չքանայ հայ ժողովուրդի ճակատէն՝ խօսինք կարգ մը իրողութիւններու մասին:
Հայրենիքը ամէնէն առաջ հող է, բայց հողը առանձին չի կրնար ժողովուրդ պահել, հողը պէտք է պտղաբերէ իր զաւակներուն քրտինքով. հայրենական օդին խառնուած պէտք է ըլլայ ազգ-գաղափարախօսութիւնը, ազգ-ոգին, որ ծնող մանուկը իր օրօրոցին մէջ իսկ անով տոգորուի: Հայրենիքը միտք է ու ստեղծագործութիւն, որ պէտք է ճառագայթէ ամէն քայլափոխի: Հայրենիքը հայերէն լեզու է, որ բիւրեղի պէս պէտք է հոսի իւրաքանչիւր հայու բերանէն: Հայրենիքը ազգ-գրականութիւն է ու երգ, որոնցմով պէտք է հրապուրուի ամէն միտք ու փոթորկի ամէն հոգի:
Հայրենիքը 5 աստղանի պանդոկ չէ միայն, ոչ ալ շքեղ մարմարաշէն կամ տուֆապատ պալատ, ճոպանուղի, դելֆինարիում միայն: Այս բոլորը հայրենիքի պերճանքը, զարդը կրնան ըլլալ, բայց իր սեղանին հաց չունեցողը, ցնցոտիներով պտտողը ի՞նչ պէտք ունի պերճանքի:
Որպէսզի ըսածներս յերիւրանք չթուին, փաստերը բերեմ իշխանութեան վերին սանդխամատներուն բազմած պաշտօնատարներէն: Վարչապետ Տ. Սարգսեան 25 Փետրուարի կառավարական նիստին կը յայտարարէ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Կառավարութիւնը մտահոգւում է արտագաղթի վերաբերեալ միգրասիոն ծառայութիւնից ստացուած թիւերից եւ հաստատել է յատուկ ծրագիր՝ ուղղուած արտագաղթի մակարդակի նուազմանը եւ բարենպաստ պայմանների ստեղծմանը հայրենակիցների վերադարձի համար»:
«Ժողովուրդը ինչո՞ւ կը գաղթէ» հարցումը չի՞ բաւեր բացատրելու համար ամէն բան: Պարոն վարչապետը ինծմէ լաւ գիտէ, թէ շատ աւելի դիւրին է արտագաղթը կանխել բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով, քան արտագաղթողը ետ բերել: Յարգելի վարչապետին վարակ դարձած արտագաղթին մասին՝ հաւնոցէն պակսող հաւերու մասին խօսելու նման խօսիլը զարմանալի չէ՞:
Այլ օրինակ. Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան վարչութեան պետ Ա. Եղիազարեան կ՛ըսէ. «Եթէ ուզում ենք նպաստել հայապահպանութեանը Սփիւռքում եւ ժողովրդագրական վիճակի բարելաւմանը Հայաստանի հանրապետութիւնում, պէտք է իրականացնենք հայրենադարձութիւն»: Հոս չեմ կրնար չանդրադառնալ հետեւեալ իրողութեան. այո պրն. Ա. Եղիազարեան, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութիւնը առաջին մտահոգութիւնն է գիտակից հայուն, որովհետեւ հայութիւնը գերագոյն արժէք է: Պէտք է գալ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ ճիգ կը թափուի ատոր համար: Հայկական դպրոց յաճախող աշակերտներուն մեծամասնութեան ծնողները, բառացիօրէն, իրենց հացէն կը զեղչեն, դպրոցական կարիքներուն հասնելու համար: Պէտք է տեսնել ի՜նչ կամաւոր աշխատանք կը տարուի Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ: Ի՜նչ դժուարութիւններով կը պահուին մշակութային միութիւնները. մարդկային, նիւթական որքա՜ն ուժ ու ժամանակ կը սպառի մարմնամարզական-պատանեկան միութիւնները ոտքի պահելու համար: Որքանո՞վ կը յաջողին այս բոլորը. պէտք է ուսումնասիրել անցած 96 տարիները՝ պատասխանը գտնելու համար: Իսկ ի՞նչ կ՛ընէ հայրենիքը Սփիւռքի հայապահպանութեան համար: Սովետները ստեղծեցին Մշակութային կապի կոմիտէ, որ գործեց խտրականութեամբ եւ պառակտում ստեղծեց, իսկ այսօրուան Սփիւռքի նախարարութեան առաջնահերթ նպատակը իշխանութեան քաղաքականութիւնը Սփիւռքին ընդունելի դարձնելն է:
Գիտեմ, շատեր ապերախտ պիտի ըսեն. հոգ չէ, բազմաթիւ մեղքերուս վրայ այդ մէկը հոգ չէ: Հիմա դառնանք միւս երեսին: Ձեր իսկ բառերով, Հայաստանի ժողովրդագրական վիճակը պէտք ունի բարելաւման: Այսինքն, Սփիւռքի մէջ հայը կը ձուլուի, Հայաստանի մէջ հայը կ՛արտագաղթէ. ի՞նչ է տարբերութիւնը, երկու պարագային ալ հայը կը հեռանայ հայութենէն: Տակաւին աւելին կայ. Հայաստանի մէջ ապրիլը իրաւունք չի տար հայ ըլլալու: Օտար մըն ալ կրնայ Հայաստան ապրիլ. հայութենէն պարպուածները ո՞ւր ալ ապրին, նո՛յն են. անկախութիւնը հայհոյողները, սովետական վարչակարգը օրհնողներն ու փնտռողները որքանո՞վ հայ են. հայերէն խօսիլը պայման չի կրնար ըլլալ հայ ըլլալու (օտարներն ալ կրնան հայերէն սորվիլ, գրել ու խօսիլ, ան ալ՝ աղճատուած, խեղաթիւրուած, օտար բառերով ու շունչով յագեցած, գունաթափած, աննկարագիր հայերէն մը. Մ. Նալբանդեանի, Գամար Քաթիպայի 150-160 տարի առաջուան հայերէնը, շա՛տ աւելի հայերէն էր, քան հիմակուանը):
Այո, յարգելի Ա. Եղիազարեան, Հայաստանն ալ պէտք ունի հայապահպանութեան: Հայաստանի դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ որքանո՞վ ուսումնասիրուած, ծրագրուած ձեւով տեղ ունի ազգ-գաղափարախօսութիւնը, որքանո՞վ մաքրաջրուած է սովետներու օրով նենգափոխուած մեր վերջին գոնէ երկու դարերու պատմութիւնը: Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատունը» դպրոցներուն մէջ արգիլելով (յիշեցէք Աշոտ Բլէեանը) աշակերտը չի հայանար: Օտարալեզու դպրոցներու օրէնքի ընդունումէն ետք, օր մը (ինչպէս սովետի օրով), Հայաստանէն եկած կարգ մը աշակերտներ Լոս Անճելըսի մէջ Ա. Բ. Գ. պիտի սորվին:
Հիմա վերադառնանք հիմնական խնդիրին: Ուրեմն իրապէս Հայաստանի ժողովրդագրական վիճակը լաւ չէ եւ պէտք ունի բարելաւման: Երբ «միգրասիոն» օրէնսդրութիւնը յստականայ եւ վաւերացուի Ազգ. ժողովին կողմէ (Աստուած գիտէ երբ), Ա. Եղիազարեան կը յուսայ, որ տարեկան առաւելագոյնը 2000 մարդ պիտի ներգաղթէ Հայաստան: Մինչ այդ, տարեկան (ռուսական յատուկ ծրագիրով մը՝ հիմնուած 2005ին) շուրջ 6000 հայ կ՛արտագաղթէ միայն Ռուսիոյ ծայրագոյն նահանգները: Եկո՛ւր եւ բարելաւէ ժողովրդագրական վիճակը: Օրէ օր, ժանտախտէն փախչելու պէս, Հայաստանի ժողովուրդը կը հեռանայ երկրէն. օրէ օր ժողովուրդ-իշխանութիւն կ՛օտարանան իրարմէ, նոյնիսկ կը թշնամանան, ժողովուրդը ինքզինք հիւր կը զգայ իր տան մէջ: Խնդիրներու լուծումը հեռանալուն մէջ կը փնտռուի: Ծնողներ իրենց զաւակներուն գալիքը օտարութեան մէջ կը տեսնեն: Երիտասարդներ, փոխանակ ընտանիք կազմելու, իրենց միտքով, ծրագիրներով օտար երկինքի տակ կ՛ապրին: Սփիւռքը օրէ օր կը խորթանայ, կ՛անտարբերի, կը տառապի: Այս վիճակը Ցեղասպանութեան մէկ տեսակն է, Համաշխարհայնացման, ազատ շուկայականութեան պարգեւը, որուն յառաջապահները երկրին իշխանաւորներն են՝ սկսած անկախութեան առաջին օրերէն: Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է, անոր գոյնը կրնայ վարդագոյն, կանաչ կամ ճերմակ ըլլալ:
Պրն. նախագահը մարզպետներուն դաս տուած ատեն կ՛ըսէ. «Ես համոզուած եմ դուք էլ էք համոզուած, մարդիկ դժուարութիւնների հետ կարող են համակերպուել եւ միշտ չէ որ դժգոհութիւնն շատ մեծ կը լինի: Դժգոհութիւնը մեծ է լինում այն դէպքում, երբ զրկուած են լինում լսուած լինելու հաւասար հնարաւորութիւնից»:
Պրն. նախագահ, մարզպետները ի՛նչ սորվեցան, Ձեզմէ սորվեցա՛ն: Դուք ինչո՞ւ չլսեցիք ժողովուրդին ձայնը, երբ ան միաբերան եւ բարձրաղաղակ դէմ արտայայտուեցաւ օտարալեզու դպրոցներու ծրագիրին: Դուք ինչո՞ւ չլսեցիք եւ մինչեւ այսօր չէք լսեր Սփիւռքի 7.5 միլիոն հայրենակիցներուն ձայնը եւ Ձեր ստորագրութիւնը չէք քաշեցիք, ու ըստ Ձեր արտ. գործ. նախարարին՝ մինչեւ այսօր ալ պատրաստ էք զայն հաստատելու փրոթոքոլներուն տակ: Ո՞ր «խելամիտ ժամկէտ»ին կամ «տեսանելի ապագային» կը սպասէք: Այդ ստորագրութիւնը, պատմութեան Ձեր ճակատին դրած մեծագոյն ամօթը պիտի ըլլայ: Բժիշկ, բժշկեա՛ զանձն քո:
Վերջացնելու համար ըսեմ, որ այս վերջին տարիներուն մենք զբաղած ենք խօսելով, խօսելով, խօսելով… Եթէ գործերը խօսելով առաջ երթային, մարդուն ըսածին պէս՝ «ինծմէ ալ պղինձ մը փիլաւ»: Չեմ ըսեր պէտք է համրանանք: Անշուշտ ծրագրումներ, որոշումներ՝ ժողովներով, խորհրդածութիւններով կ՛ըլլան:
Պէտք է հրաժարինք գիտաժողովներու, համագումարներու, խորհրդաժողովներու եւ մասամբ նորին մեծ մասէն: Մեր ժողովները պէտք է դադրին ընդհանրական եզրակացութիւններ տալէ: Պէտք է յստակ որոշումներ առնուին, գործադրութեան եղանակները եւ գործադրողները ճշդուին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, օրինակ, առած է շատ իմաստուն որոշում մը՝ քուէն ուժի վերածել: Այո՛, կաթիլ-կաթիլ կարելի է քար ծակել, բայց ատիկա երկար ժամանակ կ՛ուզէ եւ մենք այդ ժամանակը չունինք: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ. «Մինչեւ առուակը ջուր գայ, գորտին աչքը դուրս կու գայ»: Պէտք է գործնական ըլլալ եւ գործին մէջ քիչ մը չարութիւն խառնել: