ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Կեանքի ընթացքին, երբեմն տարօրինակ զուգադիպութիւններ կը պատահին եւ, զարմանալին հոն է, որ անոնք երբեմն ճիշդ դուրս կուգան:

Օրինակ. մահ եւ վերածնունդ. հակադիր իմաստներ զորս, վերջին հաշուով, տրամաբանական կը գտնենք: Մահը եւ յարութիւնը, կամ յարութեան զատիկը, թէեւ, տրամաբանական կարգով, իրարու կը յաջորդեն, այսուհանդերձ որքան ալ փորձենք, տրամաբանական ոչինչ կը գտնենք Եղեռնին մէջ: Ո՛չ ալ յարութեան: Այս մտածումները կ՛ունենանք, որովհետեւ այս տարի Ապրիլի 24ը նաեւ Յարութեան Զատկի օրն է: Ստուգումէ ետք, տեսայ թէ նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ յառաջիկայ տարի, 2012ին: Արդեօ՞ք դիպուած է այս մէկը, թէ թաքուն իմաստ մը ունի: Կեանքի, մահուան եւ յարութեան շարքը եթէ նկատի ունենանք, բաւական մօտ է մեր պատմութեան: Արդեօ՞ք պատմութիւնը մեզի բան մը կը յուշէ:
Ճիշդ է, որ պատմութիւնը կը շարունակուի: Բայց, այս տարի, կարծէք սեպ մը մխուեցաւ մեր պատմութեան շարունակականութեան մէջ: Իննսունվեց տարուան յղութենէ ետք, ծնաւ վիժուկ մը, որ մեր ներկայ հոգեկան վիճակն է: Այսինքն, յուսալքում մը, որ դժուար թէ հայուն հոգեկանէն դուրս գայ: Ամբողջ տարի մը յաջող ելքի մը սպասելէ ետք, գոհացանք մեր ստացածով: Ոչ միայն այդ՝ այլեւ սկսանք նախագահ Օպամայի դիրքը այս հարցին մէջ հասկնալ եւ զայն արդարացնել:
Այսքա՞ն տկար եւ անվստահ ենք մենք: Իւրաքանչիւր հայ ինք թող պատասխանէ այս հարցումին:
Այս տարուան ընթացքին էր, որ ԱՄՆ նախագահը անգամ մը եւս չգործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը եւ զայն դարձեալ փոխարինեց «եղեռն»ով: Սխալ չէ. բայց ան միայն մէկ երեսը կու տայ ամբողջ ողբերգութեան: Եւ յետոյ. եղեռն բառը չի կրնար քաղաքական ոճիր նկատուիլ: Եղեռնը ճակատամարտ մըն է, մինչ ցեղասպանութիւնը՝ պատերազմ: Թուրքը չի գիտեր. Նախագահ Պարաք Օպամա՞ն ալ չի գիտեր ճակատամարտի եւ պատերազմի տարբերութիւնը: Իսկ մենք՝ գիտենք: Նոյնիսկ եթէ ճակատամարտը շահինք, մեր առաքելութիւնը կիսատ կը մնայ: Պէտք է, որ պատերազմը շահինք:
Այսպէս, քիչ մըն ալ քաշքշելով մեր պահանջատիրութիւնը, արդէն ժամանակը կը թաւալի եւ երբ յաջորդ առիթը ներկայանայ, երբ արդէն մեր ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին հայութիւնը հետզհետէ նօսրանայ, ան շուտով կ՛անհետանայ: Այս բոլորէն ետք, լացն ու կոծը օգուտ չունին այլեւս: Մեր ինքնարդարացումները կը դառնան «ձայն բարբառոյ յանապատի»:
Եւ նոյնիսկ եթէ մէկ-երկու տարի գիշեր-ցերեկ ամբողջ ազգով նստինք Մոնթեպելլոյի եղեռնի յուշարձանին շուրջ, ոչինչ կը փոխուի կացութենէն: Ոչ ոք պիտի մօտենայ մեզի ցաւակցելով, ոչ ոք պիտի ըսէ «ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ ձեզի, կը փափաքիմ ձեր ցաւը կիսել, եւայլն …»
Այս ըսելով սակայն, մինչեւ վերջին վայրկեանը պէտք է դիմանանք եւ . . . աւելին: Կ՛ուզենք որ մեր անունը մնայ պատմութեան էջերուն վրայ՝ իբրեւ քաջ եւ խիզախ ժողովուրդ, որ կը ճանչնայ իր իրաւունքները եւ պահանջատէր կը մնայ: Որովհետեւ չի մոռնար, որ անդին բանակ մը կայ զոհերու, որ ահա գրեթէ դար մը կ՛ընէ որ, այլեւս յոգնած եւ սպառած, չի կրնար պոռալ, ոչ ալ լալ, որովհետեւ այլեւս արցունք չունի, աչքերը ցամքած են: Ես ինծի հարց կու տամ. «արդեօք դեռ որքա՞ն եւս պիտի կրնանք դիմանալ, որպէսզի . . . որպէսզի ի՞նչ ըլլայ . որպէսզի դարձեա՞լ ծայրէն սկսինք լալ եւ ողբալ:»
Ողբալ մեր բախտին, մեր ճակատագրի՞ն վրայ: Բայց կ՛ըսեն, թէ ժողովուրդները իրենք կը ստեղծեն իրենց ճակատագիրը, կամ անոնք արժանի են այդ ճակատագրին: Այս խօսքերը արդեօ՞ք միայն մեզի կը վերաբերին: Մերինէն ետք, կարգ մը ուրիշ ցեղասպանութիւններ ալ եղան, Ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ: Ամբողջ աշխարհ իրար անցաւ:
Արդեօ՞ք մեր ցեղասպանութիւնը շատ կանուխ տեղի ունեցաւ եւ մարդիկ ու պետութիւններ սկսան մոռնալ զայն. կամ հայերը այնքան աննշան հաւաքականութիւն են, որ չ՛արժեր անոնցմով զբաղիլ: Եւ եթէ շարունակենք լսել սոյն գաղափարը, մենք եւս պիտի սկսինք հաւատալ ըսուածներուն: Եւ մտածել որ թերեւս թուրքերը իրաւունք ունին. թերեւս այդ անիծեալ յանձնաժողովի դատողութեան պէտք է յանձնել մեր թղթածրարը: Եւ վստահ ենք՝ այն օրը որ թուրքը հաստատէ մեզի պատահած չարիքը, ամէն մարդ կը սկսի հաւատալ եղելութեան: Մանաւանդ Ամերիկան, Միացեալ Նահանգները՝ ըսել կ՛ուզեմ: Անոր կը հետեւին Իսրայէլը, Եւրոպան եւ բոլոր անոնք որոնք կ՛ուրանային մինչեւ այսօր 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը. պատմաբաններու կողմէ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Մեր պահանջածը մեծ նուէր մը չէ: Մեր արդար իրաւունքն է, որուն վերադարձը մեզի՝ մեր ազգին նոր շունչ պիտի տայ: Թուրքը մեզի հսկայ պարտք ունի տալիք: Եւ պարտքը կը մեծնայ տարուէ տարի, մանաւանդ եթէ անոր բարդենք իննսուն տարուան տոկոսը, առանց մոռնալու մեր հողերուն փոխարժէքը:
Կրնանք երազել, չէ՞: Պէտք է ըլլալ լաւատես, եւ մանաւանդ պայծառատես: Այստեղ կը յիշեմ մեր մեծագոյն զոհերէն՝ Դանիէլ Վարուժանի հետեւեալ տողերը.
Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
Երբոր Երազը կ՛ապրի,
Երբոր Երազն անմահ է:
(«Նեմեսիս»)
Գիտենք նաեւ որ Զատիկը գարնան կու գայ եւ նշան է վերածնունդի: Նշան է նաեւ կեանքի յաղթանակին՝ մահուան վրայ: Ուրեմն աղբիւր է յաւիտենական կեանքի: Ուրեմն Զատիկը կը նշանակէ զոհ եւ միաժամանակ յաւիտենական կեանք, որ նաեւ իր հետ վերածնունդ կը բերէ:
Ապրիլ-Դեկտեմբեր 2010ի «որան» պարբերաթերթը ուշացումով ստացայ Յունաստանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանէն: Հոն հաճոյքով տեսայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ Արամ Ա. կաթողիկոսի գրութիւնը, փոխան խմբագրականի, որու խորագիրն էր . «Քրիստոսի Յարութիւնը՝ Աղբիւր Յաւիտենական Կեանքի», որուն կը հետեւէր հետեւեալ խօսքը. «Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՛առնէ մեռելներու յարութիւնը» (Ա. Կորնթ. 15-21): Իսկ գրութեան առաջին երկու տողերը կ՛ըսէին հետեւեալը. «Քրիտոսի Յարութեան տօնը փառաբանանքն է մահուան վրայ տարած կեանքի յաղթանակին:» Նոյնպէս, հայուն ձախողած բնաջնջումը ցուցանիշն է մահուան վրայ տարած իր կեանքի յաղթանակին:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մենք շարունակեցինք ապրիլ. մենք վերապրեցանք զատկական «վերածնունդով», ինչպէս բնութեան գարունը: Թէեւ տարբեր շարունակական սերունդներով, բայց եւ այնպէս ապրեցանք. չմեռանք: Մենք կը մեռնինք այն ատեն, երբ մե՛նք որոշենք մեռնիլ: Կը մեռնինք այն ատեն, երբ մոռնա՛նք մեր հայութիւնը, մեր լեզուն: Նաեւ հայ ժողովուրդը գարնան պէս է, հազիւ ձմեռը մեռնի՝ ան կը վերածնի: Այս պարագային, մենք կ՛ուրախանանք, բայց մեր թշնամիները կը սգան: «Այս անգամ ալ չեղաւ», կ՛աւաղեն անոնք: Ահա այսպէս է, որ ցեղասպանութեան գերագոյն իմաստը վերածնունդն է: (Ահա՛ oxymoron մը եւս:)
Ժողովրդական ասացուածքը կ՛ըսէ. «մազերդ յաճախ կտրէ, որպէսզի անոնք առատ վերադառնան:» Սուրբ Գիրքը կ՛ըսէ. մինչեւ որ ցորենի հատիկը չիյնայ հողին էջ, նորը չի ծնիր (կամ մօտաւորապէս): Իսկ մենք կ՛ըսենք. «մենք պատրաստ ենք մեռնելու, պայմանաւ որ եթէ դարձեալ հայ ծնինք՝ ծնինք բազմապատկուած թիւով, փոխարինելու համար անցալ դարերու մեր կորսնցուցած զոհերը:»
Այն ատեն կ՛ըլլանք անպարտելի եւ անմահ: