
ԵՐԵՒԱՆ.- Աջակողմեան ու մարմնակրթութեան մասնաշէնքերու հիմնանորոգումով եւ կահաւորումով, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը ամբողջականացուցած է ԼՂՀ Հադրութի շրջանի Տող գիւղի միջնակարգ դպրոցին ծրագիրը: Աշխատանքները իրականացած են երկու փուլերով, եւ իբրեւ արդիւնք՝ հիմնովին բարեկարգուած է 1560 քմ. մակերես գրաւող ընդարձակ դպրոցը: Առաջին փուլը իրականացուցած է հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբը, իսկ երկրորդը՝ «Հեռուստամարաթոն-2008»ը:
Իր 50 ամեակի նախաշեմին, դպրոցը նոր պայմաններով ու նոր տեսքով կը ներկայանայ համայնքին: Այստեղ կը գործէ նաեւ արուեստի կեդրոն, որ նախատեսուած է ինչպէս Տողի, այնպէս ալ մօտակայ տասը գիւղերու շնորհալի պատանիներուն համար: Մարզական նոր մասնաշէնքի առկայութիւնը պիտի ամբողջացնէ եւ լիարժէք դարձնէ դպրոցականներուն ուսումնական առօրեան:
Մայիս 24ին, տեղի ունեցաւ դպրոցի երկրորդ մասնաշէնքին պաշտօնական բացումը: