ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը անցեալ ամիս ամօթալի ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ):
Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ ներկայացած էր աւելի շատ իրբեւ Թուրքիոյ լոպիիստ, քան ԵԽԽՎի նախագահ, գովաբանական շռայլ խօսքերէ ետք, Էրտողանը հրաւիրեց բեմ: Չաւուշօղլու, իշխող Արդարադատութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:
Իր երկար ելոյթին մէջ, վարչապետը անամօթաբար Եւրոպայի խորհրդարանականներուն համար ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան դասեր տուաւ: Հաշուի առնելով իր երկրին մէջ Մարդու իրաւունքներու ոլորտի տխուր պատկերը՝ Էրտողան պէտք չէ բարձրացնէր նման հարցեր: Յայտարարելով, որ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը «կենսական է Եւրոպական Միութեան» համար՝ ան իբրեւ «յիմարներ» բնութագրեց այն մարդիկը, որոնք դէմ են Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան՝ «պոպուլիստական եւ շինծու պատճառներով»:
Հանդէս գալով իր կառավարութեան ձեռքբերումներուն մասին կասկածելի եւ ուռճացուած շարք մը յայտարարութիւններով՝ Էրտողան հաւաստիացուց, թէ «Թուրքիան իրականացուցած է պատմական բարեփոխումներ, յատկապէս՝ ժողովրդավարացման ոլորտին մէջ…: Կառավարութիւնը նաեւ աշխատանքներ տարած է ազատութեան սահմանափակումները վերացնելու ուղղութեամբ: Վերջին տասնամեակին, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդուած է եւ շատ հարցեր, որոնք տասնամեակ մը առաջ փակ էին քննարկուելու համար, այժմ կը քննարկուին ազատօրէն: Խոշտանգումներու նկատմամբ զերօ-հանդուրժողականութիւն կայ, իսկ ազատ արտայայտուելու խոչընդոտները վերացուած են: Ոմանք կը պնդեն, թէ ազատ խօսքի սահմանափակումներ գույութիւն ունին, սակայն ատիկա չի համապատասխաներ իրականութեան… Մամուլը ազատ է եւ ազատօրէն կը քննադատէ բոլորը…: Թուրքիոյ մէջ 26 լրագրող բանտարկուած կամ ձերբակալուած են՝ յանցագործ ըլլալու պատճառով, եւ ոչ թէ անոր համար, որ լրագրող են»: Այս անհաւատալի խօսքերը արտասանուեցան վարչապետին կողմէ… մարդ մը, որ մէկ վայրկեան իսկ չյապաղեցաւ դատի տալու այն թերթերը, որոնք իր ծաղրանկարը հրապարակած էին:
Երբ Էրտողան աւարտեց իր ելոյթը, Չաւուշօղլու փրկեց զայն ծանր կացութենէ՝ արտօնելով խորհրդարանական անդամներէն միայն քանի մը հատին, 30 երկվայրկեանուան ընթացքին ուղել իրենց հարցերը:
Էրտողան դժգոհեցաւ, երբ զուիցերիացի խորհրդարանական Անտրէաս Կրոս յիշեցուց «Թուրքիոյ պատմութեան մութ կողմը»՝ անոր հարցնելով, թէ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք ինչո՞ւ կը հետապնդուէր խօսքի ազատութեան իրաւունքէն օգտուելուն համար:
Ի պատասխան խորհրդարանական Անն Պրասիւրի (Լիւքսեմպուրկ) հարցումին՝ Թուրքիոյ մէջ գրաքննութեան մասին, վարչապետ Էրտողան յայտարարեց, թէ թրքական «դատարանները անկախ են եւ իրաւունք ունին հետաքննութիւնն իրականացնելու՝ ըստ իրենց հայեցողութեան»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան հարցուց Էրտողանին, թէ ի՞նչ էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արձանագրութիւններու ստորագրման նպատակը, եթէ Թուրքիա պատրաստ չէ բանալու Հայաստանի հետ սահմանը, այնքան ատեն որ չէ լուծուած Արցախի հակամարտութիւնը:
Վարչապետը պատասխանեց, թէ Թուրքիան չի կրնար Հայաստանին արտօնել «ապօրինաբար խլել ատրպէյճանցիներէն իրենց իրաւունքները», եւ իսկապէս Հայաստանի հետ սահմանը փակ պիտի պահէ, մինչեւ որ լուծուի Ղարաբաղի հարցը: Ապա, Էրտողան հանդէս եկաւ շարք մը արտառոց յայտարարութիւններով: Ան անզգալաբար յիշեցուց եւրոպական լսարանին, Թուրքիոյ կողմէ 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու տեղահանման մասին՝ նշելով, որ թէեւ Թուրքիան կրնայ, սակայն տեղահան չ՛ըներ փաստաթուղթ չունեցող 40,000 հայաստանցի աշխատողներ: Ան նաեւ իր դժգոհութիւնը յայտնեց այն բանին համար, որ Հայաստանը բաւականաչափ ճնշում չի գործադրեր Սփիւռքին վրայ: Վարչապետը հաւանաբար մոռցած է, որ Եւրոպայի մէջ ապրող միլիոնաւոր ապօրինի թուրքեր նոյնպէս կրնան արտաքսուիլ: Էրտողան զգուշօրէն խուսափեցաւ Կարսի Հայ-թրքական բարեկամութեան յուշարձանը քանդելու իր անձնական հրամանին մասին՝ Ռուստամեանի հարցումին պատասխանելէ:
ԵԽՎՎի նիստի առաւել ամօթալի մասը Էրտողանի կոպիտ պատասխանն էր ֆրանսացի խորհրդարանական Միւրիէլ Մարլանտ-Միլիթելոյի՝ Թուրիքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին հարցումին: Էրտողան վիրաւորեց կինը՝ նշելով, որ թրքերէն լեզուով տգէտ մարդը կը բնութագրուի իբրեւ «անձ մը Ֆրանսայէն», ուրկէ էր նաեւ ինք: Ան կինը հրաւիրեց Թուրքիա, ուր վերջինս կրնար պատկերացում մը կազմել երկրին մասին: Ի տխրութիւն Էրտողանի, պարզուեցաւ, թէ Մարլանտ-Միլիթելօ շատ աւելին գիտէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մասին, քան ինքնին վարչապետը: Մարլանտ-Մլիթելօ յաջորդող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բացայայտեց, թէ ինք կը սերի հայ ընտանիքէ մը, որ փախած էր Թուքիայէն Ցեղասպանութեան ժամանակ: Էրտողան նաեւ կեղծօրէն յայտարարեց, թէ Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ «այժմ բաց է պաշտամունքի համար»: Փաստն այն է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եկեղեցին վերածած էր պետական թանգարանի՝ արտօնելով, որ այնտեղ Ս. պատարագ մատուցուի միայն մէկ անգամ:
ԵԽԽՎի մէկ այլ անդամ՝ Նաիրա Զոհրաբեան, որուն Չաւուշօղլու թոյլ չտուաւ յղել իր հարցումը, նիստէն ետք, հետապնդեց Էրտողանը միջացքին մէջ, եւ մէկ կողմ հրելով թիկնապահները՝ անոր յանձնեց Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած հայ մանուկներու լուսանկարներուն ալպոմը:
Մինչ վարչապետը կրնայ հեշտութեամբ տպաւորել իր երկրի բարեպաշտ հետեւորդները, ան ամբողջութեամբ ամօթալի դրութեան մէջ դրաւ ինքզինք Սթրազպուրկի մէջ ԵԽԽՎին տուած իր ելոյթին ընթացքին: Նկատի ունենալով անոր ամպագորգոռ թիւր յայտարարութիւնները՝ կարելի է յուսալ, որ Էրտողան յաճախակի ելոյթներ ունենայ եւրոպական լսարաններու առաջ, քանի որ այդպիսով ան պիտի օգնէ համոզել զանոնք, թէ Թուրքիան չի պատկանիր Եւրոպային:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր